yerakouyn.com – Հայրենադարձ սուրիահայ Սարգիս Յովակիմեան, որ Յուլիսին բարձրացաւ Արարատի գագաթը, կը պատմէ,- «Սկսայ բարձրանալ Արարատ լեռ, առանց նախօրօք մարզուելու, առանց լեռներ բարձրանալու փորձառութեան: Աւելին, յոգնած էի եւ գլխապտոյտ ունէի, որովհետեւ հարբուխէի ու ճաշէ մը թունաւորած:
Չերկարելով ըսեմ, որ ըրածս կարծես անձնասպանութեան փորձ ըլլար: Պահ մը մտածեցի 1.5 միլիոն նահատակներուն մասին, որոնք մահը նախընտրեցին ու պայքարեցան իրենց ինքնութեան համար: Այդ մէկը ինծի ուժ տուաւ Արարատ մագլցելու՝ ամբողջ ընթացքին հետս տանելով ԵՌԱԳՈՅՆ դրօշը: Գագաթին տանող իւրաքանչիւր քայլ աւելի ուժ կու տար ինծի: 200մ մնացած էր գագաթին, ուր քալելն անգամ ահաւոր դժուար է, կարծես Աստուածային ուժ ստացած, ու 15քկ ուսապարկովս՝ նկատեցի որ կը վազեմ:
Եւ հասայ գագաթին… Իւրաքան մարդ, որ ծանօթ է Հայոց Պատմութեան, պիտի չկարենայ զսպել իր արցունքախառն յուզմունքը, այն, որ ես զգացի, երբ Պատմական Հայաստանը դիտեցի Սուրբ Արարատի գագաթէն:
Ի յիշատակ 1.5 միլիոն նահատակներուն, Հայոց ԵՌԱԳՈՅՆը բարձրացուցի այնքան բարձր, որքան հնարաւոր էր: Գագաթ հասած երկու այլ խումբ եւս պարզած էին իրենց դրօշը, որ, սակայն խոնարհեցուցին, երբ ես բարձրացուցի Հայկական դրօշը: Խումբէն մէկը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ,- «Ես իրանցի եմ, գիտեմ, որ այս լեռը հայերուն կը պատկանի… Յարգանք հայերուն»:
Նկարը ցոյց կու տայ Հայոց ԵՌԱԳՈՅՆը՝ Արարատի գագաթին, ուր չկան օտար դշօշներ: Անկեղծ ըսեմ, կը մաղթեմ, որ իւրաքանչիւր մարդ հնարաւորութիւն ունենայ ապրելու այն հրաշալի զգացումը, որ ես ունեցայ: