asbarez.com – ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– 21 Օգոստոսին Աշտարակի քաղաքապետ Արմէն Անտոնեանը ընդունեց «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր մարմինի անդամները՝ նախագահ Լենա Հալաջեանի գլխաւորութեամբ:

Լենա Հալաջեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, համայնքի աւագանիին եւ Աշտարակ համայնքի բնակիչներուն՝ մարդասիրական վերաբերմունքի, ջերմ ընդունելութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ձեւաւորման համար: Ան նշեց, որ սուրիահայերը՝ բնակելով «Նոր Հալէպ» թաղամասին մէջ, պիտի դառնան համայնքի անբաժանելի մասնիկն ու աշտարակցիներուն հետ պիտի կիսեն անոնց առօրեան:

«Նոր Հալէպ» թաղամաս ստեղծելու նպատակով Աշտարակ համայնքի աւագանիին կողմէ նուիրուած հողի փաստաթուղթը վաւերացուեցաւ Աշտարակի նոտարական գրասենեակին մէջ՝ դառնալով «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան սեփականութիւնը:

21/08/2013