kantsasar.com – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ՝ ՅՈՒԼԻՍ Ա./2014
Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը, յատ­կա­պէս անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն, ապա­հո­վա­կան, կեն­ցա­ղա­յին անն­կա­րագ­րե­լի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ ապ­րե­ցաւ` զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու ան­մարդ­կա­յին վար­քագ­ծին հե­տե­ւան­քով:

Հր­թի­ռար­ձա­կում­նե­րը, մարդ­կա­յին զո­հե­րը, պե­տա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րու, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու, դպ­րոց­նե­րու, բնա­կա­րան­նե­րու, հիւան­դա­նոց­նե­րու եւ դար­մա­նա­տու­նե­րու քան­դու­մը չբա­ւա­րա­րե­ցին զին­եալ ծայ­րա­յե­ղա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րը, անոնք ամէն ջանք ի գործ դրին խա­ղաղ բնակ­չու­թիւնը զր­կե­լու ան­գա՛մ կեն­սա­կան սնուն­դէն ու ջու­րէն` ան­տա­նե­լի դարձ­նե­լով անոր կեան­քը:

Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան տագ­նա­պով, եր­բեմն նոյ­նիսկ սնն­դամ­թեր­քի ար­գե­լա­փա­կու­մով ու մա­նա­ւանդ վեր­ջերս պայ­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով ջու­րի մայր խո­ղո­վակ­նե­րու փճա­ցու­մով, կամ զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ջրա­հոս­քի դի­տում­նա­ւոր կա­սեց­ման պատ­ճա­ռով, Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը յայտն­ուե­ցաւ կեն­ցա­ղա­յին ծայր աս­տի­ճան նուաս­տա­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րու մէջ ու այս բո­լո­րով հան­դերձ շա­րու­նա­կեց ու կը շա­րու­նա­կէ համ­բե­րու­թեամբ տո­կալ ու յաղ­թա­հա­րել օրըս­տօ­րէ բազ­մա­ցող դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Հայ հա­մայն­քը եւս ան­մասն չմ­նաց տագ­նա­պի այս դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րէն: ԻՆչ­պէս հան­րա­յին վայ­րե­րու եւ մզ­կիթ­նե­րու, նոյն­պէս հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րու եւ եկե­ղե­ցի­նե­րու մէջ ծայր առաւ ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման աշ­խա­տան­քը: Ջր­հոր­նե­րէ հա­սա­նե­լի դար­ձած ջու­րի ծո­րակ­նե­րուն դի­մաց հեր­թեր կազ­մած երե­խա­նե­րը, երի­տա­սարդ­նե­րը, տա­րեց­ներն ու նոյ­նիսկ ծե­րու­նի­նե­րը ամէ­նօր­եայ դրու­թեամբ ջուր կրե­լու աշ­խա­տան­քին լըծ­ուե­ցան: Անել կա­ցու­թեան մատն­ուե­ցան յատ­կա­պէս վա­տա­ռողջ ծե­րու­նի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը:

Հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն եւ Կար­միր մա­հի­կին կող­մէ ծայր առած ջրա­մա­տա­կա­րար­ման ժա­մա­նա­կա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րուն, նա­եւ նման կա­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար, զա­նա­զան կող­մե­րու ջան­քե­րով, նա­խա­պէս փոր­ուած ջր­հոր­նե­րուն, մար­դոց ջու­րի ան­հատ­նում կա­րի­քը կր­կին գոր­ծի լծեց շա­հա­մոլ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը, որոնք ան­գոր­ծու­թեան, սղա­ճի դժն­դակ այս պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­գամ օգ­տա­գոր­ծե­ցին մար­դոց ջու­րի սուր կա­րիքն ու ան­տե­սե­լով մարդ­կա­յին մօ­տե­ցու­մի բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րը ջուր վա­ճա­ռել սկ­սան:
Հա­լէպ քա­ղա­քի 3 միլի­ո­նի հաս­նող բնակ­չու­թիւնը այժմ կ՛օգ­տա­գոր­ծէ ջր­հոր­նե­րու ջու­րը, որը սա­կայն ըմ­պե­լի չէ եւ խմ­ուե­լու պա­րա­գա­յին առող­ջա­պա­հա­կան լուրջ հար­ցե­րու դուռ կը բա­նայ: Օրա­կան դրու­թեամբ հան­քա­յին ըմ­պե­լի ջուր գնե­լը, ցաւ ի սիրտ, առողջ մնա­լու ապա­հով մի­ակ մի­ջո­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ:

Տագ­նա­պի այս լր­ջա­գոյն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, նա­խորդ շա­բաթ Հա­լէպ այ­ցե­լեց երկ­րիս վար­չա­պե­տը, նա­խա­րար­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` իրա­զեկ դառ­նա­լու եւ լու­ծում­ներ գտ­նե­լու հա­մար Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան դի­մագ­րա­ւած ապա­հո­վա­կան, կեն­ցա­ղա­յին եւ տն­տե­սա­կան բազ­մա­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն: Ան այս առի­թով յայտ­նեց նա­եւ, թէ Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին թե­լադ­րան­քով նիւ­թա­կան յատ­կա­ցում մը կա­տա­րած է քա­ղա­քիս, առաջ­քը առ­նե­լու հե­տա­գայ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ բա­րե­լա­ւե­լու բնակ­չու­թեան կեն­ցա­ղա­յին վի­ճա­կը:

Ան­նա­խա­դէպ այս պայ­ման­նե­րուն մէջ սա­կայն, տե­ղա­կան պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն աշ­խա­տան­քը ցարդ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րու չէ հա­սած: Ջու­րի ապա­հով­ման դժ­ուա­րու­թիւնը ցարդ չէ փա­րա­տած: Վի­ճա­կը ահա­զան­գա­յին է: Կ՛ակն­կալ­ուի շու­տա­փոյթ լու­ծում­ներ գտ­նել ջու­րի հա­սա­նե­լիու­թեան հար­ցին` կան­խե­լու հա­մար ամ­րան տօ­թին տա­րա­ծուող վա­րա­կիչ հիւան­դու­թիւն­ներն ու անոնց իբ­րեւ հե­տե­ւանք նա­խա­տե­սուող առող­ջա­պա­հա­կան եւ կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րը:

Առ­կախ երկ­րիս տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րէն, Հա­լէ­պի մէջ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին գետ­նի վրայ ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջ­խա­ղաց­քէն, կեն­ցա­ղա­յին դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս ջու­րի տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման ուղղ­ուած ջան­քե­րու բազ­մա­պատ­կու­մը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի` Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան կեան­քը գէթ տա­նե­լի դարձ­նե­լու եւ նոր աղէ­տի մը առաջ­քը առ­նե­լու հա­մար:
Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը պե­տա­կան տե­ղա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան կա­րիքն ու­նի:
Ջու­րը կեանք է վեր­ջա­պէս …:

Զ.Պ.

08/07/2014