kantsasar.com – Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները կայացան 2 Մարտ 2014-ին, Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:00-14:00, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու զոյգ ընտրական կեդրոններէն ներս:

Ընտրութիւններու արդիւնքով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական
Ժողովի անդամ ընտրուեցան`
Տիար Յակոբ Յակոբեան
Տիկ. Անժէլ Պօշկէզէնեան
Տիար Անդրանիկ Պօղոսեան
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
Տոքթ. Վահէ Սիսեռեան
Տիար Կարօ Եիւզպաշեան
Տիար Ճորճ Պապեան
Տիար Կարպիս Թրթռեան
Տիար Վահէ Ղազարեան
Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2014-ին գումարուած Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցական համագումարը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ ընտրեց`Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան Ազգաշէն ծառայութիւն եւ յաջողութիւն` նորընտիր երեսփոխաններուն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին:

ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հալէպ, 3 Մարտ 2014