kantsasar.com – Մոռցած ենք սղութիւնը, ուտելիք ըլլալ-չըլլալը. հիմա շատ աւելի էական հարցեր ունինք.
-Ի՞նչ կ՛ըսես, Ամերիկան պիտի զարնէ՞:
-Կ՛ուզէ զարնէ, կ՛ուզէ չզարնէ: Բայց ինչո՞ւ կ՛ուզէ զարնել:
-Քանդելու համար, պարզ չէ՞:
-Քանդելո՞ւ: Ի՞նչը քանդելու, երբ կանգուն բան չէ մնացած:
-Կ՛ըսեն որ եթէ Ամերիկան զարնէ, Սուրիոյ ժողովուրդին կէսը պիտի սպաննուի:
-Բայց իրենց հարցը պետութեան հետ չէ՞ր, ինչո՞ւ ուրեմն ժողովուրդը սպաննել:
-Շատ միամիտ ես: Երբ մեծ մը խօսք մը կը խօսի, սխալ ըլլայ իսկ չի կրնար ետ կենալ իր խօսքէն. արժանապատուութիւն ըսուած բան մը կայ, չէ՞, աշխարհին առջեւ:
-Իրա՞ւ: Ուրեմն խօսքի մը արժէքը շատ աւելի է, քան միլիոններով մարդոց կեա՞նքը:
***
(Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբեր, 2013)
Առաւօտը նոր մտահոգութիւն կը բերէ իր հետ` երկու օրէն Սեպտեմբերի դէպքերուն տասներկրորդ տարելիցը պիտի տօնէ Ամերիկան. կրնա՞յ ըլլալ, որ Սուրիան զարնելը, իր խելքով, իր ժողովուրդին «նուէր» մը սեպէ, միաժամանակ ցոյց տայ աշխարհին, որ ինք է՛ ու կը մնայ աշխարհի տիրակալը:
Ասիկա իրապէ՛ս մտահոգութիւն է, որովհետեւ երբ աշխարհը զբաղած ըլլայ ԱՄՆ-ի «ցուցադրութեամբ», հոս շատ դիւրաւ կարելի է աչքերէ հեռու ջարդեր ընել:
Սխալ չէի երբ կ՛ըսէի` մեր մեծագոյն վախը մահը չէ, այլ` մարդը, որովհետեւ մահը մէկ է, կու գայ եւ քեզ կը տանի, իսկ մարդը կըրնայ մարդը պահել կեանքի եւ մահուան սահմանին, ոչ ապրողի եւ ոչ ալ մեռածի վիճակով, ինչ որ շատ աւելի սարսափելի է:
Կրկին համացանցային գիծ չկայ, արդէն տասնմէկերորդ օրը ըլլալով: Բանտարկուած կը զգանք, եւ ինչպէս բոլոր բանտարկեալները, մենք ալ կը նախընտրենք անօթի մնալ եւ ազատ ըլլալ, թէեւ ազատութիւնը, զոր հիմա կ՛երազենք, նէթն է, որ մեզի առիթ կու տայ մեր դուրսի սիրելիները տեսնել, խօսիլ, ապահովել զիրենք որ տակաւին լաւ ենք, եւ աշխարհին հետ կապ պահել: Ճիշդ ատոր համար է, որ հիմա մեր բոլորին զրոյցը ոչ թէ հացին, այլ` նէթին շուրջ կը բեւեռուի:
Ասկէ անդին` օրը արդէն անտանելի կրկնութիւն մըն է, անտանելի սպասումներով համեմուած: Կը սպասենք, որովհետեւ տակաւին կը յուսանք, որ այս չար հեքիաթը բարիով վերջանայ:
Ո՞ւր մնաց բարին:
Կախարդը առեւանգեց զինք եւ տարաւ կարծեմ Հատէսի մէջ պահեց:
Ո՞վքեր են հերոսները:
Անոնք հիմա սովորական մարդիկ են, որոնք հակահերոսի մը սովորականութեամբ հերոսական գործեր կ՛ընեն ամէն օր, քաղաքին երիտասարդները, որոնք ե՛ւ կը պաշտպանեն, ե՛ւ վիրաւորներուն կը հասնին, եւ պարէն ու նպաստ կը բաժնեն, անոնք միշտ ժպտուն են …
