yerakouyn.com – Հալէպի բնակիչները Ամանորը անցուցին մթութեան մէջ եւ զարկերու տակ. Զարկերը յատկապէս եղած են Մուլէյմանիյէ եւ Ազիզիյէ քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն մէջ։
Հայկական շրջանակէն ներս զարկերը պատճառած են միայն նիւթական վնասներ։
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Հալէպի մեր աղբիւրները։
Թող 2014-ի գալիք օրերը խաղաղութեամբ թեւածեն ողջ Սուրիան։
01/02/2014