asbarez.com – 20 Ապրիլ 2014. Ս. Զատիկ. Անմահ Յարութեան տօն:

21 Ապրիլ 2014. Մեռելոց:

Տարագրեալ քեսապահայութիւնը Ս. Յարութեան տօնին օրը ամբողջացուց միամսեայ վտարանդի կեանքը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին եւ սրահին մէջ:

Վերջապէս Զատիկ էր: Կարմիր հաւկիթ ալ նուէր եկած էր քեսապահայութեան, յարգելու համար իր պապենական դարաւոր սովորութիւնը:

Յաջորդ օրը. Մեռելոց օր: Բայց ի՜նչ մեռելոց, երբ տարագրեալ ժողովուրդը հեռու էր իր ննջեցեալներէն:

Յարութեան տօնի յաջորդ օրը Մեռելոց էր. քեսապահայութիւնը կ՛ուզէր «Յարութիւն» առնել իր տեղահանութենէն:

Մեռելոց էր, եւ քեսապահայութիւնը կ՛ուզէր հոգեհանգիստ կատարել իր ննջեցեալներուն համար: Հոգեհանգիստ կ՛ուզէր կատարել իր նահատակին, 22 գարուններ հազիւ բոլորած Գէորգ Ճուրեանի մահուան, որ 22 Մարտ 2014ին մահաբոյր առաւօտ, բռնօրէն տարուած էր հայաթաղի Քեսապի իր բնակարանէն, ուր միամտաբար ապաստանած ու մնացած ծնողաց հետ, անտեղեակ ու անգիտակ պատահած ահաւոր զինեալ յարձակումին: Յաջորդ օր, գիշերուայ ամպամած երկինքին տակ, իր հօրեղբայրները տան մօտ թաղած էին անոր անշունչ դիակը, լուռ ու մունջ:
Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնայոյզ…

Գէորգին հոգեհանգստեան արարողութիւնը նախաձեռնած էին քեսապահայութեան երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւները՝ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան եւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան: Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Արտակ վրդ. Արապեան, որ տօնական այս պահուս յատուկ ուղարկուած էր Լաթաքիա՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն:

Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նահատակի հոգւոյն: Օրուայ պատգամը փոխանցեց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը, որ թուելէ ետք Գէորգին մարդկային արժանիքները, նշեց անարգ ու դաժան կերպով զայն սպաննելու պարագան, սակայն տէր հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց յարութեան գաղափարին վրայ՝ շեշտելով, որ այստեղ Գէորգի հոգեհանգստեան սեղանին շուրջ բոլորուած քեսապահայութիւնը յարութեան փաստն է, որ կու տայ եւ գիւղ վերադառնալու տեսիլքը փայփայող քեսապահայութիւնը ոչ միայն Գէորգին յիշատակի յարութիւնն է, այլեւ ամբողջ հայ ազգին՝ 1.5 միլիոն եւ առաւել մէկ նահատակներու յարութիւնն է, որ կը ոգեկոչէ: Ան նշեց, որ այս եկեղեցւոյ բակը ի մի հաւաքուած քեսապահայութիւնը մահուամբ մահը կոխելով վեր բարձրացաւ դէպի յարութիւն:

Սրտի խօսք կատարեց քեսապահայութեան անունով Արա Քէշիշեան՝ ըսելով. «Իր դիմագիծը փոխած նոյն արիւնակզակ թուրքը երեւան հանեց իր իսկական երեսը: Գէորգ միամտաբար կարծեց փոթորիկին շուտափոյթ աւարտը եւ ծնողաց հետ մնաց գիւղ եւ ենթարկուեցաւ ոսոխի դաժան հարուածին եւ սպաննուեցաւ: Իր արիւնը ոռոգեց երաշտէն ծարաւցած Քեսապի հողը, միանալով 1915ի Քեսապի եւ համայն հայութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու փաղանգին: Իր մահով Գէորգ մեզի տուաւ վերապրելու, Քեսապ վերադառնալու կամքը»:

Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Մոմերը լուսաւորեցին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող նահատակաց յուշարձանը: Հոն զետեղուեցան եօթը ծաղիկներ, որոնք կը նշանակեն Քեսապի երեք համայնքները, Քեսապի գիւղերը, երիտասարդութիւնը, ծնողքը եւ համայն հայութիւնը:
Երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա», ապա Դանիէլ Դանիէլեան մեներգեց «Դաժան կռւում դուք ընկաք» երգը: Ապա ժողովուրդը այս անկիւնադարձային առթիւ միահամուռ ու միաբերան երգեց «Կիլիկիա» երգը, արտայայտելով իր Քեսապի վերադարձի տենչը ու կամքը: Վերջապէս եկեղեցւոյ բակին մէջ անոր հարազատները ընդունեցին ցաւակցութիւնները:

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