Պա­տե­րազ­մա­կան այս տագ­նա­պա­լի օրե­րուն, նո­րա­նոր անակն­կալ­նե­րու դէմ յան­դի­ման կը գտն­ուինք: Վեր­ջին շր­ջա­նին Նոր Գիւ­ղի հր­թի­ռա­կո­ծու­մը, խմե­լու ջու­րի տագ­նապն ու աւար­տա­կան պե­տա­կան քն­նու­թիւն­նե­րը եր­րոր­դու­թիւն կազ­մած մեր գորշ առօր­եան աւե­լի ան­տա­նե­լի դար­ձու­ցին:

Նոր Գիւղ հա­յա­հոծ թա­ղա­մա­սի վրայ ար­ձակ­ուած հրա­սանդ­նե­րը տեղ­ւոյն բնակ­չու­թեան հա­մար ան­ծա­նօթ «պար­գեւ»-ներ չէ­ին, սա­կայն անց­նող օրե­րուն տե­ղա­ցող կա­զի տա­կառ­նե­րը նպա­տա­կաուղղ­ուած պա­տու­հաս­ներ էին, անոնք իրե­րա­յա­ջորդ ու անխ­նայ կոր­ծա­նե­ցին բնա­կա­րան­ներ, վար­ժա­րան­ներ, եկե­ղե­ցի­ներ, միու­թե­նա­կան, բա­րե­սի­րա­կան կեդ­րոն­ներ… Անոնց տե­ղա­տա­րա­փը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ ամ­բողջ երեք ցե­րեկ ու գի­շեր` սար­սա­փի մէջ հա­մա­կե­լով ար­դէն հար­ուած­նե­րու տակ կքած խեղճ բնակ­չու­թիւնը: Ան­տա­նե­լի հո­գե­վի­ճա­կի կող­քին ամե­նա­խո­ցե­լին` ան­տէր, ան­պաշտ­պան մնա­լու զգա­ցումն էր… Թէ­եւ անձն­ուէր տղաք ան­տե­սե­լով վտանգն ու տե­ղա­ցող կրա­կը թեւ-թի­կունք կանգ­նե­ցան խու­ճա­պա­հար ժո­ղո­վուր­դին…
Հա­զա՜ր ապ­րին մե­րօր­եայ հե­րոս­նե­րը, հա­զա՜ր:

Ապա հն­չե­ցին կո­չեր աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, հա­յու­թիւնը քնա­ցած չէ, թէ­եւ հա­րիւ­րամ­եակ մը յե­տա­դարձ վե­րա­քաղ մը ընե­լով զու­գա­հեռ­ներ կը գտ­նենք, երբ կը տեսնանք, թէ օս­ման­եան լու­ծին տակ հե­ծող հայ ժո­ղո­վուր­դը ճա­րա­հատ կը դի­մէր եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու` բա­րե­նո­րոգ­ման ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման ու մի­ջամտու­թեան ակն­կա­լիք­նե­րով… Իսկ յե­տոյ… Յե­տոն բո­լո­րիս ծա­նօթ է, բայց յատ­կան­շա­կա­նը Խրիմ­եան Հայ­րի­կի «եր­կա­թէ շե­րեփ»-ն է:

Ամէն պա­րա­գա­յի, վարձ­քը կա­տա՛ր նա­եւ բո­լոր մտա­հո­գուող­նե­րուն, մի­ջամ­տող­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ֆէյս­պուք­եան «comment»-նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րուն, որոնց «կտոր-կտոր» եղած սր­տե­րուն բե­կոր­նե­րը փլա­տակ­նե­րու բե­կոր­նե­րուն հետ մի­ա­ձուլ­ուած կը զո­հա­բեր­ուին, իսկ գլխաւոր զո­հը կը մնայ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը…

kantsasar.com – Երկ­րորդ պա­տու­հա­սը ջուրն էր, պե­տա­կան աւար­տա­կան «պրո­վէ», «պա­քա­լոր­իա» քն­նու­թիւն­նե­րու հեւ­քին հետ խառնը­ւած:
Շի­կա­ցած վա­ռօ­դա­յին ու ամառ­նա­յին մթ­նո­լոր­տին մէջ, ան­ջուր քա­ղա­քը ան­գամ մը եւս հե­ւաց ու «պուտ մը ջուր» որո­նեց:
«Բա­րի» դրա­ցի­նե­րը կը զլա­նա­յին Եփ­րա­տէն ջուր շնոր­հել, իսկ ներ­քին յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը կը հար­ուա­ծէ­ին ամէն կողմ, հե­րո­սու­թիւն էր քա­ղաք մը ջու­րէ զր­կե­լը… Ջրա­մա­տա­կա­րա­րող գլ­խա­ւոր խո­ղո­վա­կը կը պայ­թէր, ջու­րը կ՛ան­ջատ­ուէր, իսկ այն շր­ջան­նե­րը, ուր թե­թե­ւա­կի ջուր կը հաս­նէր, թու­նա­ւոր­ուած էր, ան­գի­տակ խմող­նե­րուն վի­ճա­կը ան­տա­նե­լի էր, յատ­կա­պէս մատ­ղաշ փոք­րիկ­նե­րու­նը, նոյ­նիսկ վնաս­ուած կարգ մը աշա­կերտ­ներ սնն­դա­պար­կով կը ներ­կա­յա­նա­յին քն­նու­թեան:

Կար­ծես բա­ւա­րար չէ­ին ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի մը պայ­թում­նե­րով ու ցն­ցում­նե­րով լե­ցուն ան­լոյս, անհ­րա­պոյր օրե­րը… Ի՞նչ ըսենք տղաք, ձեր ալ վարձ­քը կա­տա՛ր, ահու­դո­ղով ուղղ­ուե­ցաք դէ­պի քն­նու­թեան կեդ­րոն­նե­րը, չլ­սել ձե­ւաց­նե­լով զար­կե­րու ձայ­նե­րը` դի­մա­ցաք:

Հա­զա՜ր, հա­զա՜ր յա­ջո­ղու­թիւն ձե­զի:
Վարձ­քը կա­տա՛ր նա­եւ ծնող­նե­րուն, որոնք սր­տատ­րոփ հե­տե­ւե­ցան իրենց զա­ւակ­նե­րուն եւ կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ յար­մար մթ­նո­լորտ ստեղ­ծե­ցին:
Ազ­գագ­րա­կան սիր­ուած եր­գի մը կրկ­ներ­գը բամբ ու խրոխտ կը հն­չէ.
«Տէ՜ զար­կէ՛ք, զար­կէ՛ք…»
Իսկ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը կը պա­տաս­խա­նէ.-
«Տէ՜ զար­կէ՛ք, մենք կը դի­մա­նանք…»