Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

aztagdaily.com – Խորհրդային կարգերը քննադատողներ զանազան ածականներով բնորոշած են հոն իշխող դաժանութիւնը։ Ըսուածները քննարկելու նպատակ չունիմ, մէկէն զատ, որ տուած էր Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահը՝ դերասան Ռիկըն։ Ան «Չարի թագաւորութիւն» որակած էր Խորհրդային Միութիւնը։

Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած էին այդ երկիրով, գիտեն անոր դրական ու մերժելի կողմերը։ Ամերիկացիները եւս գիտեն, թէ իրենց կարճ պատմութեան սկիզբը արիւնով դրուած է, հնագոյն քաղաքակրթութեան մը կործանումով։ Ո՜վ դատ պիտի ընէ։ Պարոն Ռիկըն խորհրդային երկիրը չար նկատած էր։ Իրմէ ետք եկող նախագահները արդեօք ի՞նչ կարծիքի են ընդհանրապէս չար ու բարի հասկացողութիւններու մասին։ Եթէ ընդունինք, թէ գործը կը խօսի իր մասին, նայինք ետ եւ չափենք Ռիկընէն ետք եկող ամերիկեան նախագահներու գործունէութիւնը։ Անոնք փիլիսոփայական հարցերու գլուխ չեն կոտրած, իսկ ինծի կը թուի՝ սատանան իր վաշտերով կարող պիտի չըլլար յղանալ ու գործել բոլոր այն «մարդասիրական» ոճրագործութիւնները, զորս «ազատութեան երկիրը» կը գործէ։ Խորհրդային Միութիւնը իր ժողովուրդը կը պատուհասէր, իրենք այսօր համաշխարհային չարիքի խորհրդանիշ են. ո՞ւր է չարի թագաւորութիւնը։

Մարդիկ, սակայն, կը մնան հիացած այդ երկիրով. իսկ ես կÿառաջարկեմ (որո՞ւ…) համաշխարհային դատարան բանալ ու «Ազատութեան արձան»-ը ետ առնել այդ երկրէն։ Հոն մնալով՝ ան պատրանքներու մէջ կը պահէ ամերիկացի պարզամիտ ժողովուրդը, թէ աշխարհը փրկող ասպետն են իրենք։

Բայց ո՞ւր տանիլ. կա՞յ երկրագունդին վրայ արժանի երկիր։

***

«Ես ոչ մէկի անունը չեմ տալիս, պապա՛,
բայց ինչ որ տեղ մի բան սխալ է»։
Ու. Սարոյեան

Գիրքը, զոր բարեկամս տուած է կարդալու, ինքնանալու ուղիներ կը յուշէ։ Այս առաւօտուն կարդացածս էջը կը թելադրէր մարմնական, յուզական եւ մտաւոր ներքին կաղապար-վիճակներէդ դուրս ելլել։ Միշտ փորձած եմ այդ, սակայն՝ որքանո՞վ յաջողած…

Անձս մէջտեղ դնել չեմ սիրեր, բայց գրածս օրագրութիւն է, որ անձնական բնոյթ կրելու իրաւունք ունի, ուրեմն, ներեցէ՛ք, եթէ այսօրուան յուզումներս կիսեմ ձեզի հետ։ Գիտէք, որ օրերը զմեզ գերզգայուն ըրած են ու կը շրջինք բաց ջիղերով։ Այս առտու Խաչատուրեան ունկնդրեցի, որպէսզի կարենամ պայծառ ու լաւատեսօրէն նայիլ կեանքին ու ելայ տունէն։ Թաղին կատուները, այլեւս զրկուած՝ աղբի մէջ փառաւոր ու արժանապատուօրէն ճաշելու հաճոյքէն, այսօր մեզի պէս գօտի սեղմել ստիպուած, դիմաւորեցին զիս՝ կերակուր ստանալու ակնկալիքով, բայց չստացան։

Գունաւոր ու յուզիչ աշնանային առաւօտ էր իրաւ, որ պայծառ տրամադրութիւն կÿարթնցնէ, բայց նաեւ նրբօրէն կը յիշեցնէ անցնող բաներու մասին։ Ի՜նչ կÿուզեմ աւելին, երբ մարմինս տակաւին կÿենթարկուի կամքիս, կը քալեմ, կը գործեմ…

