azator.gr – Առաջին անգամ ըլլալով Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբերը, Պ. Այրէս եւ Մօնթէվիտէօ, կազմակերպեցին ընկերային ճաշկերոյթ-հաւաք մը Ուրուկուէյի յայտնի ամարանոց Փունթա Տէլ էսթէյի Գոնրատ պանդոկի մէջ, եւ հասոյթը տրամադրեցին Սուրիահայութեան զանազան կարիքներուն։
Այս մասին կը յայտնէ Ուրուկուէյի մեր գործընկեր Կարօ Հէքիմեան:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին շրջանի երեք երկիրներու Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի հայաշատ գաղութներէն հրաւիրեալներ։
Ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեան եւ Ուրուկուահայ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեան, որոնք ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին ներկաներուն։
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ընդգծեց այն հանգամանքը ըսելով, թէ հակառակ անոր որ Հայ Դատի Յանձնախումբերու գլխաւոր աշխատանքը քաղաքական ոլորտն է, սակայն նման նա- խաձեռնութիւն մը իրենց կողմէ ոչ միայն գովելի եւ քաջալերելի է, այլ եւ նոր էջ մը կը բանայ մեր շրջանին մէջ, նպատակ ունենալով Հայ Դատի ծիրէն ներս, նաեւ օգտակար հանդիսանալու, Սուրիահայ ճգնաժամ ապրող մեր զաւակներուն աջակցութեան ձեռք երկարելու ազգանուէր աշխատանքին:
ՀՀ դեսպան պրն. Վահագն Մելիքեանն ալ իր կարգին շեշտը դրաւ միասնական աշխատանք ծաւալելու կարեւորութեան, յատկապէս Հայ Դատի Յանձնախումբերու այս առաջին եւ անհրաժեշտ ճիգը նկատելով իբրեւ սկիզբ՝ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կատարուելիք նման նախաձեռնութիւններուն, որոնց իրականացումին համար իր անվերապահ զօրակցութիւննուաջակ- ցութիւնը խոստացաւ ներ- դնել:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Յակոբ Թապագեանը իր խօսքին մէջ ծանրացաւ նման ձեռնարկները աւանդական ու յաճախակի դարձնելու եւ զանոնք ծառայեցնելու Հայ Դատի աշխատանքներուն, սատար հանդիսանալու կարեւորութեան,քանի որ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք, յատկապէս այս վերջին երկու տարիներուն, թուրք- ազերի հակահայ ծաւալուն աշխատանքի դիմաց մեր շրջանին մէջ, որոնք կը փորձեն իրենց նիւթական հզօր աղբիւրները օգտագործելով քաղաքական գործիչներ սիրաշահիլ եւ մեր աշխատանքները խոչընդոտել:
Բարեսիրական ճաշկերոյթի ընթացքին լայն պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի հայութեան ծանր պայմաններու տակ գտնուող ներկայ իրավիճակը։
Նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժին, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրուկուէյի ազգային «ՍՕՏՐԷ» թատրոնի մեներգիչներէն, Յակոբ Պոյաճեան, քամանչահար Նժդեհ Պոյաճեան եւ դաշնակահար Ալէխանտրօ Սարգիսեանը