PERIO NEWSfb – Լիբանանի «Սբ. Խաչ-Հարպոյեան» բարձրագույն վարժարանի կարգ մը աշակերտներու համար հայերէնի շարադրութեան պահը այսօր այլ օրուայ մը դասաւանդութեան պահու չէր նմանէր, այլ, ուսուցչուհիի կողմէ յատուկ դասաւորումով մը հայերէնի շարադրութեան թեման յատկացուած էր հալէպահայ մանուկներու:

Հետեւաբար, «Սբ. Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանի աշակերտները հալէպահայ մանուկներուն մասին տեսանիւթ մը դիտելէ ետք, իրենց միտքերն ու գրիչները շարժեցին շարադրելու եւ պատկերացնելու քանի մը տարիէ հալէպահայուն ապրած դաժան իրականութիւնը, քարուքանդ վիճակը, տնտեսական ծանր վիճակը ու մանաւանդ հայ մանուկին ծանր պայմաններու տակ ի գին իր կեանքին, դպրոց յաճախելու դժուարութիւնները եւ այլն:

Վարձքը կատար կազմակերպող ուսուցչուհիին եւ բոլոր անոնց, որոնք յաճախ իրենց բարի մտածումներով սուրիահայութեան կողքին կը կենան՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելով:

Անգամ մը եւս գնահատելի եւ օրինակելի աշխատանք. թող վարակիչ դառնան այսպիսի աշխատանքները (PERIO NEWS):