asbarez.com – ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի Հայաստանի կազմակերպութիւններու վարչութիւններու հանդիպումը, որուն մասնակցած են ՌԱԿի ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը, փոխատենապետ Կարէն Կակոյեանը, ատենադպիր Սուրէն Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿի ատենապետ Նարեկ Գալստեանը, փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեանը, ատենադպիր Յարութիւն Բալաբանեանն ու քաղաքական դիւանի պատասխանատու Դմիտրի Մարտիրոսեանը։

ՍԴՀԿի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, երկու աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները նշած են, որ ՍԴՀԿը եւ ՌԱԿը ունին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուած բազմաթիւ ընդհանուր տեսակէտներ: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի համար բացասական երեւոյթներու, ինչպէս՝ ընկերային անարդարութիւն, սակաւապետութիւնը եւ մենաշնորհները: Կողմերը համաձայնած են համատեղել ջանքերը՝ յանուն այդ բացասական երեւոյթներու վերացման:

Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ սուրիահայութեան, անոնց տրուող պետական եւ համազգային աջակցութեան վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ բանակ-հասարակութիւն առնչութիւններուն մասին: Հանդիպման մասնակիցները համաձայնած են հանդիպումները դարձնել պարբերական եւ քննարկել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: