Հովանաւորութեամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ` Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի մանուկներուն հոգեւոր, կրօնական եւ բարոյական գիտելիքներ փոխանցելու նպատակաւ, ի գործ դրուեցաւ երկու ամսուան տեւողութեամբ ամփոփ ծրագիր մը: Հանդիպումները սկիզբ առին 2 Յուլիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00, Սիւլէյմանիէ շըրջանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոնէն ներս:
Մանուկները բաժնուեցան երկու խումբերու. առաջին խըմբակը ընդգրկեց` չորրորդ կարգէն-վեցերորդ կարգի աշակերտները, որոնք կը յաճախեն Երեքշաբթի օրերը, իսկ Չորեքշաբթի օրուան խմբակը` առաջինէն-երրորդ: Անոնք առաջին օրէն իսկ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ հետեւեցան իրենց համար պատրաստուած ծրագրին:
Մէկ ամսուան հանդիպումներէն ետք, 30- 31 Յուլիս 2013-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց կեդրոնը: Երկու օրերու ընթացքին, մանուկները մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափողջոյններով դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը: Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան աշակերտներուն եւ ներկաներուն կողմէ, Սրբազան Հօր բարի գալուստ մաղթեց եւ աջահամբոյր կատարեց: Այնուհետեւ, աշակերտները յայտագրին հետ մէկտեղ ներկայացուցին իրենց սորված շարականները, աղօթքները եւ հոգեւոր երգերը, որոնցմէ կարելի է յիշել «Ողջոյն քեզ կեանք, Նայեաց Սիրով», «Բարեկամ մանկանց» հոգեւոր երգերը եւ «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի» ու «Մարմին Տէրունական» շարականները: Մանուկներուն անմեղ շրթներէն լսուեցան նաեւ «Ով Մեծ Աստուած», «Պահապան ամենայնի» եւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքները:
Ներկայացուեցաւ նաեւ բարոյալից պատմութիւն մը, որուն վերնագիրն էր «Մեծ է զօրութիւնը Քրիստոսի», ներկայացուց երէցկին Սեդա Զերենցեանը:
Սրբազան Հայրը Երեքշաբթի օրուան օրհնաբեր այցելութեան աւարտին, հայրական յորդորներ փոխանցեց ներկաներուն, հոգեւոր խորհրդածութեան նիւթը առնելով Պօղոս առաքեալի յղած Տիմոթէոսի երկրորդ նամակի 3-րդ գլխու 15-րդ համարէն, անդրադարձաւ թէ մանուկ հասակէն Սուրբ Գիրքը գիտնալը յատուկ զօրութիւն ունի մանուկին միտքը իմաստութեամբ բանալու, որպէսզի Քրիստոս Յիսուսն հաւատայ ու փրկուի:
Իսկ Չորեքշաբթի օրուան այցելութեամբ, Սրբազան Հայրը մանուկներուն բացատրեց հրեշտակներուն եւ բարի հովիւին առաքելութեան մասին: Ներկաները միասնաբար երգեցին «Տէր Ողորմիա»ն, խաղաղութիւն խնդրելով աշխարհին եւ յատկապէս Սուրիական հայրենիքին: Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ Եկմալեան երգեցողութեամբ «Տէրունական Աղօթք»ով վերջ գտան հանդիպումները:
Իւրաքանչիւր հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Երեքշաբթի օրուան հիւրասիրութիւնը աշակերտներէն` Յակոբ եւ Շանթ Տէօքմէճեաններուն կողմէ, իսկ Չորեքշաբթի` Օրդ. Մարինա Հայրապետեանին կողմէ:
Յիշենք թէ, սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 29: Արդարեւ, մեր փափաքն է, որ ծնողները քաջալեր հանդիսանան իրենց զաւակներուն` սոյն ծրագրին հետեւելու եւ հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւն ստանալու համար:
Ալին Հայրապետեան