kantsasar.com – Եր­կիրս Սուր­իա: Հա­մե­րաշխ մթ­նո­լոր­տի մէջ ապ­րե­լու, խա­ղաղ պայ­ման­նե­րուն բա­րիք­նե­րը վա­յե­լե­լու, կեան­քին նկատ­մամբ լա­ւա­տես ըլ­լա­լու եւ ապա­հով վի­ճա­կի մէջ գա­լի­քին նա­յե­լու հա­մար որե­ւէ ճիգ չէ­ինք թա­փեր, առօր­եա­յիդ հետ սեր­տօ­րէն կապ­ուած բնա­կան երե­ւոյթ էր այս բո­լո­րը: Բա­ցած էիր մշա­կու­թա­յին ցու­ցա­փեղկդ, որ­պէս­զի հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուդ ակա­նա­տես դառ­նան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը անխ­տիր: Վկա­յա­րան էիր, որ­մէ ի յայտ կու գար հե­րո­սա­կան պատ­մու­թեանդ անջն­ջե­լի հետ­քե­րը: Խօ­սուն էիր քու տե­սար­ժան վայ­րե­րովդ, հնա­դար­եան վան­քե­րովդ, գե­ղա­կերտ բեր­դե­րովդ, բեր­քա­ռատ հունձ­քե­րովդ, նր­բե­րանգ շու­կա­նե­րովդ, երկ­նա­ձիգ մըզ­կիթ­նե­րովդ եւ սր­բա­բոյր եկե­ղե­ցի­նե­րովդ…

Ջեր­մե­ռան­դօ­րէն կը հիւ­րըն­կա­լէ­իր, սի­րոյդ հմայ­քով կը դի­մա­ւո­րէ­իր, ապ­րե­լու ար­ուես­տը կը սոր­վեց­նէ­իր: Զա­ւակ­ներդ քու հո­վանի­իդ ներ­քեւ կը գտ­նէ­ին հայ­րե­նա­կեր­տու­մի գաղտ­նի­քը: Երա­զա­յին հեք­ի­աթ չէ­իր, ո՛չ ալ երե­ւա­կա­յա­ծին առաս­պել, այլ` պա­րարտ ա՛յն են­թա­հողն էիր, որուն մէջ սեր­ման­ուե­ցան խա­ղա­ղու­թեան հուն­տե­րը, որոնք աճե­ցան` դառ­նա­լով քաղց­րա­համ պտուղ­նե­րը բա­րօ­րու­թեան, բար­գա­ւաճ­ման, բա­րե­համ­բաւ սխ­րանք­նե­րուն եւ պատ­ուա­բեր իրա­գոր­ծում­նե­րուն…
Մռայլ օրե­րուն «ոչ» ըսած էիր, դա­ւա­դիր­նե­րուն մղած պա­տե­րազմ­նե­րէն` անդրդ­ուե­լի մնա­ցած էիր, խռո­վա­րար հո­սանք­նե­րուն դէմ անն­ուաճ եղած էիր, մա­հա­բեր խո­չըն­դոտ­նե­րը վա­նած էիր: Հո­ղիդ ու­ժա­կա­նու­թիւնը ներշն­չա­րանն էր զա­ւակ­նե­րուդ, փառ­քիդ փայլ­քը պար­ծանքն էր բո­լոր սե­րունդ­նե­րուդ: Հո­գե­հա­րա­զատ օրի­նակն էիր ներ­դաշ­նա­կու­թեան: Բազ­մա­տարր մար­դիկ զի­րար կ՛ամ­բող­ջաց­նէ­ին սի­րոյդ շա­ղա­խով: Ես-ի փո­խա­րէն «Մենք»ը նա­խընտ­րող եւ նա­խա­պա­տիւ հա­մա­րող եր­կիր էիր, այս մա­սին նոյ­նիսկ այ­ցե­լու օտա­րա­կան­ներ կը վկա­յէ­ին:

Այ­լա­մեր­ժու­թիւնը խս­տիւ կը դա­տա­պար­տէ­իր, ծայ­րա­յե­ղու­թիւնը հիմ­նո­վին կը մեր­ժէ­իր, քայ­քա­յու­մի մի­տող հնարք­նե­րը ան­մարդ­կա­յին կը սե­պէ­իր, ան­կողմ­նա­կալ կեց­ուած­քովդ ար­դա­րու­թեան պաշտ­պա­նը կը հան­դի­սա­նա­յիր: Ապա­հո­վու­թիւնը սոսկ վի­ճակ մը չէր, այլ` գլ­խա­ւոր դե­րա­կա­տարն էր յաղ­թա­կան եր­թիդ… այդ­պէս էիր:

Հի­մա, երբ կը նա­յիմ արիւ­նոտ պատ­կե­րիդ` կ՛ափ­սո­սամ: Երբ կը փոր­ձեմ իրա­դար­ձու­թիւն­ներդ ի մտի ու­նե­նալ` դառ­նա­ճա­շակ տրտ­մու­թեան ահա­ւո­րու­թիւնը կը զգամ: Երբ կը մտադ­րեմ հո­ղա­տա­րած­քիդ վրայ գտ­նուող հնա­դար­եան կա­ռոյց­նե­րուդ մա­սին տե­ղե­կու­թիւն քա­ղել` պահ մը մօ­տէն կը տես­նեմ հրէ­շա­յին բռ­նա­րարք­նե­րուն եւ անխ­նայ հար­ուած­նե­րուն կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­նե­րը:

Պա­տե­րազ­մա­կան կա­ցու­թիւնը մահ­ուան ան­կոչ հիւ­րի հան­գա­մանք կու տայ, չակըվվն­կալ­ուած պա­տու­հաս­ներ կամ չնա­խա­տես­ուած վնաս­ներ կը շր­ջա­պա­տեն սուր­ի­ա­ցի քա­ղա­քա­ցին: Այդ «ան­կոչ հիւ­րը» օր մը արդ­եօք որո՞ւ դու­ռը պի­տի թա­կէ: Յո­ռե­տե­սա­կան մօ­տե­ցում ըլ­լա­լէ աւե­լի իրա­պաշտ մտա­ծում կա­րե­լի է նկա­տել այս հար­ցադ­րու­մը, այն­քան ատեն որ կրա­կոց­նե­րուն ձայ­նը, հրա­ցա­նաձ­գու­թեան տա­րա­փը, բա­խում­նե­րուն ար­ձա­գան­գը դար­ձած են յա­ճա­խակի­օ­րէն կրկ­նուող կամ որոշ վայ­րե­րու մէջ շա­րու­նա­կուող վի­ճակ:

Միւս կող­մէ սա­կայն մե­ռե­լին յա­րու­թիւն առ­նե­լու հրաշ­քին հա­մա­զօր է ստոյգ վտանգ­նե­րէն ձեր­բա­զա­տի­լը եւ մա­հա­ցու փոր­ձան­քէն անվ­նաս մնա­լը: Այո՛, աստ­ուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թեան այս տնօ­րին­ման շնոր­հիւ կ՛ապ­րինք, յոյ­սի նշոյլ­նե­րու փնտռ­տու­քով կ՛ըն­թա­նանք, Տի­րոջ բա­րե­սէր մի­ջամ­տու­թիւնը կը սպա­սենք, Աւագ Ուր­բաթ­նե­րէն ետք Յա­րու­թեան աւե­տա­ձայն օրը տես­նե­լու ակն­կա­լի­քով կը տո­կանք… կը յու­սանք ամ­պա­մած հո­րի­զո­նի ետին ար­դա­րու­թեան լու­սա­ծա­գին, ող­բա­ձայն կո­րուստ­նե­րու դա­դա­րին, սար­սա­փազ­դու մահ­ուան սպառ­նա­լիք­նե­րու վեր­ջին, չա­րա­միտ եւ թա­քուն լա­րա­խա­ղա­ցու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մին…:

Գող­գո­թաց­եալ եր­կիրս: Բազ­մա­չար­չար տա­ռա­պան­քի արիւ­նոտ ճա­նա­պար­հէդ ան­ցան ան­մեղ զո­հեր եւ կա­մա­ւոր­ներ… տա­կա­ւին բա­զում ան­ձիք կը շա­րու­նա­կեն յանձն առ­նել պէս-պէս նե­ղու­թիւն­ներ: Այո՛, ծով համ­բե­րու­թեամբ սի­րա­սուն զա­ւակ­ներդ կը դի­մա­նան քա­նի կը հա­ւա­տանք, որ խո­րազ­գաց ցա­ւերդ պի­տի փա­րա­տին:

Խո­րէն Քհնյ. Պէր­թիզլ­եան