kantsasar.com – Պատերազմ է. ամէն կողմ արկեր, հրթիռներ, կապարներ: Վախի եւ անապահովութեան հոգեվիճակը ճնշող դարձած է արդէն: Ներկայ պայմաններուն մէջ մեր մտահոգութիւնները բազմապատկուած են, եւ հալէպահայութիւնը այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնըւելով կը փորձէ յարմարիլ ստեղծուած պայմաններուն:
Սփիւռքի մէջ հայ մնալու դժուարութիւնները ակներեւ են, տագնապներու մէջ առաւել եւս: Հալէպահայութիւնը մայր գաղութը պահելու իր նկրտումները կը շարունակէ:
Հայութիւնը, որպէս կենսասէր եւ մշակութասէր ազգ, միշտ ալ պայքարած է իր ինքնութիւնը պահելու համար: Այսօր կենաց մահու պայքար կը մղենք: Անապահովութիւնը տակաւին անբուժելի վէրքի մը պէս կը սպառնայ խաղաղ բնակչութեան: Բարբարոսը իր ժանիքները երկարած կը փորձէ խլել մեր ապրելու խինդն ու եռանդը:
Սուրիոյ ճգնաժամային այս իրավիճակին բերումով Հալէպի բոլոր թաղամասերը նիւթական վնասներէն իրենց վիճակուած բաժինը ստացան, Նոր Գիւղ եւս…: Հայահոծ այս շրջանը հայկականութիւն կը բուրէ: Դժբախտաբար, ինչպէս միւս շրջանները, այս շրջանը եւս, զինեալ բախումներու թիրախ դարձաւ: Սակայն, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն` կը փորձէ ցայսօր իր կենսունակութիւնը պահել: Անցնող շաբաթներուն, Նոր Գիւղի շրջանը անգամ մը եւս հրթիռաձգութեան ենթարկուեցաւ: Շրջանը նիւթական լուրջ վնասներ կրեց: Հալէպահայութեան պատմութեան էջերուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւող այս շրջանը բնակիչներէն կը ստանայ իր աւիւնը, Ճեմարանի պողոտային վրայ վարսավիրանոցի մը մէջ աշխատող սափրիչ Ասատուր Մուսայեան, բազում դժուարութիւններ դիմագըրաւելով կը շարունակէ գործել. «Նոր Գիւղի թաղամասը ամէնէն աշխոյժ թաղամասերէն էր: Մենք մօտաւորապէս երկուքուկէս տարի է կը շարունակենք տոկալ, որպէսզի շրջանի հայկականութիւնը պահենք: Թէեւ ժողովուրդէն մաս մը որոշ ժամանակի մը համար հեռացաւ իր բնակավայրէն, սակայն վերահաստատուողներ ալ եղան», ըսաւ ան:
Պատերազմէն ծնած արհաւիրքներն ու մարդկային վնասները, ահ ու սարսափ կը շաչեն ամէնուրեք, բայց թաղի բնակիչները` մեծէն փոքր, կառչած են իրենց հայ օճախը վառ պահելու գաղափարին: Պատանի Պերճ Մութաֆեան կ՛ըսէ. «Մեր տունը, հոս, Նոր Գիւղի մէջ է: Մենք կը պայքարինք շատ մը դժուարութիւններու դէմ, այսուհանդերձ ունինք ապրելու կամք եւ կը հաւատանք, որ վիճակը հետզհետէ պիտի լաւանայ»: Նոյն շրջանին մէջ գտնուող դեղագործ` Վարդան Ատուրեան, կ՛ըսէ. «16 տարիէ ի վեր Հիւլլոկ շըրջանի մէջ գտնուող դեղարանս երթալու հնարաւորութիւն չունիմ, որովհետեւ շրջանը պատերազմական բախումներու գօտի է: Փոխադրուեցայ Նոր Գիւղի հայահոծ այս շրջանը: Մօտաւորապէս 8 ամիսէ ի վեր այստեղ կը գործեմ: Նոր Գիւղի ակումբի տղոց վաստակն ու ներդրումը մեծ է բնակչութեան անդորր կեանք ապահովելու իմաստով: Նիւթական վնասները անցողական են, սակայն մարդկային կորուստը` անտանելի»:
Հալէպի մէջ ակումբի հայ տղաքը տագնապի առաջին օրէն նուիրուեցան ժողովուրդին ծառայելու վսեմ գործին` զանազան շրջաններու մէջ. Սուլէյմանիէ, Նոր Գիւղ, Շէխ Թահա, Վիլլաններ: Կ՛արժէ անդրադառնալ իւրաքանչիւր շրջանին առանձնաբար:
