yerakouyn.com – Հալէպի մէջ մահտացած է բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական, Ալեքսան Իսկէնտէրեան, բազմավաստակ դաստիարակ, օրինակելի ուսուցիչ եւ բարձր արժանիքներով օժտուած խմբապետ, մէկ խօսքով տիպար միութենականի եւ հայու օրինակ մը, որ իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին դաստիարակած ու պատրաստած է հարիւրաւոր խմբապետներ եւ այսօրուան սերունդի ղեկավարները, բոլորս երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք իր անմահ յիշատակին, այս վկայութիւնը կհանգուցեալի մասին կու տայ Վիգէն Գապաքեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծառայութեան Շքանշանակիր Ալեքսան Իսկենտէրեանի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 22 / 8 / 2013-ին Կէսօրէ ետք ժամը 2,00ին Ս. Աստուածածին եկեղացւոյ մէջ։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներուն ընկերներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի մեծ ընտանիքին։