kantsasar.com – Ինչպիսի՞ բերկրանք, ինչպիսի՞ հոգեկան գոհունակութիւն…
Արդէն վերաբացուած է Հալէպի հնագոյն դպրոցներէն մին` Զաւարեան Վարժարանը, որուն երբեմնի տնօրէններէն էր իմ լաւ բարեկամ` պրն. Յովհաննէս Մուշեղեանը:
Դեռ քանի մը տարի առաջ դըպրոցի բակին մէջ, թէեւ ուշացումով, կը զետեղուէր դաշնակցութեան խիղճը հանդիսացող Սիմոն Զաւարեանի կիսանդրին…:
Ուրեմն` տակաւին կը տոկայ վարժարանը, այսինքն` հալէպահայութիւնը:
Եւ, արդէն կրկին պիտի լսենք հայ աշակերտներուն աղմկոտ ձայները, որոնք կրկին վերադառնալով, իրենց սիրելի վարժարանը, կրկին կը կրկնեն իրենց պաշտելի Ա.Բ.Գ.-ը, հայերէնի դասերը, ազգային երգերն ու պարերը…:
Այսօր, Հալէպահայութեան այս տագնապալի օրերուն, իրենք մեծ հերոսութիւն եւ գերմարդկային ճիգեր կը պահանջեն դպրոցները հաստատուն պահելու համար:
Ուրեմն` ինչպիսի զոհողութիւն, կամք երկաթեայ եւ աւիւն է անհրաժեշտ զայն իրագործելու համար:
Այո՛, մենք կ՛իրագործենք, «Հայ Դպրոցի Տարի» կարգախօսը, որ յայտարարած է Անթիլիասի Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ` ի փառս մեր ժողովուրդի գոյատեւման, մշակոյթին եւ երազներու իրականացման ճամբուն վրայ:
Յաւերժ փառք ու պատիւ այդ ծրագիրը իրականացնողներուն եւ առաջին հերթին` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, որ իր գիշերը ցերեկին խառնելով եւ աննախադէպ նուիրումով, ինչպէս նաեւ իր շուրջը ունենալով շատ գիտակից ու ազգային բարձր գիտակցութեամբ օժտուած հայրենասէրներու փաղանգ մը, կը ջանայ կանգուն պահել հայ մշակոյթի բոլոր օճախները ոչ միայն Հալէպի, այլեւ համայն Սուրիոյ տարածքին:
«Հայ պահողը հայ դպրոցն է» նշանաբանով, ան անխոնջ կերպով կ՛աշխատի, կը տագնապի, թերեւս ալ երբեմն կ՛ընկրկի, բայց սրբազանը չի վհատիր երբեք:
Ան սիրով ստանձնած է ժողովուրդին հօտը առաջնորդելու իր պարտականութիւնը եւ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի պայծառ ապագան:
Կը հաւատանք նաեւ, որ մեզ պատած ցաւը կ՛անհետանայ շուտով, մեր բազմաթիւ տագնապները կը փարատին, այս ծանր ճգնաժամը անպայման կը յաղթահարենք եւ ինչպէս առաջ էր, մեր բոլոր հայրենակիցները կը սկսին իրենց բնականոն գործերուն, կը վերագտնեն իրենց հոգեկան անդորրը, կրկին ուրախութեան աղաղակներ կը լսենք, կըրկին դասախօսութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ կ՛ունենանք:
Կրկին կը գործեն մեր բոլոր եկեղեցիները, որոնց զանգակներուն ղօղանջին կարօտն ենք, կը փափաքինք լսել մեր հոգեպարար շարականներն ու աղօթքները առ բարձրեալն Տէր Աստուած:
Կը փափաքինք նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ յաւելեալ թափով տեսնել պսակադրութիւնը նոր զոյգերու, որպէսզի առողջ ու բարոյալից ընտանիքներ ունենան, աճեցնելով, լաւ, իտակից եւ հայրենասէր հայեր:
Կ՛ուզենք կրկին երթալ լքեալ Ս. Յակոբ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ այցելել մեր հարազատներուն գերեզմանները, որոնցմէ ոմանք թաղուած են ազգային գերեզմանատան մէջ, մինչ ուրիշ բացօթեայ, ամայի դաշտերու մէջ:
Կը հաւատանք, որ Սփիւռքի կորիզը համարուող Հալէպ քաղաքը վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնը եւ իր արժանի դերը կատարէ ազգապահպանման սուրբ գործին մէջ:
Այժմ Հալէպը արիւն կը ծորայ, բայց չէ որ մենք կը սպասենք վարդահեղեղ առաւօտին:
Ուրեմն` չյուսահատինք երբեք:
Մենք կը պահենք Երազային Հալէպը:
Շանթ Կիրակոսեան