yerakouyn.com – Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր իրավիճակին պատճառով՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջնորդութեամբ հնարաւորութիւն ստեղծուած էր սուրիահայ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար մկրտութեան թուղթ կամ ծննդեան վկայագիր չունին, որ նշեալ փաստաթուղթերուն փոխարինէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տուած հաստատագիրը, բայց Յունուար 2013-էն սկսեալ այդ հնարաւորութիւնը վերացաւ եւ անոր փոխարինեց այլ հնարաւորութիւն մը. այդ հարցով սուրիահայերը պէտք է դիմեն Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւն (ԱԳՆ), որ կապուելէ ետք Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն կամ հիւպատոսարան՝ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին կը տրամադրէ մկրտութեան թուղթին փոխարինող հաստատագիրը։

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին տեղեկացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանը: