yerakouyn.com Ուրբաթ, 21 Մարտ 2014-ի առաւօտ, կանուխ ժամերուն Քէսապ եւ շրջակայ գիւղերը յարձակումի ենթարկուելուն պատճառով շրջանի բնակիչները հեռացան աւելի ապահով վայրեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Հայերէն շատեր ապաստան գտան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող Ազգ. կառոյցներու մէջ: Տեղւոյն Շտապի մարմինը, Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան հետ, անմիջապէս պէտք եղած կարգադրութիւնները ընելով բաժնեց սննդակողովներ եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Արդէն անմիջական այլ աշխատաքներ կը տարուին կենսական նիւթեր ապահովելու համար, որպէսզի ապաստանեալները այսօր գիշերէն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործուած է Քեսապի վրայ։ Յարձակումը սկսած է այսօր առաւօտեան ժամը 5:00-ին, բնակիչները վտանգէն հեռու մնալու համար հեռացած են աւելի ապահով վայրեր, իսկ մէկ մասը տեղափոխուած է Լաթաքիա։
Քեսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին։ Սուրիական զօրքը այժմ կը պաշտպանէ աւանը ետ մղելով զինեալները։ Սուրիական օդուժը կը հարուածէ զինեալ խմբաւորումներու հաւաքատեղիները։
Քեսապի վրայ յարձակումները ստանձնած են «Ալ Նասրա» եւ «Ալ Իսլամիէ» ճիհատական զինեալ խմբաւորումները։