kantsasar.com -ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ գե­րիշ­խող ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու Ռու­սաս­տան-Արեւ­մուտք մր­ցակ­ցու­թիւնը անց­նող օրե­րուն դիւա­նա­գի­տա­կան տար­բեր գոր­ծըն­թաց­նե­րով կը յայտն­ուէր:

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լավ­րո­վի Ազր­պէյ­ճան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւնը մըր­ցակ­ցու­թեան այս ոլոր­տին մէջ խա­ղա­քար­տեր ձեռք ձգե­լու ապա­ցոյց­նե­րէն մէկն էր:

Տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ Ազր­պէյ­ճա­նը սի­րա­շա­հե­լու կոչ­ուած փորձ մըն էր նա­եւ Աս­թա­նա­յի մէջ 29 Մա­յի­սին Եւ­րաս­ի­ա­կան տն­տե­սա­կան բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին, վըս­տա­հա­բար Մոսկ­ուա­յի նա­խօ­րօք իմա­ցու­թեամբ եւ թոյլ­տուութ­եամբ, Ղա­զախս­տա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ Ազր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Ալի­ե­ւին յղած նա­մա­կի ըն­թեր­ցու­մը, որ­մէ ետք ան կոչ ուղ­ղած էր նա­եւ Հա­յաս­տա­նը Եւ­րաս­ի­ա­կան միու­թիւն մտց­նե­լու միայն իր մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչց­ուած սահ­ման­նե­րով:

Ազր­պէյ­ճա­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը շա­րու­նա­կէ մնալ եր­կու լա­րե­րու վրայ տա­տա­նող ու Ռուս­իա-Արեւ­մուտք մր­ցակ­ցութ­եան ի տես ցարդ բա­ցա­յայ­տօ­րէն չկողմ­նո­րո­շուող եր­կիր, որուն հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ Ռուս­իա-Արեւ­մուտք դիւա­նա­գի­տա­կան սուր մր­ցակ­ցու­թիւն մը կը շա­րու­նա­կէ զար­գա­նալ, եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը ազ­դե­ցու­թեան իր դաշ­տին մէջ կ՛ու­զէ տես­նել Ազր­պէյ­ճա­նը` զայն հա­մար­կել փոր­ձե­լով այս կամ այն միու­թեան մէջ:

Թուրք­ի­ան եւս, որ­պէս Ազր­պէյ­ճա­նի վրայ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր, ճիգ չի խնա­յեր խր­ուե­լու Ռուս­իա-Արեւ­մուտք մր­ցակ­ցու­թեան այս դաշ­տին մէջ, իր սե­փա­կան շա­հե­րը առաջ քա­շե­լու նպա­տա­կով` յատ­կա­պէս օգտ­ուե­լով յետ-խորհր­դա­յին թր­քա­լե­զու եր­կիր­նե­րու հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն:

Հե­ռու չէ, որ հե­տա­գա­յին Ռուս­ի­ան Ազր­պէյ­ճա­նի հետ քն­նար­կէ նա­եւ Եւ­րաս­ի­ա­կան տն­տե­սա­կան միու­թեան անոր ան­դա­մակ­ցու­թեան հար­ցը, ին­չը չէր բա­ցա­ռեր Հա­յա­ստա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ.խմ­բակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տամ­եան` լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած իր հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, շեշ­տե­լով, որ «Այդ ժա­մա­նակ Եւ­րաս­ի­ա­կան միու­թեան շր­ջա­նա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րա­բա­ղի մի­աց­եալ տն­տե­սա­կան տա­րա­ծու­թիւնը լր­ջօ­րէն կը բար­դա­նայ»:

Նման մտա­հո­գու­թե­նէ թե­լադր­ուած, Աս­թա­նա­յի մէջ Ղա­զախս­տա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ Ալի­ե­ւին յղած նա­մա­կին ըն­թեր­ցու­մը ընդվ­զու­մի ալիք­ներ բարձ­րա­ցուց հայ­կա­կան կող­մե­րէն, յատ­կա­պէս նշ­եալ նա­մա­կի ըն­թեր­ցու­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի պատ­ուի­րա­կու­թեան լուռ մնա­լուն ի տես, որով­հե­տեւ տըն­տե­սա­կան բնոյթ ու­նե­ցող այդ միու­թեան մէջ Պա­քուն, ան­դա­մակ­ցած չըլ­լա­լով հան­դերձ սոյն միու­թեան, կը փոր­ձէր անուղ­ղակի­օ­րէն շա­հար­կել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ մաք­սա­յին ան­ցա­կէ­տե­րու տե­ղադր­ման հե­ռան­կարն ու Աս­թա­նա­յի ճամ­բով պայ­ման­ներ ար­ծար­ծել այդ ուղ­ղու­թեամբ:

Թէ­եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը Ազր­պէյ­ճա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից` Է. Մա­մետ­եա­րո­վին հետ կա­յա­ցած վեր­ջին հան­դի­պու­մէն ետք Եւ­րաս­ի­ա­կան տն­տե­սա­կան միու­թեան Ազր­պէյ­ճա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան եւ Ղա­րա­բա­ղի հար­ցե­րը տա­րան­ջա­տե­լով իրար­մէ` եր­կու ան­գամ կրկ­նեց առանց­քա­յին այն գա­ղա­փա­րը, որ «Եւ­րաս­ի­ա­կան տն­տե­սա­կան միու­թեան ստեղծ­ման հար­ցը պէտք չէ կա­պել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման հետ» եւ աւել­ցուց, որ Ազր­պէյ­ճա­նին Ե.Տ.Մ.-ի ան­դա­մակ­ցե­լու պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէր ան­գամ ու­ղարկ­ուած չէ, այ­նու­հե­տեւ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն չի նշա­նա­կեր ան­պայ­ման, թէ Ռու­սաս­տա­նը Ազր­պէյ­ճա­նին չ՛ու­զէր տես­նել այդ միու­թեան մէջ, այլ պար­զա­պէս քաջ կը գի­տակ­ցի, որ եր­կու հար­ցե­րու շաղ­կապ­ման հե­ռան­կա­րը Ար­ցախ-Ազր­պէյ­ճան ար­դէն իսկ լար­ուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նո­րա­նոր հար­ցե­րու դուռ պի­տի բա­նայ:

Հայ­կա­կան կող­մին կը մնայ ամէն գնով բա­ցա­ռել ազր­պէյ­ճա­նա­կան շա­հար­կում­ներն ու մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ ամ­րագ­րել Հա­յաս­տա­նին ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան շա­հե­րը:

Զ.Պ.