Նոր Գիւղի շրջանը բախումներու գիծին մօտ գտնուելու բերումով յաճախ հրասանդերու, յարձակումներու թիրախ դարձաւ: Նման աղէտային վիճակներու մէջ բնակչութեան առաջին ձեռք երկարողները Նոր Գիւղի ակումբի տղաքը եղան: Թագուհի Գալուստեանի բնակարանը, Ճեմարանի պողոտային վրայ ինկած հրասանդին պատճառով, նիւթական ահռելի վնասներ կրեց: Անոր պատշգամը ամբողջութեամբ քանդուած էր: Տիկ. Թագուհի վերյիշելով այդ օրուան պատահարը ըսաւ. «Առտու կանուխ, ժամը 7:00-ին, առաջին պայթումի ձայնէն արթնցայ: Շուտով պատշգամէն լուացքս հաւաքեցի, դռները բացի, մինչ այդ զօրաւոր հով մը զիս ետ մղեց դրան շէմէն: Ապա երկրորդ պայթումը տեղի ունեցաւ: Անորոշութեան մէջ, մինակ, չգիտցայ ինչ ընեմ: Տղաքը վարէն ձայն տուին, բայց ես կարողութիւն չունէի իրենց պատասխանելու: Վայրկեաններ անց, թէ՛ զաւակներս, թէ՛ Նոր Գիւղի տղաքը հասան օգնութեան»: Հակառակ այս դէպքին` Թագուհի Գալուստեան կը շարունակէ ապրիլ իր տան մէջ. «Ինչո՞ւ հեռանամ այստեղէն, երբ թաղի ամբողջ բնակչութիւնը հոս է: Ես հրաշքով փրկուեցայ»: Բառերը կը խեղդուէին Տիկ. Թագուհիին կոկորդին մէջ:
8 Մարտի աղէտալի օրը կը զուգադիպէր Արաքսի Շատոյեանին ծննդեան տօնին: Ան իր ապրումները կ՛արտայայտէր հետեւեալ ձեւով. «Առաւօտուն, երբ արթնցայ` կը սպասէի, թէ ո՛վ պիտի ըլլար տարեդարձս առաջին շնորհաւորողը, զօրաւոր ցնցումը սակայն հրճուանքս սարսափի վերածեց: Այդ օրը անմոռանալի պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ»: Հակառակ այս դըժբախտ պատահարին` Օր. Արաքսին իր տան վերանորոգման աշխատանքին սկսած է արդէն:
Արկածն ու պատահարները Դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած են շրջանի բնակչութեան գլխէն: Նոր Գիւղի ակումբի տղաքը սակայն օրական 24 ժամուան դրութեամբ պատրաստ են օգնութիւն մատուցելու շրջանի բոլոր բնակիչներուն` առանց խտրութեան: Մեր հանդիպման ընթացքին, շրջանի պատասխանատուներէն մէկը հաստատեց. «Մեր ծառայողական աշխատանքին հիմնակէտը ժողովուրդին օգտակար դառնալն է: Սկզբնական շրջանին մեր աշխատանքները կեդրոնացած էին ժամանակաւորապէս տեղահանուած ընտանիքներուն օգնութեան վրայ: Նման պարագաներուն մէջ յայտնուած ընտանիքներուն ապահովեցինք բնակարան, սնունդ եւ տարրական կարիքներ: Ժամանակի ընթացքին թէ՛ նպաստընկալ ընտանիքներու թիւը եւ թէ անոնց կենցաղային դժուարութիւնները բազմապատկուեցան: Տիրող քաոսային իրավիճակին պատճառով շրջանին մէջ ունեցանք վիրաւորներ եւ մարդկային կորուստներ: Նոր Գիւղի ակումբի տղաքը միշտ փորձեցին սփոփողի եւ մխիթարողի դեր կատարել, երբեմն գիշերուան ուշ ժամերուն իսկ հիւանդներ փոխադրել մօտակայ հիւանդանոցներ` շրջանի շտապ օգնութեան մեքենայով:
Անցնող երկու տարուան ընթացքին անհամար փորձանքներ պատահեցան` պայթումներ, հրթիռաձգութիւն, դիպուկահարներու անխնայ հարուածներ: Այսպիսի ահեղ պայմաններու մէջ կ՛ընթանան ծառայողական աշխատանքները: Նման պայմաններուն մէջ ծառայելը անձնուրաց եւ նուիրական աշխատանքի վկայութիւն է: Այս գիտակցութեամբ ակումբի տղաքը կը գործեն Նոր Գիւղի եւ հայահոծ այլ շրջաններու մէջ:
Այստեղ կը տիրէ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ: Կենցաղային օժանդակութիւններէն յիշենք առանձնապէս` ամէնօրեայ դրութեամբ պատրաստ ճաշի մատակարարումը`մօտաւորապէս 1000 անհատի, ինչպէս նաեւ սննդակողովներու հերթական բաշխումը»:
Նոր Գիւղ շրջանին մէջ հայկական անուններ կրող շէնքերն ու համալիրները, տեղւոյն Ազգային վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ ակումբներուն հետ կը կազմեն գեղեցիկ խճանըկար մը: «Սիս» համալիրը մէկն է այդ կառոյցներէն: Անոր բնակիչները բազմապիսի դժուարութիւններ դիմագրաւելով մեծաւ մասամբ կը շարունակեն ապրիլ Նոր Գիւղի մէջ` միասնաբար կիսելով դժուարութիւնները: «Սիս» շէնքի բնակիչներէն` Նուշիկ Ղազէլեան կը յայտնէ. «Եղան օրեր, երբ ելեկտրականութիւն ու ջուր չունեցանք: Բոլորս մէկ տան մէջ հաւաքուելով ելեկտրածին կ՛աշխատցնէինք: Շրջանը բարձունքի վրայ ըլլալուն պատճառով ջուր ապահովելը դժուար էր: Նոյնիսկ օրեր եղան, երբ մեր զաւակները տանիքը լոգցուցինք` օգտուելով ամբարուած ջուրէն»:
Նոյն զգացումներն ու ապրումները կը կիսէ Յակոբ Խուտէցեանը. «Ճիշդ է, որ անել կացութիւններու մատնուեցանք եւ երբեմն ակամայ հեռացանք մեր բնակավայրէն, սակայն մեր շէնքի դրացիներուն հետ մեր կապուածութիւնը կրկին Նոր Գիւղ բերաւ մեզ: Մենք կը ջանանք պահել հայկական այս միջավայրը»:
Արազ Տողրամաճեան անդրադառնալով Նոր Գիւղի բնակիչներուն տագնապալի առօրեային կ՛ըսէ. «Անցեալ տարի շրջանը աւելի մեկուսացած վիճակ ունէր: Այս տարի, երբ վերաբացուեցան Ազգ. Զաւարեան եւ Ազգ. Սահակեան վարժարանները, շրջանը աւելի վերակենդանացաւ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին միշտ բաց կը պահէ իր դռները, թէկուզ երբեմն սակաւաթիւ հաւատացեալներով: Ընտելացանք տիրող իրավիճակին: Մենք, որպէս երիտասարդներ կը մասնակցինք նաեւ շրջանին ծառայողական աշխատանքներուն` աշխատելով տարբեր յանձնախումբերու մէջ: Տարբեր յանձնախումբերու աշխատանքին մէջ առանձին ուշադրութեան արժանի է Հանդերձահաւաքի յանձնախումբը, որ հայ թէ տեղացի կարիքաւորներուն կ՛օժանդակէ հանդերձներ տրամադրելով անոնց:
Օժանդակութիւնները ծայր աստիճան խորհրդապահութեամբ կ՛ընթանան` առանց ցայտուն յայտարարութիւններու»:
Շրջանի բնակիչներէն Վարդուկ Օհաննէսեան կ՛ըսէ. «Երբ ինկած հրթիռներուն պատճառով աշխատանոցս վնասուեցաւ` առաջին փութացողները նոր Գիւղի ակումբի տղաքը եղան: Անոնց նուիրեալ աշխատանքը գնահատելի է: Անոնք տիւ ու գիշեր հսկելով մեր թաղերուն մէջ` ապահովութիւն կը ներշնչեն մեզի»:
Նայիրի Խուտէցեան շնորհակալութիւն յայտնելով տղոց ստանձնած այս վսեմ գործին կ՛ըսէ. «Երախտապարտ ենք տղոց տարած այս շնորհակալ աշխատանքին համար,- ապա կ՛աւելցնէ,- շատեր կը խուսափին Նոր Գիւղ գալէ: Բոլոր շըրջաններն ալ հաւասարապէս վտանգուած են: Ամէն տեղ կրնայ արկած պատահիլ»:
Եւ այսպիսի պայմաններուն մէջ անգամ Հալէպահայութեան սիրտը` Նոր Գիւղը կը շարունակէ բաբախել:
Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան