Perio News/fb/ – (Դամբանական` Արտասանուած Վրէժ Ճապաղջուրեանի նահատակութեան Առիթով)
Ծառայասէր միութենականներու տերեւաթափը կը շարունակուի Հալէպի մէջ: Յաջորդաբար անժամանակ եւ աննկարագրելի մահերով հողին կը յանձնենք մեր հաւատաւոր ընկերները, որոնք իրենց ետին կը ձգեն աւերուած մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու ժողովրդային բնակարանները:
Ընկ. Վրէժը ճանչցած ենք Հ.Ե.Մ.-ի մեծ ընտանիքին մէջ, եռանդով լեցուն, անհանդարտ, կատակասէր, իր խառնուածքով բոլորին սրտերուն մօտիկ, օգնութեան հասնելու ճիգ չխնայող, բծախնդիր, մաքրասէր, նախանձախնդիր իր պատկանած միութիւններուն հանդէպ, կ՛արհամարհէր գալիք արհաւիրքները զուարթ տրամադրութեամբ, ոչինչ պատահածի նման մնալով զինուորագրեալ եւ արթուն պահակ ազգային գաղափարական տասնաբանեային:
Պարտականութեան գիտակցութեամբ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն մէջ, իսկ մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութեան գիտակցութեամբ, մաս կազմած է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբին:
Իր դիւրահաղորդ յատկութեամբ, նպաստած է համակիր շատ մը երիտասարդներ ներգրաւելու աշխատանքին, զանոնք դարձնելով ակումբի եւ հայահոծ շրջաններու պահապաններ, զոր ակնյայտ է ակումբի շուրջ համախմբուող մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեամբ:
Վարձքդ կատա՛ր սիրելի ընկեր:
Հիմա քու ընկերներդ եւ հարազատներդ եկած են վկայելու այն ընկերութեան մասին, որ երկար տարիներու խարիսխ մը ունի: Եկած են յուզումով հրաժեշտ տալու քաջարի երիտասարդի մը, նուիրեալ հօր մը, որ ամէն աղմուկէ, ցոյցերէ, փառքէ խուսափող ազնիւ հոգի մը ունէր` շեշտուած հայրենասիրութեամբ եւ նուիրաբերումով, ինչ որ անմահութեամբ պիտի պսակէ քու քաղցր յիշատակդ:
Համեստ այս երիտասարդին կատարած գործը արժանի է բոլորիս յարգանքին:
Հայ թերթը քեզմով մուտք կը գործէր մեր բնակարաններէն եւ ակումբներէն ներս` փո-խանցելով հրճուանք եւ յուզում: Բազում դըժուարութիւններով տակաւին լոյս տեսնող «Գանձասար» պաշտօնաթերթի Յունիսի առաջին թիւը մեզի փոխանցեցիր, որ եղաւ վեր-ջինը:
Այսօր, կորսնցուցած ենք քեզ, սակայն պիտի մնաս փնտռուած, սիրելի, զուարթ եւ կա-տակասէր ընկ. Վրէժը, հակառակ անոր, որ վերջին կատակդ շատ ծանր կշռեց բոլորիս սրտերուն, կսկիծէն ու ցաւէն մեր աչքերն ու հոգիները լացին: Քեզ շատ կանուխ կորսն-ցուցինք:
Դառնօրէն կը սգանք քու անակնկալ բաժանումդ, որ անմխիթար ձգեց ընկերներդ ու հարազատներդ, սակայն վստահ եղիր, այնքան ատեն, որ դուն պիտի յիշուիս, կենդանի ու ողջ ներկայութիւն ես մեր կեանքին մէջ: Յարգանքով պիտի պահենք յիշատակդ, սիրելի ընկեր, գալիք օրերու ծառայասէր ու նուիրեալ նոր սերունդին սիրոյն, որոնք պիտի շարունակեն սկսուած գործը ու պիտի պայքարին հայապահպանումը վտանգող երեւոյթներուն դէմ` երաշխաւորելու համար մեր գոյատեւումը:
Վստահ եղիր, որ քեզ պիտի փնտռենք յատկապէս ժողովներուն եւ ակումբին մէջ, պիտի փնտռենք քու արտայայտութեանդ ոճը, որ հաճելի կը թուէր բոլորին:
Այսօր հաւաքուած այս սրահին մէջ, կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան ու մեր կարգին սիրելի Վրէժ կ՛ոգեկոչենք յիշատակդ:
«Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան եւ Հ.Ե.Մ.-ի մեծ ընտանիքին անունով կը բաժնենք սիրելի Ճապաղջուրեան ընտանիքին խոր վիշտը` յայտնելով մեր ցաւակցութիւնները եւ կ՛աղօթենք Վրէժի հոգւոյն հանգստութեան համար:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի ընկեր:
ՀԱԼԷՊ, 18 ՅՈՒՆԻՍ 2014