kantsasar.com – Առա­ծի կարգ ան­ցած խօսք է, թէ մար­գա­րի­տը ցա­ւէն ծնունդ կ՛առ­նէ:

Այս ճշ­մար­տու­թեան նո­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւնը` Սուր­իոյ ու մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պի հա­յու­թեան ապ­րած ցաւն ու տա­ռա­պանքն է, որ­մէ ծնունդ առած մար­գա­րի­տը կը կոչ­ուի Լա­լա Միս­կար­եան-Մի­նաս­եան:

Մեր մա­մու­լին մէջ այս ստո­րագ­րու­թիւնը երեւ­ցաւ ու հե­տե­ւո­ղա­կան ներ­կա­յու­թիւն դար­ձաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու տարիէ ի վեր, սկս­եալ ա՛յն օրե­րէն, երբ քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գի­րով ծայր տուած տագ­նա­պը դու­ռը լայն բա­ցաւ զին­եալ զար­գա­ցում­նե­րու առ­ջեւ (բա­ռե­րը ի՜նչ տկար են եր­բեմն), որոնց մէջ, երկ­րին բնակ­չու­թիւնը ցըմ­րուր ըմ­պեց պա­տե­րազմ կոչ­ուած առ­հա­ւիր­քին տա­ժանքն ու դառ­նու­թիւն­նե­րը, տուաւ ան­հա­շիւ զո­հեր, բազ­մա­թիւ շր­ջան­ներ վե­րած­ուե­ցան աւե­րա­կոյ­տի, մար­դիկ մին­չեւ այ­սօր ալ կը փոր­ձեն մութ փա­պուղի­էն դուրս տա­նող ճամ­բա­ներ տես­նել Ժը­նեւ­եան ու նմա­նօ­րի­նակ խոս­տում­նե­րու մէջ:
Տագ­նա­պի ծան­րաց­ման հանգր­ուա­նէն աս­դին, Լա­լա -Միս­կար­եան-Մի­նաս­եան դար­ձաւ ժո­ղո­վուր­դին – եւ ոչ միայն շր­ջա­նի հա­յու­թեան ցա­ւե­րուն, տա­ռա­պան­քին, հի­աս­թա­փութ­եանց, յու­սա­խա­բու­թեանց ու յոյ­սե­րուն, զայ­րոյ­թին ու մանր գո­հու­նա­կու­թիւն­նե­րուն, մէկ խօս­քով` կրա­կէ օղա­կին մէջ ապ­րող­նե­րուն ԿԵԱՆ­Քին հա­րա­զատ թարգ­մա­նը, աւե­լին` կա­մուրջ մը դէ­պի ար­տա­քին աշ­խարհ:

Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, պէտք է ըսել, որ այս գրի­չը մի­ա­կը չէ, որ մար­գարտ­եայ առա­քե­լու­թիւն կը կա­տա­րէ. Հա­լէ­պի առօր­եան ու ցա­ւը ար­տա­յայ­տու­թիւն գտան նա­եւ Մա­րուշ Երամ­եա­նի ու հայ գիրին այլ նուիր­եալ­նե­րու մի­ջո­ցով, սա­կայն միւս­նե­րը որոշ չա­փով ծա­նօթ անուն­ներ էին ար­դէն, հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ու գրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով անց­եա­լին հա­ղոր­դա­կից դար­ձած էին ըն­թեր­ցո­ղին:

Հա­ւա­նա­բար Սուր­իոյ հա­յու­թեան ապ­րած ար­հա­ւիրք­նե­րուն օրը-օրին հե­տե­ւող ըն­թեր­ցո­ղը յա­տուկ անձ­կու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց ու կը շա­րու­նա­կէ սպա­սել այս «օրագ­րող»ին սիւ­նակ­նե­րը (քա­նի մը ամիս առաջ, պահ մը սր­դո­ղում մը ապ­րե­ցանք, երբ Լա­լան իր սիւ­նակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ակ­նար­կու­թիւն ըրած էր, որ կը մտա­ծէ դադ­րեցը­նել այս իւ­րա­յա­տուկ վազ­քը, սա­կայն մեր մտա­վա­խու­թիւնը փա­րա­տե­ցաւ «Սուր­ի­ա­կան Օրագ­րու­թիւն» սիւ­նա­կին շա­րու­նա­կու­մով): Ճիշդ է. հոն կայ տե­ղե­կագ­րու­թիւն` դէպ­քե­րու եւ պա­տա­հար­նե­րու մա­սին ար­ձա­գանգ­ներ, տա­քին ու ցուր­տին, ելեկտ­րա­կա­նու­թեան ու ջու­րի, տար­րա­կան սնն­դա­նիւ­թե­րու ներ­կա­յու­թեան կամ բա­ցա­կա­յու­թեան ստեղ­ծած ան­դո­հանք­նե­րը, սա­կայն այս սիւ­նակ­նե­րը շատ աւե­լին են, քան պարզ տե­ղե­կագ­րու­թիւնը: Ըն­թեր­ցո­ղը հոն կը գտ­նէ աղէ­տին զա­նա­զան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ար­տա­ցո­լա­ցու­մը, որ կ՛անց­նի ո՛չ միայն գրո­ղին, այլ նոյ­նինքն այդ վի­ճակ­նե­րը ապ­րող զանգը­ւա­ծին միտ­քէն, սիր­տէն, հոգի­էն ու… կեան­քէն: Եւ այս սիւ­նակ­նե­րուն ար­ժէ­քը, իրենց վա­ւե­րագ­րա­կան իմաս­տէն ան­դին, պէտք է փնտ­ռել պա­տե­րազ­մի օղա­կին մէջ գե­րի բռն­ուած զանգ­ուած­նե­րուն` հայ եւ արաբ ժո­ղո­վուր­դին դառ­նու­թիւն­նե­րը, բո­ղո­քը, մին­չեւ ան­գամ փի­լի­սո­փա­յու­թիւնը (թէ­եւ վեր­ջին կէ­տը առա­ւե­լա­բար ան­հա­տա­կան երիզ մը կը կազ­մէ, առանց խըզ­ուե­լու հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն):

Մեր նպա­տա­կը` Լա­լա­յին սիւ­նակ­նե­րուն բո­վան­դա­կութ­եան վեր­լու­ծու­մը կա­տա­րել չէ. անոնք վեր­լու­ծու­մի ու մեկ­նա­բա­նու­թեան չեն կա­րօ­տիր, որով­հե­տեւ կեան­քէ ու տա­ռա­պան­քէ ծնող էջե­րը առանց միջ­նոր­դի ար­դէն կը հաս­նին ոե­ւէ ըն­թեր­ցո­ղի սր­տին ու հոգի­ին, խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հին, ըն­թեր­ցո­ղը ըլ­լայ հա­լէ­պա­հայ, լի­բա­նա­հայ, իրա­քա­հայ, իրա­նա­հայ թէ նման կա­ցու­թիւն­նե­րէ չան­ցած (բա­րե­բախ­տա­բար) հա­յոր­դի մը: Այս գրո­ղը մի­ա­ժա­մա­նակ պարզ մահ­կա­նա­ցու է, վախ ու մտա­վա­խու­թիւն ապ­րող անձ, գուր­գու­րա­ցող ու­սուց­չու­հի (անձ­նա­կան հպում­նե­րը նուա­զա­գոյնն են, եթէ անոնք կապ չու­նին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հետ), սա­կայն նա­եւ մտա­ւո­րա­կան է, յա­ճախ կը դի­մէ գրող­նե­րու, մեծ մտա­ծող­նե­րու «խոր­հուրդ»նե­րուն, իսկ ամէն բա­նէ աւե­լի ու առաջ` տագ­նա­պա­հար եւ լաւ օրե­րու սպա­սող, ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնը պահ­պա­նող ան­հատն է, նման զինք ծնած ու շըր­ջա­պա­տող ժո­ղո­վուր­դին, աշ­խար­հի որե­ւէ մէկ եր­կին­քին տակ ապ­րող, իսկ այս օրե­րուն` Հա­լէ­պի հա­յու­թեան, որ ար­ժա­նա­ւոր տեղ ու­նի մեր պատ­մութ­եան բո­լոր էջե­րուն մէջ, անոնք ըլ­լան վե­րա­կանգ­նու­մի, պայ­քա­րի, մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին թէ այլ:

Ան­նա­խըն­թաց երե­ւոյ­թի մը առ­ջեւ չենք: Չենք ու­զեր այս գրո­ղը բաղ­դա­տել ժա­մա­նա­կա­կից կամ անց­եա­լի ոե­ւէ գրո­ղի` բա­նաս­տեղ­ծի կամ ար­ձա­նա­գի­րի հետ, սա­կայն երե­ւոյ­թը բա­ցատ­րե­լու հա­մար, կ՛ար­ժէ յի­շել օրի­նակ­նե­րը հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան տա­ռա­պանք­նե­րուն ար­տա­յայ­տի­չը եղող Խա­չա­տուր Աբով­եա­նի, Զա­պէլ Ասա­տու­րի, Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նի, Սի­ա­ման­թո­յի, անոնց սերն­դա­կից­նե­րուն եւ ու­ղին շա­րու­նա­կող­նե­րուն, իսկ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն` Վե­հա­նուշ Թէք­եա­նի, Շա­հան­դուխ­տի եւ նման հազ­ուա­դէպ­նե­րու, որոնք եղան Լի­բա­նա­նի եւ անոր հայ գա­ղու­թին ապ­րած տագ­նապ­նե­րուն ու տուայ­տանք­նե­րուն մէկ-մէկ հա­յե­լին (նկա­տե­ցի՞ք, թէ կին գրող­նե­րը իրա­կան ներ­կա­յու­թիւն են, եւ ոչ զար­մա­նալի­օ­րէն):

…Տօ­նա­կան օրե­րու նա­խօր­եա­կին ենք: Սո­վո­րու­թիւն է, որ մար­դիկ ամ­բողջ սր­տով ու ան­խառն զգա­ցում­նե­րով բա­րիք մաղ­թեն ծա­նօթ­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու, մին­չեւ ան­գամ ան­ծա­նօթ… հա­րա­զատ­նե­րու: Սուր­իոյ եւ հա­յու­թեան տագ­նա­պը չեն թո­ղուր, որ մեր զգա­ցում­նե­րը ըլ­լան ան­խառն, այլ մեր հո­գի­նե­րը ծան­րա­ցած են ցա­ւէն ար­ձակ­ուած ճի­չե­րով: Ան­ձամբ ծա­նօթ չենք Լա­լա Միս­կար­եան-Մի­նաս­եա­նի, սա­կայն ան ար­դէն նուա­ճած է պատ­ուան­դա­նը ըլ­լա­լու հա­րա­զատ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ամ­բողջ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ու զայն շր­ջա­պա­տող արաբ ժո­ղո­վուր­դին, ի՛նչ յա­րան­ուա­նու­թեան ու կրօն­քի ալ հե­տե­ւորդ ըլ­լան բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րը: Ու­րեմն, իրեն ու մարմ­նա­ւո­րած հա­ւա­քա­կա­նութ­եան մաղ­թենք, որ տա­ռա­պան­քի ու դառ­նու­թեան օրե­րը ըլ­լան համր­ուած, «Սուր­ի­ա­կան Օրագ­րու­թիւն»ը փա­կէ ցուրտ ու մութ օրե­րու էջը, սա­կայն վերջ չգտ­նէ անոնց հետ, այլ այս սիւ­նակ­նե­րէն շու­տով ծո­րին Սուր­իոյ հա­յու­թեան ու ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­կանգ­նու­մի եւ բա­րօր օրե­րու կեր­տու­մի մեղ­րը (ար­դէն հրա­ժա­րե­ցանք մար­գա­րի­տէն…), իսկ դառ­նու­թիւնը մնայ լոկ ան­բաղ­ձա­լի յի­շա­տակ, նման այն էջե­րուն, որոնք հո­գե­մա­շու­թեամբ մար­գար­տա­շա­րե­ցին այս հանգր­ուա­նը:

Իսկ մենք` ըն­թեր­ցող­ներս ու կա­րե­կից­ներս, կա­րե­նանք ըսել, որ Հա­լէ­պի ու տագ­նա­պա­հար որե­ւէ շր­ջա­նի մեր հա­րա­զատ­նե­րուն հետ ենք թէ՛ տա­ռա­պան­քի, թէ՛ լաւ օրե­րուն, ինչ­պէս ըսինք Լի­բա­նա­նի, Սպի­տա­կի ու Ար­ցա­խի տա­ռապ­եալ­նե­րուն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Բոլոր արուեստի գործերը ինքնակենսագրական են:
Մարգարիտը ոստրէին ինքնակենսագրութիւնն է»:
ՖԵՏԵՐԻՔՕ ՖԵԼԼԻՆԻ

30/12/2013