Մանուկներ հայոց, դրախտի ծաղիկ,
Մանուկներ հայոց, սիրասուն թոռնիկ,
Ծաղկեցէ՛ք ուրախ, եղէ՛ք երջանիկ,
Առանց ձեզ չկայ զուարթ ընտանիք:

Հակառակ տիրող երկրի անբարենպաստ ու անապահով վիճակին` հալէպահայութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր աննկուն ու հաստատ կամքը: Դիմագրաւելով բոլոր դըժուարութիւնները շարունակեց իրագործել իր ազնիւ նպատակը եւ ահաւասիկ հայ դպրոցը անգամ մը եւս յաջողեցաւ հայ բոցը վառ պահել ու զարդարել հայ մանուկին աշխարհը: Քաջ գիտակցելով, թէ մանուկները բուրումնաւէտ ծաղիկներ են, նաեւ` ժողովուրդի յոյսն ու ապագան: Եւ բեմ բարձրացուց 2012-2013 եւ 2013-2014 տարեշրջանի աշակերտ-աշակերտուհիները, որպէսզի հրաժեշտ տալով ստանան իրենց վկայականները եւ ներկայացնեն ծնողներուն իրենց մանկական գունազարդ աշխարհէն գեղեցիկ պատկերներ, որոնք պիտի գծագրեն անմեղ ու ծաղկածիծաղ մանկական աշխարհ մը:

Կիրակի, 25 Մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին «Զաւարեան» թատերասրահը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ` ծնողներ ու հարազատներ հպարտութեամբ եկած էին դիտելու այս դժուար պայմաններուն մէջ իրենց զաւակներուն շատ սիրելի դպրոցին բեմահարթակին վրայ բարձրանալու անփոխարինելի եւ ուրախ պահը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս հրաւիրուեցան յարգելու համար մեր հին ու նոր հերոսացած նահատակներուն յիշատակը: Որուն անմիջապէս յաջորդեց հայերէն ու արաբերէն լեզուներով աշակերտական բացման խօսքերը, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին իրենց ծնողներուն ու ներկաներուն:

Այս տարուան հանդէսի նիւթը նուիրուած էր Սուրիոյ խաղաղութեան: Աշակերտները Սուրիոյ դրօշակը կամ խաղաղութեան խորհրդանիշ` աղաւնին բռնած բեմահարթակին վրայ բարձրանալով ոմանք հայերէն, ոմանք արաբերէն լեզուով մաղթեցին, որ Սուրիան վերադառնայ այնպէս, ինչպէս որ էր, եւ Հալէպը վերագտնէ իր նախկին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը: Աղերսեցին Աստուծոյ, որ իր հայրական բազուկը երկարելով թեւ ու թիկունք կանգնի երկրի պաշտպան հերոս մեր ժողովուրդին:

Տնօրէնութեան զեկոյցը փոխանցեց մանկապարտիզպանուհի` Անի Գալտնեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հակառակ տիրող կացութեան` մենք լաւատեսութեամբ կը նայինք ապագային:

Գնահատական խօսքերով քաջալերեց ուսուցչական կազմը, որուն ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ կանգուն ու անսասան կը մնայ հայ դպրոցը:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն շեշտելով, որ դպրոցի դրական արդիւնքը կը պարտինք դպրոցի ու ծնողքի համագործակցութեան եւ փոխյարաբերութեան:

Գեղարուեստական շատ կոկիկ եւ հաճելի յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն: Բեմը թնդաց հայկական ու արաբական ճոխ պարերով: Իւրաքանչիւր պարի ընթացքին ծածանեցան հայկական ու սուրիական դրօշակները եւ այդ մէկը առաւել եւս խանդավառեց հանդիսատեսը:

Հանդէսի յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ երգչախումբ, ուր աշակերտները քաղցրահնչիւն ձայներով եւ խմբային երգեցողութեամբ յաջորդաբար մեկնաբանեցին շարք մը երգեր, եւ ծնողները ոգեւորութեամբ ու հպարտութեամբ ունկնդրեցին իրենց զաւակներուն երգած ազգային երգերը:
Աշակերտները իրենց պարերով, երգերով ու խօսքի բաժիններով անգամ մը եւս յոյս նեշնչեցին ապագայի հանդէպ եւ ցոյց տուին հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնն ու հաւատարմութիւնը Սուրիական հայրենիքին նկատմամբ:

Հասած էր վկայականներու բաշխման պահը: Օրդ. Անին բեմ հրաւիրեց արժանապատիւ Տ. Հայկազ քհնյ. Մասոյեանը: Քահանայ հօր օրհնութեամբ ու ձեռամբ աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Մեր ջերմագին շնորհաւորանքները մեր սիրելի ու թանկագին աշակերտ-աշակերտուհիներուն, մաղթելով իրենց արեւշատ օրեր ու յարատեւ յաջողութիւն:

Կիլտա Տէյիրմէնճեան