lragir.am – Ապրիլի 7-ին Հալեպի, այդ թվում, հայաշատ թաղամասերի վրա տասնյակ հրթիռներ ու արկեր են ընկել: Այս մասին տեղեկացնում է Բերիո լուրերի Ֆեյսբուքի էջը:

«Երէկ, 7 ապրիլ 2014-ին, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ հայաշատ շրջաններու մէջ յատկապէս տասնեակ հրասանդեր եւ հրթիռներ արձակուեցան:
Յետմիջօրէին աւելի քան 40 հրասանդեր եւ հրթիռներ ինկան քաղաքին մէջ, իսկ աւելի քան 5 հատ հայահոծ շրջաններ՝ Սուլէյմանիէ, Աուժեթ Ժըպ եւ Վենեզուելլա փողոցներու շէնքերու տանիքները:

Հրասանդերու եւ հրթիռներու այթումներու պատճառով շրջանի բնակիչները ահ ու սարսափի մատնուեցան: Արձանագրուեցան բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ, որ նիւթական մեծ ծախսերու կը նայի»