asbarez.com – ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԽՎ) մօտ Ատրպէյճանի պատգամաւորական խումբի նախագահ Պահար Մուրատովա Երեքշաբթի, Օգոստոս 27ին յայտարարեց, թէ իր պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿի ԽՎի յաջորդ նիստին ընթացքին օրակարգի նիւթ պիտի դարձնէ սուրիահայերը Արցախ հաստատելու աշխատանքները՝ Արցախը որակելով «ատրպէյճանական բռնագրաւեալ տարածքներ»:

Մուրատովա, որ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահն է, աւելցուց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ այս կապակցութեամբ բողոքագիր մը յղած է ՄԱԿին՝ գաղթականներու նման տեղափոխում մը «ապօրինի» նկատելով: Ան կրկնեց, թէ Հայաստան պէտք է վերջ դնէ սուրիահայերը Արցախ հաստատելու աշխատանքին:

27/08/2013