kantsasar.com – Ինչ­պէս որ ըմ­բոս­տու­թիւն մը եր­կու տա­րի ետք կը վե­րած­ուի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի, այդ­պէս ալ եր­կու տա­րի վերջ մեր վի­ճա­կը կը փոխ­ուի եւ այլ անուն կամ պի­տակ կը ստա­նայ, թէ­եւ տա­կա­ւին չեմ գի­տեր, թէ ի՞նչ անուն պէտք է տալ ժո­ղո­վուր­դի մը դի­մա­նա­լէն աւե­լի դի­մա­նա­լու կա­րո­ղու­թեան, տո­կա­լու սահ­ման­նե­րէն շատ ան­դին անց­նող ամ­րու­թեան եւ գա­լի­քին հա­ւատ­քը շատ ամուր պա­հե­լու յա­մա­ռու­թեան:

Բայց եթէ կը գի­տակ­ցինք այս­քա­նին, չեմ կար­ծեր, որ տա­կա­ւին գի­տենք, թէ ի՛նչ կը սպա­սէ մե­զի, ան­գամ մը որ մտ­նենք «մոռց­ուած պա­տե­րազմ­ներ»ու սահ­մա­նէն ներս եւ լք­ուինք մենք մեր ճա­կա­տագ­րին:Ամէն գի­շեր զարկ կայ. եր­բեմն շատ, շատ մօ­տէն կու գայ ար­կին նախ եր­թա­լու, ապա իյ­նա­լու ձայ­նը: Վարժ­ուե­ցա՞նք: Ո՛չ. բայց ան­տար­բե­րու­թիւն կը կեղ­ծենք, աչք-ականջ ամուր կը փա­կենք եւ կը մտա­ծենք վաղ­ուան աշ­խա­տան­քին մա­սին:

Ասի­կա, վաղ­ուան մա­սին մտա­ծե­լը կ՛օգ­նէ, որ մեր ան­տար­բե­րու­թիւնը, կամ զայն կեղ­ծե­լու արար­քը յա­ջո­ղի, օրօ­րէ մեզ եւ գի­շեր մը եւս կա­րե­նանք քնա­նալ, գո­նէ քա­նի մը ժամ, երբ կր­կին պի­տի արթն­նանք ան­հանգս­տա­ցած` նո­րէն ո՞ւր կը զար­նեն արդ­եօք …

***
– Անիծ­ուի՛ն,- գրեր էր բա­րե­կա­մու­հիս դի­մա­գիր­քին վրայ :- Կրկ­նակի­օ­րէն անիծ­ուին,- պա­տաս­խա­ներ էի, կար­դա­լով այն բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն մա­սին, որոնք Րաք­քա քա­ղա­քին մէջ ար­դէն մա­հա­մերձ են, որով­հե­տեւ պե­տութ­եան կող­մէ ձրի­օ­րէն իրենց տրա­մադր­ուած Թա­լա­սիմ­իա­յի դե­ղե­րը քա­ղաք չեն հաս­նիր, անոր «ազա­տագ­րու­մէն» ետք: Ինչ­պէ՞ս չտագ­նա­պիլ նման լու­րե­րու առ­ջեւ, երբ մա­նուկ­ներն են որ իրենց կեան­քով կը վճա­րեն յան­ցանք­նե­րու հա­մար, զորս ոչ միայն գոր­ծած չեն, այլ չեն իսկ հասկ­նար: Չի՞ բա­ւեր որ հիւանդ են ար­դէն եւ զրկ­ուած մա­նու­կի մը բո­լոր իրա­ւունք­նե­րէն, եւ տա­կա­ւին պէտք է զրկ­ուին նա­եւ դե­ղօ­րայ­քէ՞: Տեղ մը բան մը սխալ է. կար­ծես ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ վեր­ջերս շատ բա­ներ սխալ են: Անոնք որոնք կը հո­գան, ձայն չու­նին, իսկ անոնք որոնք ձայն ու­նին, ոչ իսկ կը մտա­ծեն: Այս­պէս եղեր է եւ այս­պէս պի­տի ըլ­լայ դըժ­բախ­տա­բար:

***
– Չեմ հասկ­նար, թէ ին­չո՞ւ փու­ռե­րուն առ­ջեւ այս­քան խճո­ղում կայ` հի՞նգ հա­րիւր, հա­զա՞ր հո­գի …
– Ի՞նչ կայ չհասկ­նա­լիք:

– Եր­կու օր առաջ քա­նի մը հո­գի կար միայն, արագ մը հացս առի եւ տուն վե­րա­դար­ձայ:

– Քա­նի՞ հա­ցը քանիի առիր:

– Հինգ նկա­նա­կը հա­րիւր ոսկիի:

– Պարզ է ու­րեմն. այ­սօր քսան նկա­նա­կը յի­սու­նի կը ծախ­ուի:

Բե­րա­նա­բաց կը նա­յիմ խօ­սա­կի­ցիս, որ կը ժպ­տի եւ զար­մանքս տես­նե­լով համ­բե­րու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նէ.

– Եր­կու օր առաջ պե­տու­թիւնը ալիւր եւ վա­ռե­լա­նիւթ բաժ­նեց փու­ռե­րուն եւ ստի­պեց, որ իր ճըշ­դած սա­կով ծախ­ուի հա­ցը:

– Գնող­նե­րուն մեծ մա­սը ներ­սի թա­ղե­րէն են կար­ծես:

– Այո. հոս­կէ յի­սու­նի կը գնեն եւ մայ­թե­րուն վրայ եր­կու հա­րիւ­րի կը ծա­խեն:

Նոր կը հասկ­նամ, թէ ի՛նչ ըսել ու­զեց Ֆա­րէս Շը­հա­պին, Հա­լէ­պի Առեւտ­րա­կան սեն­եա­կի տնօ­րէ­նը, երբ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ըսաւ` « Էր­տո­ղա­նին գող է կ՛ըսէք, բայց Ալի պա­պան եթէ հոն է, իր քա­ռա­սուն գո­ղե­րը հոս, Հա­լէպ են տա­կա­ւին»:

Իրա­պէս ալ գո­ղու­թիւն­նե­րը «ար­ուեստ»ի մա­կար­դա­կին հասց­ուեր են: Օրի­նակ պե­տու­թիւնը վա­ռե­լա­նիւթ կը բաժ­նէ թաղ առ թաղ, շէնք առ շէնք, նա­խա­պէս եղած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ, իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի 250 լիթր, լիթ­րին գի­նը վաթ­սուն հինգ սուր­ի­ա­կան, այ­սինքն` 16.250 ս. ո.: Լեց­նող մե­քե­նա­յին տէ­րը սա­կայն սկիզ­բէն կ՛ըսէ` տասն­վեց հա­զար հինգ­հա­րիւր պատ­րաս­տե­ցէ՛ք. իսկ վա­ռե­լա­նիւ­թը տա­նի­քի ամ­բար­նե­րը լեց­նող եր­կու երի­տա­սարդ­նե­րը կ՛ըսեն` «մեր «նուէ­րը» ուղ­ղա­կի մե­զի տուէ՛ք, ան­գամ մը որ դրա­մը վա­րի­նին գր­պա­նը մտաւ, մե­զի բան չի տար»:

Կր­նա՞ս չտալ: Կու տա՛ս:

Այս տասն­վեց հա­զա­րով այն լաւ, խէր-պէ­րէ­քէթ օրե­րուն չորս հա­զար լիթր վա­ռե­լա­նիւթ կը լեցը­նէ­ինք, ամ­բողջ տար­ուան հա­մար. հի­մա միայն 250 լիթր: Որ­քա՞ն կըր­նայ բա­ւել այս­քա­նը ան­գամ մը որ Հա­լէ­պի չոր, ան­խիղճ պաղն ու սառ­նա­մա­նի­քը սկ­սի: Այն օրե­րուն սա­կայն կա­յին մար­դիկ, որոնք գան­գա­տե­լու լե­զու ու­նէ­ին:
Հի­մա բո­լո­րը հասկ­ցան, թէ ո՛ւր կ՛ապ­րէ­ինք եւ հի­մա ուր ենք:
– Կոտ­րե­լէն ետք,- պի­տի ըսէր մեծ-մա­մաս,- ող­բա­լը օգուտ չու­նի:
***
Աշ­խա­տան­քի ճամ­բուս վրայ ձա­խէն իրենց դա­սը բարձ­րա­ձայն կրկ­նող փոք­րիկ­նե­րու ձայն կը լսեմ եւ նոր կ՛անդ­րա­դառ­նամ, որ այդ պե­տա­կան դպ­րո­ցը վե­րա­դար­ձեր է իր «պաշ­տօ­նին», ամ­բողջ մէկ ու կէս տա­րի որ­պէս ապաս­տա­նա­րան ծա­ռա­յե­լէ ետք իրենց շր­ջան­նե­րէն փա­խած մար­դոց:

Առա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թիւնս խո­րունկ ու­րա­խու­թիւն մըն է ի տես դրա­կան ու­ղիղ քայ­լի մը, քայ­լեր, որոնք թէ­եւ փոքր, բայց իրա­րու վրայ գու­մար­ուե­լով դէ­պի վե­րա­կանգ­նում եր­թա­լու յոյ­սեր կը ներշն­չեն: Պե­տա­կան դպ­րոց­նե­րը փակ էին, աշա­կերտ­նե­րը ան-դըպ­րոց մնա­ցեր էին, որով­հե­տեւ մեծ թիւով գաղ­թա­կան­ներ բնա­կեց­ուած էին դպ­րոց­նե­րուն մէջ:

Դպ­րո­ցա­կան­նե­րուն հա­մար զգա­ցած ու­րա­խու­թիւնս եր­կար չի տե­ւեր սա­կայն, երբ կը սկ­սիմ մտա­ծել-մտա­հոգ­ուիլ-տագ­նա­պիլ այն ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար, որոնք դպ­րոց­նե­րէն ելան, բայց ո՞ւր գա­ցին: Ամ­բողջ թա­ղեր անբը­նա­կե­լի դար­ձած են:

Շր­ջան մը մայ­թե­րուն վրայ իրենց ան­կո­ղին­նե­րը փռած-նըս­տած ըն­տա­նիք­ներ կը տես­նէի: Հի­մա չկան: Ո՞ւր գա­ցին:

Երբ այս մա­սին կը խօ­սիմ ու­սուց­չա­րա­նը, մէ­կը կ՛ըսէ.

-Նոր Հա­լէ­պի կող­մե­րը պա­րապ շէն­քեր կան, կար­ծեմ հոն են:

Իսկ ու­րիշ մը հարց կու տայ, արդ­եօ՞ք քիչ մը հեգ­նան­քով.

-Ին­չո՞ւ կը հե­տաքրքր­ուիս, զուտ մար­դա­սի­րա­կա՞ն առու­մով …

Կը շա­րու­նա­կեմ քայլքս դէ­պի աշ­խա­տանք, անզ­գա­լա­բար կե­նա­լով ցու­ցա­փեղ­կե­րուն առ­ջեւ, կ՛երե­ւի տրա­մադ­րու­թիւնս փո­խե­լու մի­տու­մով. Կը զգամ, որ գե­ղե­ցիկ բա­ներ դի­տել կ՛ու­զեմ, շնորհ­քի եւ լոյ­սի կա­րօտ ու­նին աչ­քերս ու հո­գիս: Բայց ճիշդ հա­կա­ռակ ար­դիւն­քը կը ստա­նամ, որով­հե­տեւ բո­լոր խա­նութ­նե­րուն ցու­ցա­փեղ­կերն ալ թափթ­փած վի­ճակ մը կը պար­զեն, փո­շոտ են եւ անխը­նամ:

Կար ժա­մա­նակ, երբ Պէյ­րութ շու­կայ կ՛իջ­նէի ոչ այն­քան գնում ընե­լու, որ­քան գե­ղե­ցիկ իրեր եւ շքե­ղօ­րէն դա­սա­ւոր­ուած ցու­ցա­փեղ­կեր դի­տե­լու, նուրբ ճա­շա­կի վա­յել­քը ապ­րե­լու հա­մար: Պէյ­րու­թը այն օրե­րուն «փոք­րիկ Փա­րիզ» էր:

Վեր­ջին եր­թա­լուս – որ քա­նի մը տա­րի առաջ էր – նոյն այդ վա­յել­քին կա­րօ­տով շու­կայ իջայ. բայց զիս զար­մաց­նող բան ա՛լ չկար: Ինչ որ կար, մեր քա­ղա­քին մէջ ալ կր­նա­յինք վա­յե­լել` հա­գուս­տե­ղէ­նէն մին­չեւ կա­հոյ­քի եւ սպաս­նե­րու նշա­նա­ւոր մակ­նիշ­նե­րը մեր քով ալ խա­նութ­ներ բա­ցած էին:
Այ­սօր անոնք աւե­րակ են եւ միայն յուշ:

Շա­րու­նա­կե­ցի ճամ­բաս: Քայ­լերս սր­տիս պէս ծան­րա­ցեր էին: Որ­քան ալ փոր­ձեմ դրա­կան, ու­րա­խաց­նող բան մը գտ­նել, «լոյ­սի կա­թիլ» մը որո­նել առօր­եա­յի մու­թին մէջ, ժխ­տա­կան­նե­րը կը հա­լա­ծեն զիս-մեզ …

Լաւ որ հա­սեր եմ հա­յա­գի­տա­կա­նի դա­սե­րուն: Այս երի­տա­սարդ եւ եռան­դուն աղ­ջիկ­նե­րը – տի­կին­ներ ալ կան աշա­կեր­տու­հի­նե­րուն մէջ – ոչ միայն իմ օրե­րուս լոյ­սի կա­թիլ­ներն են հի­մա, այլ եւ մեր բո­լո­րին վաղն են, ապա­գան, գա­ղու­թին իրա­կա­նա­նա­լիք երա­զը:
***
Բա­րե­կա­մու­հիս, ար­ձա­կագը­րու­հի Պեր­ճու­հի Աւետ­եա­նը ինձ­մէ աւե­լի բախ­տա­ւոր եղեր էր հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նէ մը հա­յե­րուն նուիր­ուած յայ­տագ­րին գո­նէ կէ­սը դի­տած ըլ­լա­լուն հա­մար: Ես բնաւ չկր­ցայ դի­տել, միշտ ալ հո­սանք չու­նե­ցանք թէ՛ առա­ջին սփ­ռու­մին, թէ՛ աւե­լի ուշ եղած կրկ­նու­թեան ժա­մա­նակ: Հե­տե­ւա­բար ի՛ր կար­ծի­քը կը ներ­կա­յաց­նեմ այս­տեղ, դի­մա­գիր­քի իր էջէն առն­ուած.

«Լի­բա­նան­եան հե­ռա­տե­սի­լի «ճա­տիտ» կա­յա­նէն «Րապ­ի­աա Զաա­յաթ»ի հայ­կա­կան բա­ցա­ռիկ երե­կոյ հա­ղոր­դու­մը սփռ­ուե­ցաւ: Ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով կ՛ափ­սո­սա­յի որ ամ­բող­ջու­թեամբ չեմ կր­նար դի­տել… սա­կայն այն ինչ որ դի­տե­ցի ար­դէն ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը փո­խան­ցեց: Եթէ պա­րե­րը հայ­կա­կան պա­րար­ուես­տի մա­սին ընդ­հա­նուր ճա­շակ ու պատ­կե­րա­ցում կու տա­յին, երաժշ­տու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս թր­քա­հոտ էր… մի­թէ՞ մենք Կո­մի­տաս, Խա­չա­տուր­եան չու­նինք, իսկ հրա­ւիր­եալ­նե­րուն խօ­սած նիւ­թե­րը, բռ­նազ­բօ­սիկ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը.. յար­գե­լով հան­դերձ իւ­րա­քան­չիւ­րի կար­ծի­քի ազա­տու­թիւնը, ակա­մայ կը ծա­գի հար­ցու­մը, «ին­չո՞ւ մեր լա­ւա­գոյ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու առի­թը երբ ներ­կա­յա­նայ կը թե­րա­նանք»:

Ան­կեղ­ծօ­րէն` հա­ղոր­դու­մը ներ­կա­յաց­նող հա­ղոր­դա­վա­րու­հին նման տես­քով գրա­ւիչ էր, պահ մը դի­տե­լէ ետք սա­կայն ինք­նա­բե­րա­բար մատ­ներդ կը փնտ­ռեն հե­ռա­ղե­կի կո­ճակ­նե­րը աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան մա­տու­ցում մը գտ­նե­լու»:
Մարուշ Երամեան