Յովիկ Թրթռեան կը գրէ.
14 օրեր անցան Քէսապի ազատագրումէն: Ընդամէնը 87 օրեր Քէսապը մնաց զինեալ խմբակներու լուծին տակ: Այդ ընթացքին եղան կողոպուտներ՝ տուներու, խանութներու, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձան բոլոր քրիստոնէական աղօթարանները եւ մշակութային կարգ մը կեդրոններ:
Երկար պիտի չնկարագրեմ: Արդեն դիմատետրի մէջ զետեղուած են բազմաթիւ նկարներ ու վիտիոյ երիզներ, որոնք շատ աւելի խօսուն են:
Պիտի փորձեմ անդրադառնալ այս մարդկանց ապրելաձեւի եւ մտածելակերպի մասին. ուրեմն՝ Քէսապը գրաւելէ ետք, Սուրիական իշխանութիւնը անջատեց ելեկտրական, հեռաձայնային, բջիջային եւ ջրամատակարարման ցանցերը: Հետեւաբար զինեալները վստահեցան ելեկտրական շարժակներու, որոնք գոյութիւն ունէին քէսապի կարգ մը տուներէն ներս եւ քանի մը տուն միասին դուրսէն ելեկտրական թելեր կապելով ելեկտրական պզտիկ ցանցեր շինած են՝ գործածելով գիւղի տուներուն մազօթները, իսկ ջուրը ապահոված են ջրհորներէ: Գալով ուտեստեղէնի, անոնց մեծ մասը թրքական արտադրութիւն են՝ տուփի մսեղէններ եւ անուշեղէններ:
Անդրադառնալով զինեալ խումբերու պատկանելիութեան. հիմնական ուժերը ճէպհէտ Նուսրայի եւ Ահրար Շամի խմբակներն են, որոնք ունին տարբեր անուններ: Օրինակ միայն Չաքալճըքի շրջանը կար երկու խմբակ՝ Թաճամմոհ Նասրադ ալ Մազլում, որ կը պատկանի Ահրար Շամի, որ վերջերս կրատ տիպի հրթիռներ արձակեց Քէսապի վրայ եւ Ալ Պադար խմբակը, որ կը պատկանի լիպիական ծայրայեղական խմբակի մը: Կ’ըսուի թէ ան ենթակայ են Տահէշի:
Թերեւս այսպիսի 50-է աւելի խումբեր կան, որոնք յարձակեցան Քէսապի վրայ, բոլոր տուները մտան, դռները կոտրելով եւ մեծ մասը բնակուեցաւ իրենցմով: Եթէ մօտաւորապէս 4000 բնակարան կայ Քէսապ մէջ եւ եթէ առնուազն կէսը բնակուած էր զինեալներու կողմէ, ինչ որ կենթադրուի 10000 զինեալներ կային Քէսապի եւ իր շրջաններոն մէջ: Անշուշտ բոլոր յիշատակած թիւերս գուշակութիւններ են: Անդրադառնալով քէսապցիներու կրած վնասներուն, տակաւին յստակ թիւեր չկան: Բայց բոլոր տուներն ալ վնասուած են եւ մասամբ կողոպտուած: Իսկ ամենէն ցաւալին փլած եւ այրած տուներն ու խանութներն են: Եթէ արագ կերպով գաղաբար մը պիտի ունենանք, կրնամ հաստատել, որ տուներուն հարիւրէ ինիսունը եւ աւելին դուրսէն որեւէ վնաս չէ կրած եւ կամ չէ այրած: Առաւելաբար կռուի գօտիները եղած են քանդումներ. հիմնականը Էքիզոլուք, Տափասա եւ դէպի Չալմա գացող ճամբան:
Անդրադառնալով զինեալներու ապրելակերպին՝ նկատելի էր, որ կարգ մը տուներու մէջ կար իսլամական իգական սեռի պատկանող հագուստներ, Ինչ որ կը նշանակէ նաեւ կիներ եկած եւ ապրած են կարգ մը տուներու մէջ:
Ընդհանրապէս տուներուն առարկաներուն մեծ մասը ուղղակիօրէն վնասի չեն ենթարկուած, որովհետեւ չեն պատռած կամ դիտաւորեալ կտրտած տան կարասիները, նաեւ նկատելի է, որ թապլոները (գծագրութիւն, իւղաներկ կամ պատկեր) համարեա բոլորը վերցուցած են: Օրինակ մեր տունը մեկ հատ ձգած էին կախուած, ան ալ իրենց ստեղծագործութիւններով եւ սխրանքներով հարստացուցած (տեսնել նկարը): Տունը գտնուող բոլոր ընտանեկան նկարները, որոնց մէջ կնկայ կամ աղջկայ նկարներ կար մեծ մասը կտրած էին մկրատով, իսկ մնացիալը անհետացած, միայն փոքրիկներով նկարները բան մը չէին ըրած1 Հօրս որսի նկարները, որոնք մաշեր էին դիտուելէ, հաւանաբար մեր տան մէջ կային որսորդներ: Հօրս ձուկի կարդերը ու թելերը գործածուած էին եւ սպառած: Մեծ մասամբ քրիստոնէական բոլոր խորհրդանիշները տան մէջ կտրտած էր՝ խաչ, Մարիամ Աստուածածին, նոյնիսկ տունը թապլօ մը կար քանդակուած տախտակի վրայ, որուն վրայ կար Մեսրոպ Մաշտոցը, միայն դէմքը աւրած են՝ կարծելով թէ Յիսուսի Քրիստոսի նկարն է, ինչպէս նաեւ Աւետարանը պատռած են եւ մեզի քանի մը օրինակ իսլամական Ղուրան ձգած էին1
Ինչ կը վերաբերի պարտէզներուն համարեա բոլոր գործիքները պարտէզի դեղելու սարքերը, դեղերը, հերկելիքները, թրագթորները մեծ մասամբ գողցուած էին: Կ’ենթադրուի որ այս մէկը եղած է Սուրիացի թուրքմեններուն կողմէ, որոնք փախած էին Քէսապէն եւ բոլոր շրջաններէն, ուր որ կը գտնուին Սուրիական իշխանութեան տակ:
Որպէս վերջաբան ազատագրուած Քէսապը այսօր պէտք ունի համայն հայութեան նիւթական օժանդակութեան: Քէսապցին իր տունէն առաջ իր պարտէզը կը փորձէ փրկել, որուն եկամուտով կրնայ վերականգնել իր տունը:Պէտք է բոլոր պահ դրուած գումարները, որոնք ուղղուած են Քէսապահայութեան, անյապաղ փոխանցել Քէսապ, վաղը ուշ է:
«Քեսապ Երիտասարդական Միութիւն / Kessab Youth Union»-ի դիմատետրի էջ