kantsasar.com – …..Գո­ղե­րի հետ­քը իր տունն է տա­նում,
Հա­մե­ցէ՛ք, տիւան ու­զիր սրա­նից:
Թու­ման­եան
«Գողն ի՞նչ կ՛ու­զէ` մութ գի­շեր»
Հայկ. առած
Սուր­ի­ան քան­դե­լու «վսեմ առա­քե­լու­թեան» մաս կը կազ­մէ նա­եւ թան­գա­րա­նա­յին հնու­թիւն­նե­րու կո­ղո­պու­տը: Եւ ոչ միայն կո­ղո­պուտ. մարդ­կու­թեան ար­մատ­նե­րը կտ­րե­լու եւ միայն այ­սօր­ուան իրենց «օրէնք­նե­րուն» հպա­տա­կեց­նե­լու ճիգ:

Կը յի­շէ՞ք 642-ին ու­ղե­ղի ինչ­պի­սի փայ­լա­տա­կու­մով վար­ուե­ցան Ալեք­սանդր­իոյ հնա­գոյն գրա­դա­րա­նի մնա­ցորդ­նե­րուն հետ, այն գրա­դա­րա­նին, որ­մէ լոյս առած էին նա­եւ Մաշ­տո­ցի աշա­կերտ­նե­րը… Մո­լե­ռանդ հա­ւա­տաց­եա­լը որո­շեց` եթէ այդ գիր­քե­րը Ղու­րա­նի ըսա­ծին հա­մա­ձայն են, ու­րեմն աւե­լորդ են, եթէ հա­կա­ռակ են, ու­րեմն առա­ւել եւս վնաս են, ու­րեմն` այ­րե՛լ… Սուր­իա, որ մար­դու հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րան­նե­րէն է ու բա­ցօ­թ­եայ թան­գա­րան է ինք­նին, կորսնց­նե­լիք շա՜տ բան ու­նի, իսկ մու­թին մէջ գոր­ծող­նե­րը` գտ­նե­լիք:

Հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին պա­շար­ուած Լե­նինկ­րա­տի (Պե­տերս­պուրկ) սո­վա­հար բնա­կիչ­նե­րը ի՜նչ ջան­քեր կը թա­փէ­ին պաշտ­պա­նե­լու հա­մար իրենց բա­ցօ­թ­եայ ու թան­գա­րա­նա­յին ար­ժէք­նե­րը ու այդ ճի­գին մէջ որ­քան մեծ էր այն օրե­րուն աշ­խար­հի մեծ թան­գա­րան­նե­րէն մէ­կուն` Էր­մի­թա­ժի տնօ­րէն Օր­բելիի, հա­յազ­գի մեծ գիտ­նա­կա­նին դե­րը:

Սուր­իոյ մէջ այ­սօր պատ­կե­րը նոյ­նը չէ, չի ալ կր­նար ըլ­լալ, սա­կայն կա­տա­րուո­ղը ցա՛ւ է, կրկ­նա­կի ցաւ, երբ սուր­ի­ա­ցին իր երկ­րին գան­ձե­րը կո­ղոպ­տո­ղին գո­ղա­կից է: Ըս­ուած է` «երբ գո­ղը տու­նէն է, եզը եր­դի­քէն կը հա­նեն», իսկ առած­նե­րը խտաց­ուած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք են…:
Իրաք նոյ­նը կա­տար­ուե­ցաւ, գո­ղօ­նը կար­ծես թէ մարս­ուե­ցաւ, իսկ աշ­խար­հը լռեց:

Ո՞վ էր որ պի­տի բազ­մա­ձայ­նէր ու ահա­զան­գէր.

Մեր վե­րի դրա­ցի՞ն, որ պե­տու­թիւն հիմ­նած է միայն ու միայն գո­ղու­թեան վրայ, հի­մա ալ մե­ծա­գոյն գո­ղա­կիցն է:

Անո՞նք, որոնց կը պատ­կա­նի աշ­խար­հի ազ­դե­ցիկ լրա­տուու­թիւնը…: Կը կար­ծէ՞ք որ իրենց ձեռ­քե­րը չեն մու­թին մէջ գոր­ծո­ղը….:

Անո՞նք, որոնց թան­գա­րան­նե­րը կը պայ­թին աշ­խար­հի բո­լոր հնա­գոյն մշա­կոյթ ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր ար­ժէք­նե­րու գո­ղօն­նե­րէն:

Բայց նե­րե­ցէ՜ք, անոնք «քա­ղա­քա­կի՜րթ» ձե­ւով գողց­ուած ու սե­փա­կան­ացուած են, այն­պէս, որ այ­լոց հա­նե­լուկ առա­ջար­կող խեղճ Սֆինք­սը (Ապու ըլ Հօլ) ար­դէն աւե­լի քան հա­րիւ­րամ­եակ ի՛նք հա­նե­լու­կի առ­ջեւ է` մնա՞յ Եգիպ­տոս (մա­նա­ւանդ` այս խառ­նակ օրե­րո՜ւն, անա­պա­տի՜ մէջ), թէ՞ ել­լէ, եր­թայ Անգլ­իա, վեր­ջա­պէս իր տա­րա­գիր մօ­րու­քին մի­ա­նա­լու ու Պրի­թա­նա­կան թան­գա­րա­նին մէջ փա­ռա­ւոր շա­րու­նա­կե­լու իր հա­զա­րամ­եայ եր­թը …:

Նոյն թան­գա­րա­նին մէկ ան­կիւնը մոռց­ուած մեր գլ­խատ­ուած Անա­հիտ դի­ցու­հին, տա­կա­ւին Փոքր Մհե­րի պէս քա­րայ­րէն ել­լել եւ հա­յոց աշ­խար­հը փր­կե­լու երա­զի մէջ է…:

Միթէ՞ նոյն բախ­տին ար­ժա­նա­ցաւ նա­եւ » Փալ­մի­րա­յի Զէ­նոպ­իա թա­գու­հին…:
Եթէ բո­լոր այդ հա­րուստ թան­գա­րան­նե­րէն գո­ղօն­նե­րը (ո՛չ օրի­նա­ւոր գն­ուած նուիր­ուած­նե­րը) տէ­րե­րուն վե­րա­դարձ­ուին` ո՞ւր կ՛ըլ­լան մե­ծա­գոյն թան­գա­րան­նե­րը…:

***
Երբ եր­կար մի­ջո­ցէ մը ետք ծա­նօթ թա­ղա­մաս մը կ՛այ­ցե­լես, ան­պայ­ման նո­րու­թիւն­ներ կը տես­նես: Մի՛ երե­ւա­կա­յէք բա­րե­կար­գում­ներ, ծաղ­կա­նոց­ներ, գե­ղե­ցիկ նոր շէն­քեր տես­նել. գե­ղե­ցի­կը վտար­ուած է մեր քա­ղա­քէն: Հա­յե­րէ­նի մէջ բա­ռեր կան, որոնք ին­ծի ան­փո­խա­րի­նե­լի ծա­ռա­յու­թիւն կը մատու­ցեն: Այս օրե­րը ամէ­նէն ճիշդ բնո­րո­շող բա­ռե­րէն է գոր­շը: Գոր­շու­թիւն հա­մա­տա­րած` դէմ­քե­րու, հա­գուստ­նե­րու, շր­ջա­կայ­քի, նոյ­նիսկ շուն ու կա­տու­նե­րու, ծա­ռե­րու, միայն եր­կինքն է որ եր­բեմն կը ճեղ­քէ գոր­շու­թիւնը ու կա­պոյտ երազ կը ցա­նէ քա­ղա­քին վրայ:

Նայ­եա­լը կից է ապ­րած թա­ղա­մա­սիս, սա­կայն այդ քա­նի մը հա­րիւր մեթ­րը վտան­գի կը տա­նէր, անոնց սահ­ման­նե­րուն մօտ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով: Լսե­լով որ առ այժմ դի­պու­կա­հար չկայ` կ՛որո­շենք եր­թալ: Եթէ կը յի­շէք` հոն, Մաարիի դպ­րո­ցին առ­ջեւ` ճամ­բա­նե­րու հա­տու­մի կէ­տին փոք­րիկ պու­րակ մը կար: Ան դեռ հոն է, սա­կայն վե­րած­ուած է գե­րեզ­մա­նո­ցի, ուր ազատ տեղ չէ մնա­ցեր ար­դէն: Դպ­րո­ցա­կան­նե­րը հոն պահմ­տո­ցի պի­տի խա­ղան եթէ դպ­րո­ցը վե­րա­բաց­ուի: Իսկ ո՞ւր պի­տի ըլ­լայ նըն­ջեց­եալ­նե­րու յա­ջորդ, «ժա­մա­նա­կա­ւոր» հանգր­ուա­նը: Ամէն ին­չի նման` այս օրե­րուս հոգ է նա­եւ մեռ­նի­լը ու մար­դիկ դա­ռն կա­տակ ալ կ՛ընեն` «Հի­մա մեռ­նե­լու ալ ատեն չէ, թա­ղե­լու տեղ չկայ…»:
***
Ինչ­պէ՞ս կը վար­ուիք, եթէ գտն­ուիք նման կա­ցու­թեան առ­ջեւ: Եօ­թա­նա­սուն­հին­գէն ութ­սու­նի մի­ջեւ տա­տա­նող կին մը, որ ամ­բողջ կեանք մը ապ­րեր է լիու­թեան մէջ, կար­ծե­լով թէ դրա­մը ծա­ռե­րուն վրայ կը բուս­նի ու իր վի­ճա­կը իր բա­ցար­ձակ ար­ժա­նի­քը նկա­տե­լով, հի­մա յու­սա­հա՜տ է…

-Ես այս օրի՞ն պի­տի հաս­նէի՜, ես զր­կան­քի վարժ­ուած չե՜մ,- ու կու լայ բա­ռացի­օ­րէն:

Ու ես կը յի­շեմ Մու­րա­ցա­նի «Տի­կին Փի­լար­եա­նի վիշ­տը»: Կի­սա­նօ­թի վար­ժու­հի­ներ հա­րուստ­նե­րու դու­ռերն ին­կած` գաղ­թա­կան­նե­րու հա­մար հան­գա­նա­կու­թիւն կը հա­ւա­քեն, մինչ­դեռ միլի­ո­նա­տէր տի­կին Փի­լար­եա­նը, իր «ըն­տա­նե­կան ծանր խն­դի­րով» վըշ­տա­ցած ու անտ­րա­մա­դիր ( ամու­սի­նը կ՛ար­գի­լէ կառ­քի ձի­ե­րուն պո­չե­րը ըստ նո­րոյ­թի կտ­րել), միայն 10 ոս­կի կը նուի­րա­բե­րէ «ձեր գաղ­թա­կան­նե­րին»:

– Տի­կի՛ն, կը դի­մեմ մեր օրե­րու Փի­լար­եա­նին,- փա՛ռք Աս­տու­ծոյ, տու­նիդ մէջ ես, զա­ւակ­ներդ` քովդ, ապ­րուստ ալ կայ…:

-Ի՜նչ կ՛ըսես,- կը շա­րու­նա­կէ լա­լա­գին,- ես մա­ծու­նով քիւֆ­թէն առանց առատ մի­սի կ՛ընէի՞, համ կ՛ու­նե­նա՞յ…:

-Եկո՛ւր քե­զի Նոր Գիւղ տա­նիմ ու տե՛ս, թէ հայ տի­կին­ներ ին­չե՜ր կը յօ­րի­նեն ըն­տա­նի­քը կե­րակ­րե­լու հա­մար.առանց սառ­նա­րա­նի չոր­ցած հա­ցը կը թր­ջեն ու որ­պէս միս կը շա­ղեն…:

-Ես վարժ­ուած չե՜մ, ես առա­տու­թեան վարժ­ուած եմ, ե՜ս…:
Ու կու լայ:

-Դուք ի՞նչ կ՛ընէ­իք նման պա­րա­գա­յի: Ես, նե­րե­ցէ՛ք եթէ ըսեմ, գա­նե­ցայ. ար­գա­հա­տանքս դէմ­քիս վրայ գր­ուած էր, երբ ելայ, ըսե­լով`
-Պի­տի վարժ­ուի՛ս, տի­կի՜ն, պի­տի վարժ­ուի՜ս, պա­տե­րա՜զմ է, մար­դիկ կը մորթ­ուին…:

***
Պատ­կեր.
Ճի­տէյտի­էի մուտ­քը. քա­նի մը քայլ միայն կր­նաս խո­րա­նալ, որ­մէ ետք վտան­գի գօ­տին է` մահ­ուան գօ­տին: Կեր­պա­սե­ղէ­նի յայտ­նի խա­նու­թին ցու­ցա­փեղ­կե­րու ապա­կի­նե­րը հա­ւա­նա­բար փշըր­ուած են, քա­նի որ նախ­կին ցու­ցա­փեղ­կը այ­սօր վե­րած­ուած է նպա­րա­վա­ճա­ռի փոք­րիկ խա­նու­թի. գոր­ծա­վա­րը ե՛ւ կտոր կը ծա­խէ, ե՛ւ իր մանր շա­հը կ՛ապա­հո­վէ. այս օրե­րուն շա­հի զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ յօ­րին­ուե­ցան: Կեր­պաս չա­փե­լիք սե­ղա­նը նա­խա­մուտ­քին դրած, վրան շա­րած է փայ­լուն թուղ­թե­րու մէջ փաթթ­ուած տե­սակ-տե­սակ անու­շե­ղէն­ներ, շո­քո­լա­ներ: Վե­րը ու վա­րը` շար­ուած տու­փեր: Եր­կու կին կտո­րի կը նա­յին: Տղան անոնց հետ զբա­ղած է: Ու յան­կարծ վրայ կը հաս­նի թայ­ֆու­նը, չես գի­տեր ո՞ր նեղ թա­ղէն մեծ արա­գու­թեամբ կը խու­ժէ 5-8 տա­րե­կան մա­նուկ­նե­րու հրո­սա­կա­խումբ մը, մեծ մա­սը` աղ­ջիկ­ներ` անլ­ուայ ու գզգզ­ուած մա­զե­րով: Կը յար­ձա­կին անու­շե­ղէն­նե­րու վրայ, ոտ­քով կը զար­նեն, կը թափթ­փեն տու­փե­րը, կը խառնըշ­տկեն, կը տարտղ­նեն ամէն ինչ, պատ­կե­րա­ւոր հայ­հո­յանք­նե­րով հա­մե­մե­լով իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Խա­նութ­պա­նը ի զուր կը փոր­ձէ ետ մղել յար­ձա­կու­մը: Անոնք թեթ­եւա­կի կը քաշ­ուին ու կր­կին կը յար­ձա­կին: Քա­նի մը այ­րեր իրենց խա­նութ­նե­րուն առ­ջեւ կե­ցած (ներս մտ­նե­լու պատ­րաստ դիր­քով) լուռ կը դի­տեն: Կա­մա­ւոր զի­նուոր­ներ կը յայտն­ուին ու մա­նուկ­նե­րը կը շր­ջա­պա­տեն զա­նոնք. խա­նութ­պա­նը կը փրկ­ուի:
Առ այժմ այս է Ամե­րի­կա­յի մե­զի շնոր­հե­լիք ազա­տու­թեան հե­տե­ւան­քը:

***
Անեկ­դո­տը-Իր­հա­պի նա­հա­տակ մը դրախ­տին մէջ յան­կարծ սուր­ի­ա­ցի զի­նուոր մը կը տես­նէ ու կը զար­մա­նայ.
– Դուն հոս ի՞նչ կ՛ընես, հոս մե­զի խոս­տաց­ուած է միայն:
-Չէ՜, աղ­բա՛ր, բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րը հոս կու գան, ես ալ նա­հա­տակ եմ:
-Է՞, հապա դժոխ­քը որո՞նց հա­մար է:
– Սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դի՜ն…:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

11/03/2014