PERIO NEWS /fb/ – 1 մայիս 2014-ին, երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրասանդերու թիրախ դարձաւ: Աշխուժ եռուզեռ ունեցող Քելլէս թաղը երկու հրասանդ ինկաւ: Հրասանդի պայթումին պատճառով այլ վիրաւորներու կողքին կային նաեւ հայեր՝ Կարպիս Գապայեան գուլխէն վիրաւորուեցաւ, իսկ Րաֆֆի Պալեան՝ ոտքէն թեթեւ բեկորներ ստացաւ, մինչ Րաֆֆիի որդին՝ Կարօ Պալեան բաւական բեկոր ստանալուն պատճառով լուրջ վնասուածքներ ունեցաւ յատկապէս ստամոքսը:

Երեք վիրաւորներն ալ անմիջապէս տարուեցան հիւանդանոց, առաջին երկուքին վէրքերը թեթեւ ըլլալուն համար անմիջական բուժումներ կատարուեցան, իսկ 13 տարեկան Կարօ Պալեանի բեկորները մարմինէն դուրս բերելու համար չորս ժամ տեւողութեամբ գործողութիւն տեղի ունեցաւ:
Այլ երկու հրասանդ ալ կառատուն Յովհաննէս եւ Մուպայյէտի վրայ ինկաւ:

Հրասանդերու պայթումի պատճառով ֆիզիքական վնասներու կողքին արձանագրուեցան նաեւ նիւթական վնասներ, քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ: