Perio News/fb/ – Մայիս 11-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուեցաւ նկարչական ցուցահանդէս` մասնակցութեամբ 53 նկարիչներու. ցուցահանդէսին ամբողջ հասոյթը պիտի նուիրուի Սուրիոյ աղէտեալներուն:
Արամ արք. Աթէշեան շնորհաւորեց բոլոր այն նկարիչները, որոնք բարեհաճած էին նուիրելու իրենց ստեղծագործութիւնները: Ապա բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիա ապաստանած սուրիահայերու մասին: