kantsasar/fb/ – Այսու կը փոխանցենք թէ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմը կը հերքէ կարգ մը լրատուամիջոցներու ճամբով սփռուած լուրը այն մասին, թէ Թեմը կոչով դիմած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան՝ ձեռնարկելու շարք մը հրատապ քայլեր եւ կազմակերպելու համահայկական դրամահաւաք «Փրկենք Նոր Գիւղը» խորագրով։
Նոր Գիւղի իրավիճակին մասին ցարդ պաշտօնական կոչեր լոյս տեսած են միայն «Դիւան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Առաջնորդարան» եւ «ՀԱԼԷՊԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ» ստորագրութիւններով, «Գանձասար» պաշտօնաթերթի ճամբով:
Արդ, պատահածը սոսկ թիւրիմացութիւն է։ Պարագան կը յանձնենք ԶԼՄներու ուշադրութեան։
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