kantsasar.com – Անհաւատալի, բայց իրաւ…
Քաղաքը խուճապահար կը տնքայ, կը տուայտի ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի տագնապով, անակնկալ պայթումներու ահը կախուած կը մնայ օդին մէջ, մինչ Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանը երկրորդական աւարտող նոր սերունդ մը կը ներկայացնէ… Ինչպիսի՜ կայտառ տղաք ու աղջիկներ, կեանքով լեցուն, գեղեցիկ: Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ անոնք սրտատրոփ ու վախազդու տարի մը բոլորեցին, դպրոցի ճամբուն վրայ կամ տուներու մէջ ու մանաւանդ պետական քննութիւնները ներկայացուցած օրերուն:
81 հերոս կը զարդարէ բեմը, ու լեփ-լեցուն սրահը կը խայտայ: Արցունքոտ են աչքերը եւ ո՞վ կ՛ըսէ, թէ արցունքները միայն տխրութեան ու ցաւի հետեւանք են… Եւ ո՞վ կ՛ըսէ, թէ լացող հարազատները կ՛ամչնան իրենց արցունքներէն:
Ամբողջ տարի մը ծնողք, աշակերտ թէ կրթական մշակ դիմակալեցին ու յաղթահարեցին դժուարութիւնները:
Ասոնք այն տղաքն են, որոնք մոմի լոյսով, աննկուն կամքով ծրագիր պատրաստեցին ու ահաւասիկ կոկիկ ու զարդարուն մարտահրաւէր կը կարդան անլոյս, անջուր քաղաքին, անտարբեր, ձեռնածալ դիտող աշխարհին:
Հանդէսին ներկայացուած նիւթը մեր քաղաքն էր, Հալէպը… Վիրաւոր ու տանջահար, խաւար ու ծարաւ Հալէպը:
Զուլալ ու հեզասահ հայերէն լեզուի կողքին նկատելի էր արաբերէն լեզուի հնչիւններու, առոգանութեան յստակ ու կատարեալ իմացութիւնը… Համակարգիչի կոճակներուն, բջիջայինին գիտակ այս սերունդը հմտութեամբ կ՛իւրացնէ իր ապրած երկրին լեզուն ու կը կատարելագործէ գիտելիքներ:
Այս տղոց մէջ կան գաղթականներ, պայթիւններու ականատեսներ, երբեմն նոյնիսկ տուժածներ, բայց խրոխտ են եւ ինքնավստահ:
Աւանդութեան անցած ճեմարանի բացօթեայ հանդէսները դժբախտաբար երկու տարիէ ի վեր սահմանափակուած են «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ: Բեմին վրայ ճեմարանի շէնքին նկարը ներկայացնող պաստառը կը յիշեցնէ երբեմնի կառոյցը:
Սիրելի այս կառոյցը այժմ կը հեծէ ամայութեան մէջ, աշակերտներուն կանչերը, ուսուցիչներուն կոչերը խլացած են, մինչ վէրքերով լի Նոր գիւղը կքած է, վտարանդի է ճեմարանը, կիսաքանդ են անոր կառոյցները:
Աշակերտութիւնը երկու տարի է թափառականի հոգեբանութեամբ ափսոսանքով կ՛արտայայտուի իր դպրոցի կառոյցին մասին, նոյն ցանկութիւնը կը տիրէ բոլորին մօտ, վերադառնալ ճեմարան… Մինչ ճեմարանը բոլոր դժուարին պայմաններուն մէջ, բազմազան դժուարութիւններու դէմ յանդիման, հեռու նիւթական շէնքէն, իր առաքելութեան գիտակից կը շարունակէ գործել որպէս մտքի հնոց, կերտելով աննկուն կամքի տէր հայ մարդն ու սուրիացի քաղաքացին:
«Քրիստափոր ԻՖատեան» սերունդը տագնապի, բայց հերոս սերունդ է. ներկաները, հանդէս կազմակերպողները, բոլորը, բոլորը կոկիկ են, զարդարուն:
Անհաւատալի, բայց իրաւ…
Վիրաւոր քաղաքի բնակիչներն են ասոնք, գիշերները կը ցնցուին թնդանօթներու զարկերուն տակ, ցորեկները ամէն վտանգ աչք առած կը փորձեն լուծումներ գտնել առտնին, բազմազան հարցերուն, ջուր կը ճարեն, ելեկտրական հոսանքի միջոց կ՛ապահովեն ու նախնական մարդու պայմաններով, մարդու պէս ապրիլ կը փորձեն:
Վերջին զանգը հնչեց, բեմին վրայ շրջանաւարտները նետեցին գլխարկները, ժպիտ ու արցունք:
Անհաւատալի, բայց իրաւ…
Վարձքը կատար բոլորին:
Սերունդ մը եւս հասցուցիր ճեմարան, 67 սերունդ…
ԵՐԹԴ ԱՆՍԱՍԱՆ
ՎԱՍՏԱԿԴ ԱՆԽԱՓԱՆ
ՄՆԱՍ ԱՆՄԱՀ ՅԱՒԻՏԵԱՆ
ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
14/07/2014