kantsasar.com – Տղան գիտէր, որ աղջիկը ծաղիկ շատ կը սիրէ, աւելի շատ դաշտային վայրի ծաղիկներ:

…Այդ օր ժամադրուած էին: Միքրոպիւս պիտի նստէին եւ քաղաքէն դուրս տեղ մը պիտի իջնէին լալա եւ ապրիմ-չապրիմ հաւաքելու:
-Աշխարհի բոլոր լալաները կ՛ուզեմ քեզի նուիրել,- ըսած էր տղան:

-Կը փռեմ եւ վրան կը պառկիմ… Եւ գիտե՞ս ինչ կ՛ընեմ… «Ապրիմ-չապրիմ»-ներու թերթիկները փրցնելով կը կրկնեմ. «Կը սիրէ, չի սիրեր…»: Կը սիրե՞ս զիս,- ըսած էր աղջիկը:

-Աշխարհի բոլոր լալաներուն չափ:

-Լալաները շուտ կը թոռմին:

– Ես չեմ ձգեր որ թոռմին:

…Աղջիկը մօտեցած էր ժամադրավայրին: Հեռուէն նշմարեց տղան: Ինք ուշացա՞ծ էր, ո՜չ, տղան միշտ քանի մը վայրկեան շուտ կու գար:

Տղան ալ զինք նշմարեց եւ ձեռքերը ուրախութեամբ թափահարեց…

…Ի՞նչ պատահեցաւ… Աղջիկը կրակոցի ձայներ լսեց եւ կարծես երազին մէջ տեսաւ տղուն դիպուկահարի կապարով տապալող մարմինը…

Վե՞րջ…
Այս պատումը աղջկան հեքիաթն էր եւ այդ հեքիաթը չէր կրնար տխուր աւարտ ունենալ…

Եւ աղջիկը յաճախ ինքզինք կը գտնէր լալաներու մէջ պառկած… Այնքան շատ էին լալաները, որոնք ծածկած էին ամէն ինչ. աշխարհի մէջ ուրիշ բան չէր մնացած, միայն ինք` ձեռքին մէջ փունջ մը «Ապրիմ-չապրիմ» եւ լալաները` կարմիր, ա՛լ լալաները, որոնք կ՛ուզէին այնքան շուտ թոռմիլ, բայց տղան հոն էր եթերին մէջ եւ վար չէր իյնար, ձեռքը ուրախութեամբ կը թափահարէր եւ լալաները տղուն սրտէն կաթկթող արիւնով կը ներկուէին եւ վերստին կը դառնային վառ, ալ կարմիր… Աղջիկը կը փրցնէր անվերջանալի թերթիկները «Ապրիմ-չապրիմ»-ներուն եւ իր հոգիէն դուրս եկող բառերը փրցուած թերթիկներուն հետ օդ կը բարձրանային ու շուրջպարի վերածուած եթերային տղուն ականջին կը փսփսային. «Ապրիմ` կը սիրեմ», «Չապրիմ` կը սիրեմ»:

Աղջիկը երջանիկ էր, աշխարհի բոլոր լալաները իրն էին եւ իր սիրած տղան չէր ձգեր, որ անոնք թոռմին… Մնացածը սուտ էր, չէր կրնար իրականութիւն ըլլալ….

Եւ այդ ԻՐԱՒ երջանկութիւնը աղջիկը գտած էր քաղաքամիջի գերեզմանատան մէջ, ուր ամէն օր կը ժամադրուէր իր սիրած տղուն հետ….

Հեքիաթը կը շարունակուէր…

Մանուէլ Քէշիշեան