KANTSASAR – «Գանձասար»-ի յարգելի ընթերցողներ եւ աշխատակիցներ,
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ յառաջիկայ օրերուն Քեսապ աւանը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի ծաղկուն ու շէն դիմագիծը։ Ս․ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, Շաբաթ 16 Օգոստոսի յետմիջօրէին տեղի պիտի ունենայ Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Ս․ Խորանի սրբապատկերի օծումը։
Կիրակի 17 Օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ս․եւ անմահ պատարագ եւ խաղողօրհնէք։
Տօնակատարութեանց կրնաք հետեւիլ «Ռատիօ Երազ»ի ուղիղ սփռումով։
Վերջին Լուր․ Քեսապ
Այսօր, 15 Օգոստոս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 2։30-ին Բերիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Եպս․ Սարգիսեան, Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ քահանայ հայրերու ընկերակցութեամբ հասաւ Քեսապ աւան, նախապատրաստուելու Ս․Աստուածածնայ վերափոխման տօնին։
Յիշենք, որ վաղն ու Կիրակի օր Քեսապի մէջ տեղի պիտի ունենան Ս․Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններ, Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ խորանի սրբապատկերի վերաօծում եւ խաղողօրհնէք։