kantsasar.com – ՍՕԽ-ը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ բարեսիրական բազմաբնոյթ առաքելութեան առընթեր, հայկական աւանդոյթները պահպանելու ծանր լուծը ստանձնած է, յատկապէս հայկական ասեղնագործութեան ընդմէջէն, ուր դրսեւորուած են հայ կնոջ գեղարուեստական ճաշակն ու մշակոյթի նկատմամբ ունեցած առանձնայատկութիւնները:
ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի նուիրեալ խաչուհիները կը վերականգնեն այդ աւանդոյթները դասընթացքներու ընդմէջէն, միշտ քայլ պահելով ժամանակի պահանջներուն հետ:
Հակառակ երկրիս անկայուն վիճակին եւ տիրող ծանր պայմաններուն, շնորհիւ խաչուհիին աննկուն կամքին ու նուիրումի բարձր գիտակցութեան, այս տարեշրջանին եւս ձեռարուեստի յանձնախումբը կազմակերպեց նորվէկեանի, տանթել պրութոնի, կար ու ձեւի, ուլունքի եւ բուրդի հիւսուածքի դասընթացքներ, 2 ամսուան տեւողութեամբ, որոնց հետեւեցան 29 երիտասարդուհիներ:
Դասընթացքներու աւարտին, Չորեքշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Հալէպի «Ս.Վրացեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած դասընթացքներու յատուկ վկայագրերուն բաշխման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ՍՕԽ-ի հոգեւոր հովիւ` Արժանապատիւ Տէր Յուսիկ քահանայ Սեդրակեանը, ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամները, դասընթացքներու մասնակիցներն ու անոնց հարազատները:
Բացման խօսքով յանձնախումբի ատենապետուհի օրդ. Սիրուն Եագուպեան անդրադարձաւ ձեռարուեստի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն եւ վեր առաւ հայկական ասեղնագործութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Դասընթացքներու մասնակիցներուն սրտի խօսքը փոխանցեց օր. Զեփիւռ Գէորգեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ՍՕԽ-ին եւ յատկապէս ձեռարուեստի յանձնախումբին, օգտաշատ դասընթացքներուն եւ հայ երիտասարդուհիները հայկական մշակութային աւանդոյթներուն ծանօթացնելուն համար:
Այնուհետեւ յանձնախումբի անդամներէն Այտա Պէրէճիքլեան եւ Մարի Զարիկեան ներկայացուցին փունջ մը օգտաշատ գիտելիքներ: ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան անունով խօսք առաւ Շրջ. Վարչութեան անդամ տիկ. Վարդուկ Պարտաքճեան, որ շեշտեց, թէ այսօր ամէն ժամանակներէ աւելի, խաչուհիին պարտքն է տէր կանգնիլ հայկական մեր արժէքներուն եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցել զանոնք:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագրերու բաշխում, ձեռամբ` Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Աննա ՏէրՅակոբեանի, յանձնախումբի ատենապետուհի օրդ. Սիրուն Եագուպեանի եւ Արժանապատիւ Տէր Յուսիկ քահանայ Սեդրակեանի:
Այսպէս`
-Նորվէկեանի դասընթացքին հետեւեցան եւ վկայագրեր ստացան 10 մասնակիցներ, դասաւանդութեամբ Մարալ Գազէզեանի:
– Տանթէլ Պրութոնի հետեւեցան 5 մասնակիցներ, դասաւանդութեամբ տիկ. Մակի Սուլուքճեանի:
-Կար ու Ձեւի հետեւեցան 7 մասնակիցներ, դասաւանդութեամբ օր. Մարի Ատուրեանի:
-Բուրդի հիւսուածքի հետեւեցան 5 մասնակիցներ, դասաւանդութեամբ Տիկ. Մակի Սուլուքճեանի:
-Ուլունքի դասընթացքին հետեւեցան 2 մասնակիցներ, դասաւանդութեամբ օր. Ֆլորա Կիրակոսեանի:
Աւելցնենք, որ ձեռարուեստի յանձնախումբը նման դասընթացքներու շարք մը պիտի սկսի նաեւ 16 Հոկտեմբեր 2013-ին:
ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան
Դաստիարակչական յանձնախումբ