KANTSASAR /fb/ – Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն` Սուրիահայ համայնքապետները, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները` համախոհաբար շարունակեցին եւ կը շարունակեն տէր կանգնիլ Սուրիահայ համայնքին:
Անոնք հերթական ժողովներով կը ծրագրեն, յարաբերական աշխատանք կը ծաւալեն եւ հնարաւորութիւններու ընձեռած կարելիութիւններով կը փորձեն հոգալ ժողովուրդին կարիքները: