kantsasar.com – Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան այցելեց «Գանձասար»ի խմբագրատուն, շնորհաւորեց նորանշանակ խմբագիրն ու աշխատակազմը, այնուհետեւ խմբագրութեան հետ զրուցեց սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ «Գանձասար»ի կարեւոր դերակատարութեան մասին` յատկապէս սուրիահայութեան տագնապին արձագանգելու եւ համայնքի աշխոյժ գործունէութեան պատկերը ներկայացնելու իր հանգամանքով: