kantsasar.com – Ծովափի Շտապ Օգնութեան Գոր­ծա­դիր մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րօ Ման­ճիկ­եան յայտ­նեց, թէ երեք-չորս օրէ ի վեր քե­սա­պա­հայ տղա­մար­դիկ վե­րա­դար­ձած են Քե­սապ` ստու­գե­լու հա­մար իրենց կալ­ուած­նե­րը: “Քե­սա­պէն տար­հան­ուած բո­լոր հա­յե­րը, որոնք ամիս­նե­րէ ի վեր ապաս­տա­նած էին Լա­թաք­իոյ Հայ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, եր­բեք չէ­ին կորսն­ցու­ցած իրենց հա­ւատ­քը, թէ շու­տով կու գայ Քե­սապ վե­րա­դառ­նա­լու օրը:

Կը մաղ­թենք, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ տօ­նը այն­տեղ` մեր տու­նե­րուն մէջ նշել եւ մենք վս­տահ ենք,Աստ­ուած մեզ հետ է. մեր տօ­նա­կան հա­րի­սան պի­տի եփենք, բաժ­նենք եւ ու­տենք` մեր սի­րե­լի Քե­սա­պէն ներս”, ըսաւ Ման­ճիկ­եան:

Քե­սա­պի ղե­կա­վա­րու­թիւնը կոչ ուղ­ղած է քե­սա­պա­հա­յե­րուն` վե­րա­դառ­նա­լու իրենց բնա­կա­րան­նե­րը, մի­ա­ժա­մա­նակ զգու­շաց­նե­լով անոնց օտար կո­ղոպ­տիչ­նե­րէն, որոնք սկ­սած են ներ­խու­ժել Քե­սա­պի բնա­կա­րան­ներ: