Perio Newsfb – Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր, այժմ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէն Մարի Մերտխանեան դիմատետրի (ֆէյսպուքի) ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կը գրէ.-
ԱՌԱՋԱՐԿ, ԽՆԴՐԱՆՔ, ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿՈՉ
Սիրելինե՛ր,
Կաղանդը մօտեցաւ: Շատեր այդ օրերու ծրագրեր պատրաստելով եւ նուէրներու մասին մտածելով զբաղած են:
Բոլորէդ կը խնդրեմ, որ այս տարուան Կաղանդի նուէրներու յատկացնելիք ձեր գումարը ուղարկէք Սուրիա, Հալէպի մեր հարազատներուն:
Յիշենք, թէ քանի՜ ընտանիք կորուստներ ունեցան: Յիշենք, թէ քանի՜ վիրաւորներ ունեցանք: Չմոռնանք, որ մեր սիրելիները ամենադժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Շատ-շատեր զրկուած են նիւթական եկամուտի աղբիւրէն: Հազարաւորներու համար տօնական օրերը երազային դարձեր են ալ:
Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի ծննդեան օրուան ամենախոր պատգամը՝ զիրար սիրել եւ իրարու օգնելն է: Եկէք, այս տարին այդ պատգամի իրագործումով սկսինք: Մեր նուէրները ուղարկենք Հալէպի մեր հարազատներուն: Համոզուած եմ, որ նուազագոյն նուէրը պիտի ուրախացնէ հալէպահայ մանուկ մը, պիտի ջերմացնէ հայ ընտանիքի մը յարկը:
Եթէ դուք, անձնապէս հարազատ կամ ծանօթ չունիք, եւ կ՛ուզէք այս նախաձեռնութեան մասնակցիլ, հարցուցէք ձեր ծանօթներուն: ԱՆՊԱՅՄԱՆ, անպայման մէկու մը պիտի հասնիք: Մի՛ կասկածիք եւ մի վախնաք: