yerakouyn.com – Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւրոպական հիմնարկը, որ կը միաւորէ հարիւրաւոր ՄԻՊ-եր եւ իրաւապաշտպաններ ողջ Եւրոպայի մէջ, արձագանգած է քեսապահայութեան խնդիրով Կարէն Անդրէասեանի ուղերձին:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

“Եւրոպական ՄԻՊ-երու հիմնարկը տեղեկացաւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան պարոն Կարէն Անդրէասեանէն Սուրիոյ, մասնաւորապէս` Քեսապի մէջ, մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին: Իբրեւ Եւրոպական ՄԻՊ-երու հիմնարկի անդամ` Հայաստանի ՄԻՊ-ը, իր համակարգման եւ միջնորդական առաքելութեան ծիրին մէջ, անհրաժեշտ համագործակցութեան եւ օգնութեան կոչ կ’ուղղէ խնդիրին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն:

Այս բարդ եւ ողբերգական հանգամանքներուն մէջ պէտք է շարունակել ջանք չխնայել տարածաշրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ երկրին մէջ ճգնաժամը խաղաղ ճանապարհով յաղթահարելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կառուցողական համագործակցութիւն հաստատելու քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` միջազգային իրաւունքու հիման վրայ:

Եւրոպական ՄԻՊ-երու հիմնարկը կը յորդորէ եւ կոչ կ’ուղղէ Սուրիոյ ճգնաժամի բոլոր կողմերուն՝ ներկայ ճգնաժամը յաղթահարելու համար կիրառել խաղաղ եւ ուղիղ երկխօսութեան ճանապարհը` մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքներու լոյսին տակ”: