PERIO NEWSfb – Ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումներով մղուած հալէպահայութիւնը կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2013-ին, ժամը 4:00-ին «Գէորգ Եսայեան» սրահէն (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) ներս ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան: Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանի, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մսնճ. պետական վարչութեան եւ հրատարակչական յանձնախումբին:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ սուրիական եւ հայկական հիմներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներն ու նահատակները, ինչպէս նաեւ վերջին երկամեային Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ նահատակներու անմար յիշատակին:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ եղբ. Րաֆֆի Սիւլահեան, ապա յաջորդաբար ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը սահիկներու միջոցաւ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նշենք, որ տօնակատարութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը: Բանախոսեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մսնճ. պետական վարչութեան ատենապետ եղբ. Պօղոս Պալիոզեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանը տալու իր հայրական օրհնութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ՝ Գէորգ Գատէհճեան եւ Մհեր Մինասեան խանդավառելով հանդիսատեսը :