kantsasar.com – Լի­բա­նան­եան “Ալ-Նաշ­րա” կայ­քը կը գրէ,Քե­սա­պի մէջ հայ­կա­կան երեք եկե­ղե­ցի­նե­րը չփրկ­ուե­ցան Ժապ­հաթ Նուս­րա­յի եւ Ահ­րար Շա­մի զին­եալ­նե­րու բար­բա­րո­սու­թե­նէն, որոնք իրենց ատե­լու­թիւնը Սուրբ Գիր­քե­րուն, խա­չե­րուն եւ սր­բան­կար­նե­րուն վրայ թա­փե­ցին:

Քե­սա­պա­հա­յե­րը կը յայտ­նեն,զին­եալ­նե­րը եկե­ղե­ցի­նե­րը կո­ղոպ­տե­լէ ետք հր­կի­զած են:

”Ալ Նաշ­րա”-ի պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը,երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով մուտք գոր­ծած է Քե­սապ, շր­ջած է Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան ու Առա­քե­լա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ եւ ծա­նօ­թա­ցած անոնց հա­սած վնաս­նե­րուն եւ անոնց պա­տե­րուն վրայ գր­ուած գրու­թիւն­նե­րուն:

Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ խո­րա­նին մօտ դր­ուած է Ժապ­հաթ Նուս­րա­յի ցու­ցա­նակ մը, որուն վրայ գր­ուած է “լա իլահ իլ­լա­լահ”, իսկ պա­տե­րուն վրայ գր­ուած են եկե­ղե­ցին մուտք գոր­ծած տար­բեր զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու` Ժապ­հաթ Նուս­րա­յի եւ Ահ­րար Շա­մի անուն­նե­րը: