Հալէպի նահանգապետը Կարմիր Մահիկի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութիւններու ենթայանձնախումբերուն գործակցութեամբ ընթացք տուաւ մարդասիրական օժանդակութիւններ պարունակող 23 բեռնատարներու մուտքին դէպի Հալէպի հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններ։ Նահանգապետը հաւաստիացուց, թէ մարդասիրական նմանօրինակ օժանդակութիւններ պիտի ուղարկուին Հալէպ նահանգի բոլոր շրջանները։

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»ի ՖԲ էջ