***
Հակառակ ծանր պայմաններուն, շատցած են մեր քաղաքին գեղեցիկ, սուղ, շքեղ շուները, զորս կերակրելը երեք երեխայ կերակրելու չափ է հաւանաբար:
Բայց մեր թաղերուն մէջ անտուն եւ տխուր շուն մըն ալ կը թափառի, եւ ամէն առտու երկար-երկա՜ր կ՛ոռնայ առաւօտեան խաղաղութիւնը պղծելով, որովհետեւ այնպիսի դժխեմ մտորումներու կը տանի, որ ականջներդ կ՛ուզես փակել, չլսել եւ մտածումներդ ալ մոռնալ:
***
Ըսին, որ քաղաքին քանի մը թաղերուն մէջ պետական պասերը կ՛աշխատին:
Գացի ինծի ամէնէն մօտիկ կայանը: Լաչակաւոր կին մը աւելի հեռուն կեցեր էր, եւ հոն էր որ սպասողները կը հաւաքուէին: Մօտեցայ.- Այստե՞ղ է կանգառը:
– Այո,- ըսաւ,- արեւն ալ շատ զօրաւոր է:
– Կրնանք հոն, ծառին տակ կենալ,- առաջարկեցի,- լաւ որ պասերը սկսան աշխատիլ:
– Անշուշտ,- ըսաւ,- ինծի պէս պաշտօնեայի մը համար ամէն օր միքրօ-պասով երթալը հարց է, շատ է սակի տարբերութիւնը:
Պասը բաւական խճողուած էր երբ եկաւ եւ բոլոր կանգառներէն աւելի եւ աւելի մարդիկ ելան: Բարեկամուհիի մըն ալ հանդիպեցայ:
– Ընդհանրապէս այսքան խճողուած չըլլար, ժամն է պատճառը, այս ժամուն բոլոր պաշտօնեաները եւ աշակերտները համալըսարան կ՛ելլեն:
Վերադարձին նոյն միջոցով եկայ: Կրկին շատ խճողուած էր. ստիպուած կեցայ վարիչին ճիշդ քովը, թէեւ սովորական օրերու, երբ պասերուն թիւը կրկնապատիկ էր հաւանաբար, այդտեղ կենալը խիստ արգիլուած էր:
Նախ ուշադրութիւն դարձուցի, որ պասը «օթօմաթիք» է. ասոնք դեռ վերջերս հասած պասեր են, շատ մաքուր եւ հանգստաւէտ:
Յետոյ ուշադրութիւն դարձուցի, որ խճողումին պատճառով ետեւի դռնէն մարդիկ պաս կ՛ելլեն եւ առիթ չեն ունենար վճարելու:
– Եթէ չվճարեն,- հարցուցի վարիչին,- վնաս չունի՞:
– Անշուշտ վնաս ունի,- ըսաւ,- բայց ի՞նչ կրնամ ընել. կան ճաշակաւոր մարդիկ, որոնք ձեռքէ-ձեռք տալով ինծի կը հասցնեն դրամը. ահա, տեսա՞ր:
Մարդ մը որ ճիշդ ետեւս կեցած էր եւ արդէն վճարած էր, թըղթադրամ մը երկնցուց եւ ըսաւ` երկու հոգիի:
Կանգառի մը երկու աղջիկներ, որոնք ետեւի դռնէն պաս ելեր էին, իջած ատեննին վճարեցին:
– Տեսա՞ր,- կրկնեց վարիչը,- ան որ ուզէ վճարել, ձեւ կը գտնէ վճարելու. բան մը ըսե՞մ, ընդհանրապէս մերիններն են, որ «հարամ մալ» կ՛ուտեն, ձերինները հարամ չեն ուտեր. հիմա Արդարադատութեան տունն էինք եւ բոլորը մերիններն էին, մէկ հատ ձերիններէն չկար:
Եղածը տասը ոսկի է: Ժամանակին այդ տասը ոսկիով գոնէ հինգ նկանակ հաց կրնայինք գնել, այսօր մէկ նկանակի գինն իսկ չէ տասը ոսկին – վերջին գնելուս հացին մէկ նկանակին գինը քսան ոսկիի հասեր էր: Մարդիկ կը մտածեն` տասը ոսկի է, ինչո՞ւ չվճարել, ուրիշներ ալ` եղածը բան մը չէ, ինչո՞ւ վճարել: Այսպէս չէ՞ որ «ֆասատը» կը սկսի տարածուիլ, վարէն, ժողովուրդէն, եւ ոչ միայն բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն:
***
Տասներկրորդ օրն է որ համացանցային կապ չկայ:
Իրիկունները միակ ապահով երկու փողոցները խճողուած են ձանձրացած երիտասարդներով, որոնք ուրախ կը շաղակրատեն, կ՛ուտեն, կը խմեն, ու երբ աղջամուղջը կը սկսի հալածել լոյսը, կամաց-կամաց եւ դժգոհ, իրենց տուները կ՛երթան:
Կը դիտեմ անոնց պայծառ դէմքերը. ինչ լաւ է, որ այս պայծառութիւնը փոխանցիկ բան մըն է. ես ալ կը սկսիմ ներքուստ ժըպտիլ, կը սկսիմ յոյսերուս փշրանքները հաւաքել եւ մինչեւ տուն հասնիմ, արդէն համոզուած կ՛ըլլամ, որ ա՛յս ալ պիտի անցնի եւ պիտի դիմանանք եւ պիտի յաջողինք ողջ մնալ եւ …
Բայց վախը սիրտս կը կծկէ` հապա՞ եթէ յանկարծ հրասանդ մը իյնայ ճիշդ հիմա, ճիշդ հոս, խմբըւած այս երիտասարդներուն վրայ, որոնք ոչ առիթ եւ ոչ ալ միջոց պիտի ունենան տեղ մը մտնելու, պահուըտելու, ազատելու ճիգ մը ընելու, որովհետեւ այս պատուհասները անաղմուկ կու գան, առանց կանխազգուշական սուլոցի կամ աղմուկի: Այո, պատուհաս են այս հրասանդերը, պատուհաս է այս պատերազմը, որուն տրամաբանութիւնը չի հասկնար քաղաքը, որ երկար, շա՜տ երկար ապրեր է, ազատեր ոչ միայն այլ պատերազմներէ, բայց մանաւանդ քանդիչ երկրաշարժներէ, եւ բիւնիկի պէս վերածներ, կրկին բարգաւաճեր է:
Քաղաքը կարծես փորձառութիւն ունի նման պարագաներու դիմանալու, ապրելու, բիւնիկանալու. եւ իր փորձառութիւնը մեզի կը փոխանցէ, իր զաւակներուն, որոնք իր հետ կը տառապին, կը մոխրանան, կը վերապրին:
Վերջին առեւանգուած չորս երիտասարդները – որոնք երէկ արդէն վերջընթեր առեւանգուածները եղան, երեք այլ երիտասարդներու առեւանգումով – ազատ արձակուեր են, երկար ատեն կալանքի տակ մնալէ ետք: Կը պատմուի, որ իրապէս շատ չարչարած են զիրենք, անիմանալի, անլսելի չարչարանքներով: Չուզեցի լսել, որովհետեւ նման բաներ շատ դժուար է յիշողութենէն ջնջել, մոռացութեան ենթարկել: Չուզեցի նաեւ երեւակայել: Ուրախ եմ որ ազատ արձակուեր են եւ կ՛աղօթեմ իրենց հոգեկան հանգիստին համար, զոր բաւական դժուար պիտի ըլլայ վերագտնելը:
Նման երեւոյթները շատեր այս կամ այն կողմին կեցուածքին կամ ընթացքին կը վերագրեն: Բայց կարելի՞ է մէկու մը կամ կողմի մը վերագրել մարդուն ըրածը իր եղբայր մարդուն: Կամ գազան ես, կամ չես, եւ այստեղ ոչ ոք դեր ունի, բացի այն պարագայէն, որ այնքան անմիտ ես, ուրիշներու կամքին եւ «խորհուրդներուն» ենթարկուելու չափ:
(Շարունակելի)
Մարուշ Երամեան
21/11/2013