yerakouyn.com – Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն կը տեղեկացնենք, որ Երեւանի պետական մանկապարտէզները անվճար գործելէն ետք, դիմորդներուն թիւը շատ մեծ է, ուստի այնտեղ ընդունուելու համար պէտք էր շուտ դիմէին ապրած թաղամասերուն մօտ գտնուող պետական մանկապարտէզներ, սակայն նկատի առնելով սուրիահայերու դժուարին իրավիճակը, ուշացած ծնողները, որոնք դիմած ու մերժուած են տուեալ մանկապարտէզէն, պէտք է դիմեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, որուն միջնորդութեամբ իրենց զաւակը հնարաւորութիւն կ’ունենայ այնտեղ ընդունուելու։