Մար Ճրճոս եկեղեցւոյ ծառերուն տակ մտայ ու ներքին ժպիտս ընդլայնեցաւ, քանի որ ծառերը սէրս են։ Տարիքոտ ու մարմնեղ կին մը, եկեղեցւոյ պատին փակած, մէկ ոտքը կօշիկէն հանած ու վեր բռնած, միւս ոտքով ու ձեռքով կռթնած էր պատին։ Ոտքերը… ծեր կնոջ անխնամ, ուռեւորած ու դուրս թափած երակներու կապտութեամբ ոտքեր։ Մօտեցայ ու… չանցայ. ի՞նչը մղեց զիս, որ դիւրահաղորդ մէկը չեմ, խօսիլ անոր հետ։

– Բանի մը պէտք ունի՞ս,- հարցուցի հայերէն։

Նայեցաւ լուռ։ Արդեօ՞ք արաբ է, բայց ոչ, կը զգամ որ չէ, ու կը կրկնեմ.

– Օգնութեան պէտք ունի՞ս, կրնա՞մ բանով մը օգնել։

Ու խօսեցաւ հայ մայրիկը։

Ինչէ՞ն գիտցայ հայ ըլլալը՝ դեռ դէմքին ալ չնայած։ Անոր ամբողջ երեւոյթը՝ անկանոն գիրութիւնը, ուռած ու անխնամ ոտքերը, ներկը կիսովին թափած մազերը, դժբախտաբար ինքզինք մոռցած հայ մայրիկ ըլլալը կը յուշէին. բայց նաեւ, ապա, հայեացքէն թափող հայու բախտը կար։

– Ի՜նչ պիտի ուզեմ, եթէ դրամ ունիս, հացի դրամ տո՛ւր, հացի դրամ կը մուրանք։

Տեսքը մուրացկանի չէր. ինք չէ, որ ինծի ձեռք պարզեց. շատ-շատ քալելուն օգնելը կը սպասէի, որ խնդրէր. շուարեցայ։ Ան շարունակեց.

– Եկեղեցիներու դռները ինկայ, երեսիս նայող չեղաւ…

Ձայնը կերկերաց, աչքին արցունք յայտնուեցաւ։

– Մայրի՛կ (հազիւ տաս տարի մեծ է ինձմէ), մինա՞կդ կÿապրիս։

– Չէ՛, խեղճ ձագերուս հետ… Հարուստ էինք, կու տայինք դպրոցին ալ, եկեղեցւոյ ալ, երբ ամէն ինչ կորսնցուցինք, երեսնուս նայող չկայ…

Ես կÿուշանամ դպրոցէն, կÿուզեմ հեռանալ, բայց ան լսող գտեր է (քանի հոգի կը լսէ ուրիշը)։

– Ամէն ինչ կորսնցուցինք, տուն-տեղ, ամուսինս մեռաւ, թաղելու դրամ չունինք, չենք կրնար. մեռելը կը ձգուի՞ անթաղ. գացի, խնդրեցի, որ թաղեն։ Չըրին։ Ըսի՝ մէկ կողմս դուք էք, միւս կողմս՝ մզկիթը, իրենց պիտի երթամ։ Եա՜, օտարները թաղեցին…

Ներողութիւն կը մրմնջեմ, ձեռքին մէջ թղթադրամ կը սահեցնեմ, ուսը կը շոյեմ ու կը հեռանամ նախ դանդաղ, ապա արագ քայլերով, մինչ ետեւէս ձայնը կը հասնի.

– Կօշիկ մÿիսկ չունիմ, ուրիշին կօշիկն է, ոտքս կը զարնէ…

Անո՞ւնը… չհարցուցի՝ իր նուաստացումը առաւել խորացնելէ զգուշանալով…

Այլեւս ի՜նչ գեղեցիկ աշուն, կապոյտ երկինք ու խոնարհ ծառեր… Միտքս շփոթ է. որքանո՞վ անկեղծ էր հայ մայրիկը։ Գիտենք, որ ազգը կÿօգնէ կարիքաւորներուն, միւս կողմէն՝ այս տարիքի կնոջ «ձագերը» իրենք պէտք է որ ձագեր ունենան… Կը բարկանամ անոր կասկածելուս։ Նուաստացնող ցաւ մը կը սեղմէ սիրտս։ Նոյնիսկ եթէ գոյները կը թանձրացնէ, ամէն պարագայի ան իջաւ հացի դրամ խնդրելու աստիճանի, հայ մայրիկը։ Ազգ մըն ենք, ինչպէս՝ բոլոր ազգերը, սակայն հայու մուրալը մենք չենք ընդունիր ու յատկապէս հոս՝ Սուրիա։

Ես կը խորհիմ, համոզուած եմ, ես կÿուզե՜մ, որ մարդը ու յատկապէս հայ մարդը երբեւէ չհասնի այդ վիճակին։

Ոչ ոք կը մեղադրեմ, միայն կÿարձանագրեմ իրականութիւն մը։ Երբ փլած հոգիով կը քալեմ, մտքիս մէջ Սարոյեանը կը պոռայ՝ «… ինչ որ տեղ մի բան սխա՜լ է»…

***
Վերջին օրերու նորութիւններէն է թաղային արգելապատնէշներու նոր «հանդերձաւորումը»։ Ի՜նչ աղուոր, հարազատ դարձած տեսարաններ էին՝ տունի կարասիներու մասեր, ծռմռած մետաղեայ տակառներ, աղտոտ լաթեր, անիւները հանուած ու փամփուշտներէ ծակծկած, գիշերային մարտերու վեթերան, վիրաւոր ինքնաշարժներ (որոնց մէջ գիշերապահ զինուորներ կը պառկէին հոսկէ հոնկէ գտած ներքնակներու ու ծածկոցներու մէջ), ամէն տեսակ հնոտիք ու… աղբի կոյտեր։ Որպէսզի մենք նոյն տեսարաններէն չձանձրանանք ու մեր գեղագիտական ճաշակն ալ գոհանայ, հիմա անոնք գրեթէ անհետացեր են՝ տեղ բանալով առաւել յուսալի ու ակնահաճոյ, հսկայական ժայռակտորներու։ Սուրիոյ ճերմակ քարերու հսկայական բեկորներ այլեւս կը զարդարեն թաղերուն մուտքերը եւ այլեւս ո՞վ կարող է զանոնք հրել ու անցնիլ։ Չէ՛, լաւ պաշտպանուած ենք։ Իսկ ամէն կէսօրէ ետք երկինքէն իջնող արկերը բախտ բանալու կը ծառայեն. պայթիւնի ձայնը լսելուդ պէս կը սպասես (զԱստուած յիշելու պահ) ու անկումի ձայնէն կÿորոշես, թէ որո՛ւ «բախտ» ինկաւ։

Կÿըսուի, չէ՞, «Աստուած դուռ մը որ գոցէ, ուրիշ դուռ կը բանայ»։ Հալէպի ժողովուրդը աստուածավախ է. իմանալով, որ Ան զբաղած է, իրենք գոց քաղաքին նոր դռներ կը բանան։ Այսպէս՝ բացարձակապէս շրջապատուած քաղաք, ուրկէ դուրս ելլելու համար միայն թռչունի թեւ պիտի ունենաս, մարդիկ գտան ճարը։ Թռչունին ալ տեսակը կայ, չէ՞։ Հեքիաթներու մէջ արծիւը թագաւորի գերի ինկած տղան մութ աշխարհէն կը հանէր ու տեղ կը հասցնէր։ Այսօր ուղղաթիռները կը կատարեն այդ գործը՝ կարգ մը ճարպիկ տղոց թեթեւ միջնորդութեամբ։ Ըստ մեր լսածին, բանակը ուղղաթիռներով մարտիկ, վիրաւոր կամ դիակ (թերեւս ալ՝ զէնք) կը փոխադրէ, իսկ մեր ձեռներէց տղաքը գործը կը կազմակերպեն եւ ուզողը կրնայ արծիւի թեւերով հասնիլ Լաթաքիա, հոնկէ՝ Պէյրութ ու … ազատութի՜ւն։ Ալ ո՞վ պիտի նայի՝ այդ վերածնունդը երեսո՞ւն, քառասո՞ւն, թէ՞ հարիւր հազարի կը ն

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