kantsasar.com – Ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի չգո­յու­թեան տագ­նա­պը Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան բա­զում տագ­նապ­նե­րէն մէկն է, թե­րեւս ամե­նա­դիւ­րաւ լու­ծե­լին ու մատ­չե­լին` վեր­ջերս կի­րարկը­ւած ամ­բե­րա­յին ծրա­գիր­նե­րու լոյ­սին տակ:

Լի­բա­նան­ցի­նե­րուն հա­մար, ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բնա­կա­նոն կեան­քի պա­հանջ­նե­րէն ան­բա­ժա­նե­լի մաս­նիկ մը դար­ձած է: Լի­բա­նան­եան փոր­ձա­ռու­թե­նէն եւ երկ­րի մե­րօր­եայ պայ­ման­նե­րէն օգտ­ուե­լով ամ­բե­րա­յին հայ­թայ­թումն ալ, ընդ­հան­րա­ցաւ եւ մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ: Ոսկ­եայ առիթ ըն­ծա­յե­լով տագ­նապ­նե­րէն օգ­տուող, գր­պան­նե­րը պա­րար­տաց­նող պա­տե­րազ­մի վաշ­խա­ռու­նե­րուն:

Նա­խա­պա­տե­րազմ­եան շր­ջա­նին` ելեկտ­րա­կա­նութ­եան ստա­ցագ­րի վճար­ման առ­թիւ, երբ գու­մա­րը ակն­կալ­ուա­ծէն բարձր կը թուէր, վճա­րո­ղը կը ստու­գէր ելեկտ­րա­կա­նու­թեան սպառ­ման ցու­ցա­կը, այ­սինքն ամ­բեր­նե­րու թուա­քա­նա­կը… Ընդ­հան­րա­պէս ան­գի­տա­նա­լով, թէ ելեկտ­րա­կան հո­սան­քով բա­նող իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծիք կամ լամբ ինչ սպա­ռում կ՛ար­ձա­նագ­րէ: Ներ­կա­յիս պա­տա­նին ան­գամ ամ­բեր­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն կը փո­խան­ցէ.
«Մէկ ամ­բե­րը ի՞նչ կ՛ընէ որ, խնա­յո­ղա­կան /թաու­Ֆիր/ լամբ մը եւ շար­ժա­կան հա­մա­կար­գիչ /լապ­թապ/ կր­նաս գոր­ծա­ծել»:
«Եր­կու­քը` յիշ­եալ­նե­րը առա­ւել հարթ /flat/ պաս­տա­ռով հե­ռա­տե­սիլ մը»:

«Երե­քը` ասոնց վրայ գու­մա­րէ սառ­նա­րան, եթէ մեծ է կաս­կա­ծե­լի է…»:

«Լուաց­քի մե­քե­նան… չէ՜, ի՞նչ կ՛ըսես, անոր նուա­զա­գոյն չորս ամ­բեր պէտք է, պաղ բա­ժի­նի պայ­մա­նով»:

Ամ­բեր­ներ վա­ճա­ռե­լը այս օրե­րուս յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուած «պիզ­նես»-նե­րէն մէ­կը կը հա­մար­ուի…

Իսկ ինչ կը նշա­նա­կէ ամ­բեր… Ամ­բե­րը ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի զօ­րու­թիւնը չա­փող մի­ա­ւորն է, ինչ­պէս ծան­րութ­եան մի­ա­ւոր «քի­լօ կրամ»-ը: Հե­ղու­կա­յին ծա­ւա­լի մի­ա­ւոր «լիթր»-ը, տա­րա­ծու­թեան մի­ա­ւոր «քի­լօ մեթր»-ը: Մա­կե­րե­սի տա­րա­ծու­թեան մի­ա­ւոր մեթր քա­ռէն, եւայլն…

Ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի զօ­րա­չափ այս մի­ա­ւո­րը ան­ուան­ուած է «ամ­բեր» ի պա­տիւ ֆրան­սա­ցի ֆի­զի­կոս, գիտ­նա­կան Անտ­րէ Մա­րի Ամ­բե­րի:
Անտ­րէ Ամ­բեր հան­ճա­րեղ անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր, փոքր տա­րի­քէն յա­տուկ հա­կում ցու­ցա­բե­րած ու­սո­ղու­թեան հան­դէպ, ան 18 տա­րե­կա­նին ար­դէն մե­ծա­ծա­ւալ գի­տա­կան գիր­քեր ըն­թեր­ցած էր:
Ամ­բեր ելեկտ­րա­մագ­նի­սա­կան երե­ւոյ­թը բա­ցա­յայ­տող բա­զում փոր­ձեր կա­տա­րե­լէ ետք, յայտ­նա­գոր­ծեց մագ­նի­սա­կան ու­ժի եւ ելեկտը­րա­կա­նու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­պը, այս­պի­սով զար­գա­ցուց ելեկտ­րա­մագ­նի­սա­կան գի­տու­թիւնը:
Ներ­կա­յիս այս մեծ գիտ­նա­կա­նին մի­ա­ւոր­նե­րը կ՛ար­տադր­ուին ելեկտ­րա­ծին հս­կայ սար­քե­րու մի­ջո­ցաւ ու կը սփռը­ւին ըստ պա­հան­ջի, շու­քի մէջ պա­հե­լով փոք­րիկ ելեկտ­րա­ծին­նե­րը…

«Գար­նա­նա­յին» բա­րիք­նե­րը երեք յա­ջոր­դա­կան տա­րի­ներ վա­յե­լե­լէ ետք, բա­րի, ապա­հով օրեր հայ­ցե­լով Ամե­նա­կա­լէն ահա­ւա­սիկ կը բա­խենք ամ­րան դռ­նե­րը… եւ ինչ­պի­սի թէժ ամառ, Մի­ջին Աս­իա­կան այս հատ­ուա­ծին վրայ թա­փող արե­ւի կի­զիչ ճա­ռա­գայթ­ներն են աւե­լի ազ­դե­ցիկ, թէ՞ պայ­թու­ցիկ տա­կառ­նե­րը, թէ՞ ան­ջուր, ան­հո­սանք այս վի­ճա­կը:

Ու­րեմն մաս­նա­կի լու­ծում­նե­րու դի­մե­լով կր­նաս մաս­նակ­ցիլ ամ­բե­րա­յին ծրագ­րին…

Կր­նա՞ս վճա­րել, ամ­բեր­նե­րու փուն­ջէն բա­րիք­ներ քա­ղե­լով լու­սա­ւոր­ուիր, զո­վա­ցիր, ոտ­նագն­դակ /ֆութ­պոլ/ դի­տէ, ջրա­մու­ղով տա­նի­քի ամ­բարդ /եթէ հրա­սան­դէն չէ ծա­կած/ լե­ցուր, պա­տե­րազ­մի մթ­նո­լոր­տը վա­նէ ու մար­դու պէս ապ­րի՛ր:

Չես մաս­նակ­ցիր, մու­թը կո­խեց, արա­բա­կան առա­ծը յի­շէ. «Կա­նուխ քնա­ցի՛ր, կա­նուխ զարթ­նի՛ր, տես թէ առող­ջու­թիւնդ ի՜նչ լաւ կ՛ըլ­լայ»:
Հան­գիստ քուն քա­շէ, ին­չուդ պէտք, աշ­խար­հը թող թըն­դայ ոտ­նագն­դա­կի պար­գե­ւած հա­ճոյ­քով, դրօ­շակ­ներ իջ­նեն-ել­լեն, գրաւ­ներ թող շա­հին-տու­ժեն, մե­ծե­րը պզ­տիկ­նե­րու գլուխ­նե­րը ջախ­ջա­խե­լով շախ­մա­տի խա­ղը շա­րու­նա­կեն, երկ­րա­գուն­դին պատ­կե­րը շր­ջող նոր քար­տէս­ներ գծեն: Մար­դը խող­խող­ուի, տմար­դին իշ­խէ:

Ամ­բեր­ներ չու­նի՞ս, համ­բե­րէ, ելեկտ­րա­կան հո­սան­քը այ­սօր ան­ջա­տե­ցին, վա­ղը, միւս օր ան­պայ­ման անակըն­կալ պի­տի միացնեն…
Շնորհ­ուա­ծով պահ մը եր­ջա­նիկ կը զգաս, նա­խա­մար­դու վի­ճա­կէն դուրս կ՛ել­լես ու կը վա­զես:
Եթէ ջուր ու­նիս, ու­րեմն ահա­գին ընե­լիք­ներ ու­նիս…

14/07/2014