Perio Newsfb – 12 հոկտեմբեր 2013-ին, հաղորդած էինք, որ շաբաթ առաւօտեան Դամասկոսի կեդրոնը Ապետ պողոտայի վերջաւորութեան «Տար Աս Սալամ» դպրոցին դիմաց հրասանդի հրթիռի հարուած մը պատճառեց արձանագրելով երկու զոհ, քանի մը վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Հրթիռի բեկորի հարուածի պատճառով զոհուած էր դամասկոսահայ Նշան Մելիքեան:
ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի (Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն) «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղի հաւատաւոր, համեստ եւ ազնիւ ընկեր Նշան Մելիքեանի թաղումը կատարուեցաւ երեկ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 3:00-ին:
1944-ի ծնունդ ընկ. Նշան Մելիքեանի դիակը «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի անդամներու մեծ թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Դամասկոսի Հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Քահանայ հայրերուն մասնակցութեամբ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեց Դամասկոսի Առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Տեղին է նշել, որ Նշան Մելիքեան վարած էր միութենական աշխուժ կեանք նուիրուածութեամբ ծառայելով իր ազգին եւ կը յատկանշուէր իր ուղղամտութեամբ, համեստութեամբ ու ազնուութեամբ…
PERIO NEWS-ի անձնակազմի անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի պարագաներուն, դամասկոսահայութեան, եւ յատկապէս «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի անդամներուն (Perio News):