Perio News – Մարտ 23 եւ Մարտ 25, 2014ին, համագաղութային մակարդակով, տեղի ունեցան հանրային հաւաքներ Պոսթընի եւ Ուաշինկթընի մէջ, ներկայացնելու համար Սուրիահայութեան իրավիճակն ու Սուրիոյ կենցաղային դժուարութիւնները՝ պատերազմական այս ծանր պայմաններուն մէջ:

Զեկոյցը փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Զեփիւռ Է. Րէիսեան, որ Պոսթըն կը գտնուէր մասնակցելու ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստին: Րէիսեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ մարդասիրական օժանդակութեան զանազան մարմիններուն տարած աշխատանքներուն: Ան մասնաւորապէս կեդրոնացաւ Հայ Օգնութեան Միութեան ծրագիրներուն՝ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս:

Զոյգ հաւաքներուն ընթացքին, ներկաներուն սրտափուխ նուիրատուութիւններու ընդհանուր $13,000 ԱՄՆ գումարը ($10,000 – Ուաշինկթըն, $3,000- Պոսթըն) յատկացուեցաւ ՀՕՄ-ի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան ֆոնտին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Զեփիւռ Է. Րէիսեանի զեկոյցը ՀՕՄ-ի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան ծրագիրներուն մասին: