Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com –
Բայց ամէ­նից շատ ատում եմ հա­զար ու մէկերոր­դը` կեղծի­քը հո­գու,
Որ զար­դա­րում է անմեղ սրբերի լու­սապ­սա­կով երեսը մար­դու:
Աւ. Իսա­հակեան

Աշ­խար­հի տէ­րե­րը ան­վերջ խար­դա­ւանք­ներ կը հիւ­սեն իրա­րու դէմ: Նոյն ատեն, պար­կեշ­տութ­եան թիկ­նոց հա­գած` կը մեր­կաց­նեն մէ­կը միւ­սին խար­դա­խու­թիւն­նե­րը, բա­ցա­յայտ ու թաքնը­ւած կեղ­ծի­քը: Կա­ւա­տի կամ ներ­քինիի դեր ստանձ­նե­լով` կը մըտ­նեն հա­կա­ռա­կոր­դին նն­ջա­րա­նը, կը քրք­րեն ներք­նազ­գեստ­նե­րու պա­հա­րան­նե­րը, ջա­նա­լով աշ­խար­հի առ­ջեւ վար­կազր­կել զի­րար, կար­ծես մենք իրենց պար­կեշ­տու­թեան հա­ւա­տա­լու չափ մի­ա­միտ ըլ­լա­յինք…

Կար­ծես թէ աշ­խար­հի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան նժա­րը կը թե­քի դէ­պի արե­ւելք, կար­ծես թէ Անդ­րովկ­ի­ա­նոս­եան աշ­խար­հա­կա­լու­թիւնը քայլ առ քայլ կը կորսնցը­նէ իշ­խա­նու­թեան լծակ­նե­րը ու ղե­կը կ՛անց­նի Հիւ­սի­սի կայս­րութ­եան: Ան այ­սօր մե­զի պէս մի­ա­միտ մահ­կա­նա­ցու­նե­րուն կ՛երե­ւի որ­պէս ճեր­մակ ագ­ռաւ, որ, ձեռք-ձեռ­քի տուած բո­լոր յա­ւակ­նորդ­նե­րուն` ազ­նի՜ւ ու մար­դա­սէ՜ր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ, աշ­խար­հին մէջ ար­դա­րութ­եան ու մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու մտա­հո­գու­թեամբ տո­չո­րած:

Հի­ա­ցու­մով կը դի­տենք հիւ­սի­սի կար­ճա­հա­սակ հս­կա­յին լու­սա­ւոր դէմ­քը ու անոր պէս ալ լու­սա­ւոր խօս­քե­րով կը հմայ­ուինք: Կը հա­ւա­տանք ալ, կ՛ու­զե՛նք հա­ւա­տալ, թէ մար­դը ի սր­տէ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւնը կը տեն­չայ:

Ի՜նչ ըրած, մարդ էա­կին մէջ միշտ նս­տած է ռո­ման­թի­կը ու միշտ հեք­ի­աթ­ներ լսե­լը հա­ճե­լի է:

Սուր­իոյ խա­ղա­ղու­թեան ու ապա­հո­վու­թան հար­ցը կորսն­ցու­ցեր է իր քու­նը, ինչ­պէս որ 18-րդ դա­րէն աս­դին իրենց քու­նը փախ­ցու­ցած են Հա­յաս­տա­նի հար­ցե­րը… Ասոր կ՛ըսեն` ար­ջի սէր, երբ գլուխդ կը շո­յէ իր ծան­րա­ծանր թա­թով` բա՛մբ…
Եթէ ատ­կէ ետք գլուխ չմ­նայ, մի՛ հո­գար, պայ­մա՞ն է ամէնքն ալ գլուխ ու­նե­նան…
****
Քա­նի մը օրը մէկ կ՛երե­ւի ան` փոք­րիկ, չո­րուկ, կքած բայց կո­կիկ պա­ռաւ մը: Հոս հայ մա­միկ­նե­րը այս տա­րի­քին այս­պէս չեն ըլ­լար, ու­րեմն` տե­ղա­ցի քրիս­տոն­եայ է: Փա­փուկ ու վե­հե­րոտ քայ­լե­րով կը մօ­տե­նայ պտ­ղա­վա­ճա­ռի խա­նու­թին:

Ան, ամէ­նէն ըն­տիր պտուղ­նե­րու հան­դէս բա­ցած, արկ­ղե­րը շա­րած է գայ­թակ­ղիչ ձե­ւով, գոյ­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ (հոն ալ ար­ուեստ կայ, ան­շո՛ւշտ) ու մայ­թէն վար, փո­ղո­ցին եզեր­քը սե­ղա­նիկ ու աթո­ռակ­ներ դրած` բա­րե­կա­մի հետ թաւ­լի կը խա­ղայ:

Ծեր մա­մի­կը կը մօ­տե­նայ ու մէ­կիկ-մէ­կիկ ձեռ­քը կ՛առ­նէ որե­ւէ պտուղ` խո­շոր ու կար­միր խն­ձոր, նա­րինջ, կը դարձ­նէ ձեռ­քին մէջ, կը շո­յէ պա­նան­նե­րը, կը նա­յի տան­ձե­րուն, տա­րաշ­խար­հիկ պտուղ­նե­րուն ու եր­կար կը տա­տա­նի իր ընտ­րու­թեան մէջ: Պըտ­ղա­վա­ճա­ռին տղեկն է մայ­րի­կով զբա­ղո­ղը: Իւ­րա­քան­չիւ­րին գի­նը հասկ­նա­լէ ետք մայ­րի­կը վար կը դնէ ձեռ­քի­նը, տա­տամ­սոտ կը կե­նայ. հե­ռա­նա՞լ թէ գնել բան մը. բայց ի՞նչ: Ի վեր­ջոյ կ՛ընտ­րէ երեք դդ­միկ, մէ­կա­կան լո­լիկ ու սոխ. գետ­նախն­ձո­րին գի­նը հասկ­նա­լէ ետք կը հրա­ժա­րի. դեռ կը նա­յի պտուղ­նե­րուն: Վեր­ջա­պէս կը հա­մար­ձա­կի նա­եւ նա­րինջ մը ընտ­րել:

Պտ­ղա­վա­ճա­ռը, որ մինչ այդ աղ­մու­կով զա­րը կը նե­տէր, կ՛ել­լէ, քա­նի որ այս մանր առեւ­տու­րէն տղե­կը դժ­ուար թէ գլուխ հա­նէ:

Մա­մի­կը պզ­տիկ, հնա­ոճ պա­յու­սա­կէն կը հա­նէ գու­նա­տած դրա­մա­պա­նա­կը, դո­ղա­ցող մատ­նե­րով կը բա­նայ, կը փնտ­ռէ դրա­մը:

Պտղա­վա­ճա­ռը չի համ­բե­րեր, ինք ձեռ­քը կը մտց­նէ, կը հա­նէ անհ­րա­ժեշտ դրա­մը ու անոր հետ հաշ­ուակ­ցե­լէ ետք կ՛անց­նի իր թաւլի­ին: Մա­մի­կը քիչ մը եւս կը դե­դե­ւի, ապա պզ­տիկ քայ­լե­րով կը հե­ռա­նայ, նա­յե­լով պտուղ­նե­րու արկ­ղե­րուն…
Եւ է 2013, Աշուն, Հա­լէպ. Հա­լէ՜պ…
****
Չը­սի՞նք համ­բե­րե­ցէ՛ք, ամէն բան լաւ պի­տի ըլ­լայ: Ահա՛, ծայ­րը կը բաց­ուի:

Ճիշդ է որ տա­կա­ւին գետ­նախն­ձո­րին գի­նը 200 է, լո­լիկն ալ` 300 եւ չկայ- նե­րու շարք մը կայ եւայլն:

Ճիշդ է որ նո­րա­նոր ու աւե­լի հզօր հր­թիռ­ներ ու ար­կեր կ՛իյ­նան մեր թա­ղե­րը, բայց վարժ­ուե­ցա՜նք, չէ՞, ար­կա­ծա­յին կեան­քին: Ի՜նչ համ ու­նի խա­ղաղ ու անվը­տանգ ապ­րի­լը (մոռ­ցեր ենք): Մար­դիկ յա­տուկ վտան­գա­ւոր ար­կած­ներ փնտ­ռե­լու հա­մար դրամ կը ծախ­սեն, մենք` ձրի….

Մոռ­ցէ՜ք, որ կր­կին ու եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար թաղ­ուե­ցանք խա­ւա­րի մէջ: Ըն­դու­նե­ցէ՛ք, որ խա­ւա­րը նպաս­տեց դրա­ցի­նե­րու աւե­լի մտեր­մա­նա­լուն. հին- բա­րի ժա­մա­նակ­նե­րու պէս կը հա­ւաք­ուինք, կը զրու­ցենք:

Մոռ­ցէ՜ք, որ ամի­սէ աւե­լի աչ­քե­րը ջուր դար­ձած հա­մա­ցան­ցը սպա­սե­լէ ետք, երբ ան եկաւ, չհաս­ցու­ցինք ալ ու­րա­խու­թեան ճիչ հա­նել, ու հո­սան­քը գնաց: Դրա­կա­նը այն է, որ շա­տեր գիրք կար­դա­լը յի­շե­ցին:

Մի՜ գան­գա­տիք, որ ջու­րի հա­մար փո­ղոց­ներն ին­կանք: Կեց­ցե՛ն հե­ռա­տես­ներ, որոնք յի­շե­ցին հին- բա­րի ջր­հոր­նե­րը կեան­քի կո­չել, իսկ ժո­ղո­վուր­դը յի­շեց «աղ­բիւ­ր» եր­թա­լը: Ո՜վ գի­տէ, թե­րեւս ալ հին-բա­րի սո­վո­րու­թեամբ աղ­ջիկ- տղայ ալ աղ­բիւ­րի ճամ­բան զի­րար տե­սան ու խօսք տուին: Շա­հո­ղը մենք չե՞նք:

Ու­րեմն, ին­չո՞ւ միայն ժխ­տա­կա­նը տես­նել. մեր մա­սին մտա­ծող­ներ ալ կան, Հա­լէ­պը մոռցը­ւած չէ՜: Օրի­նակ` կա­զին գի­նը իջաւ (նախ­կի­նը մոռ­ցի՜ր), մինչ ար­ձա­նագ­րու­թեան կար­գի եթէ կե­նաս` աւե­լի աժան ալ կ՛ու­նե­նաս: Բայց մա­նա­ւանդ մա­զու­թի հար­ցը. հա­զիւ աշու­նը առա­ջին թե­թեւ պա­ղով ինք­զինք յի­շե­ցուց, ան­մի­ջա­պէս հս­կա­յա­կան ինք­նա­շար­ժեր յայտն­ուե­ցան թա­ղե­րու մէջ ու սկ­սան լեց­նել մեր տա­կառ­նե­րը (արդ­եօ՞ք աւել­ցուկ կար, կամ ամ­բար­նե՞ր չեն մնա­ցած): Ալ ի՞նչ կ՛ու­զէք: Նոյ­նիսկ խոս­տա­ցան Յուն­ուա­րին կր­կին լեց­նել, այն­պէս որ հա­ւա­քե­ցէ՜ք դրա­մը…

Միայն… յա­մե­նայն դէպս, չմոռ­նաք ջուր ու մոմ ամ­բա­րել. ո՜վ գի­տէ, մեր տո­կու­նու­թիւնը փոր­ձե­լու յա­ջորդ փոր­ձը կր­նայ ամիս կամ աւե­լի տե­ւել:

Այս շր­ջա­նին մենք Հա­լէ­պի ազա­տագր­ման այն­քան երա­զա­յին խոս­տում­ներ լսե­ցինք, որ այ­լեւս սկ­սած ենք միայն հեք­ի­ա­թա­յին բա­նե­րու հա­ւա­տալ ու կը կար­ծենք թէ այս աւգ­եան ախոռ­նե­րը, ուր աղ­բի ամէ­նէն սոս­կա­լին դիզ­ուեր է, շու­տով հնա­րա­ւոր է մաք­րել: Սիր­տե­րը ձեր լայն ու գօ­տի­նե­րը տա­կա­ւին ամուր պա­հե­ցէք, քա­նի որ դեռ շատ ջու­րեր պի­տի հո­սին, մին­չեւ ամէն բան իր տե­ղը գտ­նէ:

Մինչ այդ ջա­նանք դա­սեր առ­նել, առա­ւել մար­դա­նալ, չէ որ կ՛ըս­ուի` «Այն հար­ուա­ծը, որ չի սպան­ներ, կը զօ­րաց­նէ»:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

26/11/2013