PERIO NEWS – Այսօր, 22 ապրիլ 2014-ի, առաւօտեան ժամերուն Հալէպի Ռամուսիէ շրջանին մէջ շատ ահաւոր զինեալ բախումներու ժամանակ ստացած փամփուշտի հետեւանքով զոհուեցաւ պետական զինակից Կարպիս (Կարօ) Մելքոնեան:

Իսկ, 12 ապրիլ 2014-ին հրթիռաձգութեան պայթումի պատճառով եւ ստացած բեկորներու հետեւանքով վիրաւորուած Սարգիս Մարտիրոսեան իր մահկանացուն կնքեց հիւանդանոցի մէջ: