Մինչեւ առուն ջուր կը գայ`
Գորտի աչքը դուրս կը գայ:
Հայկ. առած
Կրկին ու արդէն քանի՜երորդ անգամ քաղաքը դատապարտուած է խեղդուելու: Քիչ են կարծես ամէնօրեայ ահն ու մահը, ահա կրկին «չկայ»-ներու նիւթը կը ծամէ քաղաքը: Պատերազմական բեմ-քաղաքի բնակիչները այլեւս կը մերժեն ըմբըռնել պատերազմի անխուսափելի հետեւանքները: Ու մի՛շտ, եւ ամէնո՛ւր նոյն նիւթերը` տարբերակներով, զորս կը փորձեմ ներկայացնել:
Ա. տարբերակ
– Չէ՛, այս անգամ երկար պիտի մնանք մութի մէջ, լուծում չկայ:
– Ինչո՞ւ…
– «Անոնք» պետութեան առջեւ պայմաններ դրած են` գերիները արձակել, կարգ մը տեղեր պաշարումի օղակը բանալ, որ իրենք ալ «քահրապա» տան:
– Ըլլալի՞ք է մը. ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ… Բայց քաղաքն ալ առանց ջուրի…
– «Քահրապա» եթէ չկայ` ջուր ալ չեն կրնար հասցնել:
– Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, առանց լոգանքի՛, առանց մաքրութեա՛ն` Զատիկ:
Ու այսպէս` յոյսի տկար նշոյլներն ալ կ՛երերան ու մեր չորցած ծորակներուն պէս` կը չորնան:
Բայց ահա կը ծագի նոր յոյս (այսքան տատանումներէն ետք տակաւին ունակ ենք յուսալ):
– Լսեցի՞ք, երկու օրէն Հալէպի «զէրօ ժամը» պիտի սկսի:
– Աղբա՛ր, քանի՞ անգամ` «երկու օր». երկու տարի է զինք կը սպասենք, ալ թո՛ղ գայ` մենք զէրօ չեղած…
* * *
Բ. տարբերակ
– Երանի՜ ձեզի, առաջին ու երկրորդ յարկերը ջուր կը հասնի: Քովս աչքերուս ճպռոտութիւնը լուալ չեմ կրնար, ո՜ւր մնաց` լուացք, լոգանք, տաք լոգանքի կարօտ մնացինք:
– Մի՛ նախանձիր, ջուրի մոթոր դիր:
– Բայց «քահրապա» չկայ…
– Հատ մըն ալ «քահրապա»-ի մոթոր գնէ՛:
– Բայց պէնզին չկայ…
– Գնա՛ կարգի կեցիր ու գնէ՛:
– Այսինքն` ծեծուըռտուքի, պոռչտուքի մէջ անցուր օրերդ:
– Ուրիշ ճամբայ չունիս` մինչեւ կարգ մը մարդոց ներմուծած մոթորները չծախուին` մեզի լոյս ու ջուր տուող չկայ,- կ՛եզրափակէ յոռետես ձայնը (թէ՞ իրատես…):
* * *
Գ. տարբերակ
Փողոցէ մը անցած միջոցիս պոռչտուքի ձայներ կը լսեմ, կը ծռեմ ճամբաս, կը մօտենամ: Ամբոխուած մարդիկ: Երբեմնի առատութեան եղջիւրէն բարիք բխող այս քաղաքին մէջ այլեւս սովորական է կարգի կեցած մարդիկ տեսնել: Բայց ինչի կարգ է` կազի՞, հացի՞, նպասի՞, շաքար-բրինձի՞, պէնզինի՞: Չէ՛, սա մեր համբերանքի գաւաթը յորդեցնող վերջին կարիքն է` ջուրի կարգ է. կը սպասեն ինքնաշարժը, որ պիտի գայ… Եղեր:
– Կ՛ըսեն` բոլոր թաղերու մէջ ալ պիտի բաժնեն,- կ՛ըսէ մէկը:
(Չէ՛, ես կարգի չեմ կենար,- կը խորհիմ: «Բայց ջուր չունիս»,- կ՛ըսէ երկրորդ ձայնը: «Ըսենք` կեցայ. ինչպէ՞ս վեր հանեմ…»):
– Ժողովո՛ւրդ, ամուր կեցէ՛ք, դեռ աւելի ծանր օրեր պիտի ըլլան,- կը պոռայ այր մը:
Բոլորը անոր կողմ կը դառնան: Աւետիս կը սպասուի` գոյժ կը մատուցուի…
Կը նայիմ այս յոգնա՛ծ, անհամար սոսկումներ ապրած ու գալիք սոսկումներու անորոշութեան նայող մարդոց եւ սիրտս կը ճմլուի: Կ՛ուզեմ պոռալ ու ըսել.
– Քոյրե՛րս, եղբայրնե՛րս, տոկացէ՛ք քիչ մը եւս. ամէն չարիք կը սպառի. հեռու չէ ասոր ալ կործանումը: Մարդի՛կ, եղբայրնե՛ր, առէ՛ք, վերցուցէ՛ք յոյսի այս խուրձերը, զորս ձեզի կը բաշխեմ` հանելով հոգւոյս խոր պահեստանոցէն. ու գիտեմ, հաւատացէ՛ք, սիրելինե՛ր, ի՛նչ ալ որ ըլլայ, ի՛նչ ալ որ ըլլայ, ի վերջոյ` յառաջիկային լոյսն է…
* * *
7-8 տարեկան երեք մանուկներ` երկու մանչ եւ մանչ-աղջիկ մը: Աղտը այլեւս անոնց մորթի մէջ անցած է: Գոյնը կորսուած աղտոտ, գզգըզուած մազեր, սեւ ձեռք ու ոտք` աղտոտ ցնցոտիներէն ելած: Նախապէս ալ տեսած եմ զանոնք` վաղահաս ու աշխարհի դէմ ատելութիւն ու արհամարհանք` արդէն ո՛չ մանկական աչքերու մէջ:
Ծալապատիկ նստեր են բանուկ մայթին, բոլորակ կազմեր: Բացարձակ անտարբեր են երթեւեկողներուն: Անցնողներն ալ կը ջանան զանոնք չնկատել:
Մեծի հովերով` ակռաներու մէջ մէկական ծխախոտի կոթուն սեղմած` թղթախաղով տարուած են:
Բախտի անիւին ծիրէն դուրս մնացած այս մանկութիւն չունեցող մանուկները երկրին ապագան են…:
Բայց սա մեր ճանչցած Սուրիան չէ՛, օ՜, աշխարհի դժնի տէրեր, սա ձեր սեւ հոգիներուն մրուրն է, որ կ՛ապականէ, կը պղծէ, կը կործանէ յոյս, սէր ու երազ…
* * *
Անոնք, որոնք տակաւին աշխարհին հետ կապ պահելու միջոցներ ունին` Ապրիլ 23-ին դիտած են թուրքի հերթական լարախաղացութիւնը: Թալէաթի ժառանգորդ այս գորշ գայլը, գառնուկի մորթով փաթթուեր, ու ցաւակցութի՜ւն յայտներ է Առաջին Համաշխարհային պատերազմին վնասներ կրած հայոց սերունդներուն… Ա՛լ ազատ էք Թուրքիոյ մէջ այս նիւթը խօսելու…Ինչպիսի՜ մարդասիրութիւն…
Արդեօք խօսած պահուն արցունք ալ չթափե՞ց «խեղճը»:
– Արդեօք այս թատրոնը ո՞վ ունի որպէս գըլխաւոր բեմադրիչ:
– Արդեօք այս խաղը մէկ ծայրով ուղղուած չէ՞ ներքին հանդիսատեսին:
– Արդեօք չգտնուեցա՞ն հայեր, որոնք խանդավառ յուզումով ընդունեցին այս խաղը: Անպայմա՛ն պիտի գտնուին ջերմ փափաք ունեցողներ` բռնելու թուրքին արիւնոտ թաթը…Կամ իրենց մարդկայնութիւնը 30 արծաթով ծախողներ:
Ի վերջոյ` ո՞ր սեւ ծրագրին ի խնդիր եղաւ այս խաղը, որո՞նց աչքին փոշի փչելու համար:
Բան մը յստակ է` ասկէ աւելի լկտիութիւն դարձեալ ու միայն թուրքը կրնայ ունենալ:
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
